Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ Պնաշյիի մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլը` ընկերակցութեամբ կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի անդամներ Սերժ Տաղերի եւ Շատի Մաարպեսի, ինչպէս նաեւ արտաքին քաղաքական յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Ֆուատ Ապու Նատերի:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ նախկին նախարարներ Եուսեֆ Սաատէ եւ Ռոնի Արայժի:
Քննարկուեցան երկիրը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:
Հանդիպումին ընթացքին Ժեմայէլ եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը ցաւակցութիւն յայտնեցին Ֆրենժիէին` անոր հօրեղբօր` Ռոպեր Ֆրենժիէի մահուան առիթով: