Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին հարցով սուրիական իշխանութիւնները անկեղծ եւ արագ աշխատանք կը կատարեն:
Իպրահիմ հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ սուրիական Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը դատական խնդիրներ կամ օրինազանցութիւններ ունեցող տեղահանուածները կը ձերբակալեն անոնց տունդարձէն ետք: Ան հաստատեց, որ սուրիական ապահովութեան ուժերը նախապէս կ՛իմացնեն Լիբանանի Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը խնդրոյ առարկայ անհատներուն մասին` անոնցմէ պահանջելով, որ երբ նշեալ տեղահանուածները Սուրիա վերադառնան, ըստ այնմ լուծեն իրենց հարցերը:
«Սուրիա իր ապահովական եւ գումակային բոլոր կարելիութիւնները տրամադրած է լիբանանեան-ռուսական միացեալ յանձնախումբին, եւ կը սպասէ անոր աշխատանքին մեկնարկին», ըսաւ Իպրահիմ:
Նշենք, որ «Ժումհուրիա» օրաթերթին համաձայն, Ապպաս Իպրահիմ նախանցեալ օր այցելած է Դամասկոս, ուր հանդիպումներ ունեցած է սուրիացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ եւ քննարկած Լիբանանի հետ կապուած հարցեր, յատկապէս` սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին վերաբերող:
Միւս կողմէ, Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ կիրակի, 9 սեպտեմբեր 2018-ին, առաւօտեան ժամը 6:00-էն սկսեալ սուրիացի տեղահանուածներ Աքքարէն, Մասնաայէն, Արսալի Հմայտ հովիտէն տունդարձ պիտի կատարեն կամովին: