Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին հաստատեց, թէ երկրին գերագոյն շահերը ապահովելու եւ կառավարութիւն կազմելու համար բոլորէն զիջում կը պահանջուի` աւելցնելով, որ պէտք չէ միայն այս կամ այն քաղաքական ուժին շահերուն մասին մտածել:
Պըրրի նշեց, որ Լիբանան այսօր յատուկ խնամքի սենեակին մէջ կը գտնուի եւ կը դիմագրաւէ տնտեսական վտանգաւոր կացութիւն մը, որ կարելի չէ անտեսել, «նաեւ պէտք է քաջ գիտնալ, որ Լիբանան Թուրքիա կամ Իրան չէ», ըսաւ Պըրրի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող «Քարիշ» նաւթի հանքին դէմ իսրայէլեան ոտնձգութիւններուն հաւանականութիւնը` նկատի ունենալով, որ Իսրայէլ համաձայնագիր ստորագրած է նաւթի պեղման յունական ընկերութեան մը հետ` յառաջիկայ մարտ 2019-ին աշխատանքը սկսելու առումով:
Պըրրի հաստատեց, որ լիբանանեան պետութենէն պահանջուած է արգիլել Լիբանանի դէմ գործուած ոտնձգութիւնը եւ պաշտպանել իր բնական հարստութիւնը, ազգային գերիշխանութիւնը եւ ծովային ու ցամաքային սահմանները:
Երեսփոխանական հանդիպումէն ետք, Պըրրի նախագահեց Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի նիստին, որմէ ետք երեսփոխան Անուար Խալիլ յայտնեց, որ նիստին ընթացքին պլոքը դարձեալ քննարկեց այն վտանգաւոր տեղեկագիրները, որոնց հիման վրայ Իսրայէլը Լիբանանի նաւթի հարստութենէն կը փորձէ օգտուիլ` կոչ ուղղելով լիբանանեան պետութեան արագ քայլեր որդեգրելու եւ արգիլելու լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործուած իսրայէլեան այդ ոտնձգութիւնը:
Պլոքը անհրաժեշտ նկատեց Լիբանանի կառավարութեան անյապաղ կազմութիւնը, ինչպէս նաեւ քննարկեց վերամուտի սեմին երկրին ընկերային մարզը յուզող շարք մը հարցեր:



