Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Անորոշութեան Մատնուած Է

September 6, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ վարչապետին ներկայացուցած կառավարութեան կազմը արդար էր եւ քաղաքական բոլոր ուժերուն կողմէ զիջումներու հիման վրայ կազմուած էր:

Նոյն աղբիւրները նշեցին, որ Հարիրի կը սպասէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ հանդիպումի մը` իմանալու համար անոր դիտողութիւնները:

Միւս կողմէ, Պաապտայի մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ նախագահ Աուն վարչապետ Հարիրիի հետ հանդիպումին ընթացքին նշած է դիտողութիւնները, որոնց իբրեւ պատասխան Հարիրի շեշտած է, թէ ինք պիտի շարունակէ իր խորհրդակցութիւնները եւ դարձեալ հանդիպի հանրապետութեան նախագահին հետ:

Իւրաքանչիւր աղբիւրի կողմէ կատարուած յայտարարութիւն` կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթի յաջողութեան գաղափարը անկարելի կը դարձնէ, նուազագոյնը ներկայ փուլին, որուն ընթացքին Լիբանանի եւ լիբանանցիին դիմագրաւած ջուրի, ելեկտրականութեան եւ աղբի տագնապները կը շարունակուին նոյն թափով, իսկ տնտեսական ու ընկերային տագնապները հետզհետէ աւելի եւս կը սաստկանան:

Նախագահ Աունի Այցելուները

Նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Վըրճինիա նահանգի ներկայացուցիչ ծերակուտական Ռիչըրտ Պլեքը, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս սուրիացի տեղահանուածներուն հարցը, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ գործադրուած ամերիկեան քաղաքականութիւնը:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանանի պաշտօնական կեցուածքն է դիւրացնել սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը` դէպի Սուրիոյ ապահով վայրերը եւ այդ տունդարձը Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծման հետ չկապել, «մանաւանդ երբ տեղահանուածներուն մեծ տոկոսը կը փափաքի վերադառնալ հայրենիք», ըսաւ նախագահ Աուն:

Նախագահ Աուն անդրադարձաւ Լիբանանի վրայ սուրիացի տեղահանուածներուն գոյութեան ունեցած հետեւանքներուն` նկատել տալով, որ ռուսական նախաձեռնութիւնը առիթ էր կազմակերպելու այդ տունդարձը, իսկ միջազգային ընտանիքէն կ՛ակնկալուի օժանդակել եւ դիւրացնել տեղահանուածներուն ապահով վերադարձը Սուրիա:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն ընդունեց գերազանց ուսանողներու պատուիրակութիւն մը, որուն ներկայութեան շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը ճիգ չի խնայեր բոլորին համար աշխատանք ապահովելու:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ:

Նախորդը

Յ. Բագրատունի Ընդունեց Լիբանանեան Համալսարանի Բարեկամներու Միութեան Նախագահը

Յաջորդը

Քոնկրեսի Հայկական Համախմբումը Կոչ Կ՛ուղղէ` Արցախը Բանակցութեանց Մասնակից Դարձնելու

RelatedPosts

Մըրքոս. «Բանակը Աշխատանք Պիտի Տանի  Լիթանի Գետէն Հիւսիս Զինաթափումի Ծրագիրի  Պատրաստութեան Վրայ Եւ Զայն Փետրուարին  Ներկայացնէ Կառավարութեան»
Լիբանանեան

Մըրքոս. «Բանակը Աշխատանք Պիտի Տանի Լիթանի Գետէն Հիւսիս Զինաթափումի Ծրագիրի Պատրաստութեան Վրայ Եւ Զայն Փետրուարին Ներկայացնէ Կառավարութեան»

January 9, 2026
Նեթանիահու. «Լիբանանեան Կառավարութեան  Եւ Բանակին Ջանքերը Բաւարար Չեն»
Լիբանանեան

Նեթանիահու. «Լիբանանեան Կառավարութեան Եւ Բանակին Ջանքերը Բաւարար Չեն»

January 9, 2026
Լիբանանեան Բանակը Ձերբակալեց Թրիփոլիի  Տօնածառը Հրկիզելու Դէպքին Մեղսակիցները
Լիբանանեան

Բանակը Զէնքի Մենաշնորհման Ծրագիրի Առաջին Փուլի Նպատակներու Իրագործումը Յայտարարեց

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.