Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթին Մասին Յայտարարութիւնները Կը Թէժանան. Արդեօք Անիկա Զերօ Կէտի՞ Վերադարձաւ
Վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ նախանցեալ օր հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ներկայացուած նախարարական կազմը, կառավարութեան կազմութեան ճիգերուն վերջ տալու փոխարէն, այդ հոլովոյթին մասին յայտարարութիւնները թէժացուց այն աստիճան, որ կարելի է հարց տալ. «Արդեօք կառավարութեան հոլովոյթին մասին բանակցութիւնները զերօ կէտի՞ վերադարձան»: Նախագահ Աունի դիտողութիւններով սկսած կազմին մասին մեկնաբանութիւնները հետզհետէ շատցան, մէկ կողմէ հասնելով «սփոփանքի կառավարութիւն» եզրին` Հզօր Լիբանան համախմբումին անուանումով, իսկ...



















