Առեւանգեալ Զինուորականներու Հարցը Կ՛ընթանայ Դրական Ուղղութեամբ
Հազարապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուս ՏԱՀԵՇ-ի կաղանդչէքէն ետք, Ժապհաթ Նուսրա եւս ձեռնարկեց նման քայլի եւ կապի մէջ մտնելով իր մօտ գերեվարուած զինուորականներէն մէկուն հօր` Համզէ Հմմոսի հետ, զինք եւ ընտանեկան պարագաները հրաւիրեց այցելելու իրենց առեւանգեալ զաւկին: Ըստ Համզէի յայտարարութեան, ան նախ վերապահութեամբ եւ կասկածով ընդունած է նման լուր, սակայն աւելի ուշ իր զաւկին կողմէ ձայնագրութիւն մը լսելով նոյն իմաստով` որոշած է երթալ:...




