Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Սեպտեմբեր 6, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Փերնիլ Քարտելը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Միւս կողմէ, Տար Ֆաթուա պաշտօնապէս յայտարարեց, որ Իսլամական Նոր տարին կը զուգադիպի երեքշաբթի, 11 սեպտեմբեր 2018-ին. այս առիթով միւֆթի Տըրիան երկուշաբթի, 10 սեպտեմբեր 2018-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին պիտի ուղղէ իր պատգամը:

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի շեշտեց, որ կարելի եղածին չափ դիւրացուցած են ամէն բան` պետական հաստատութիւններու աշխատանքին աշխուժութիւնը վերահաստատելու նպատակով:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի հաստատեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ ներկայացուած կառավարութեան կազմը լիբանանցիներուն կամքը կեղծելու, ինչպէս նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքները ջրելու փորձ մըն է: Ան հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն պիտի մերժէ վաւերացնել երեսփոխանական ընտրութիւններուն իսկական արդիւնքը չդրսեւորող կառավարութեան կազմը:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընդմէջէն փափաքեցաւ ցաւակցութիւն յայտնել Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէին, անոր հօրեղբօր` Ռոպեր Ֆրենժիէի մահուան սուգին առիթով, սակայն Ֆրենժիէ մերժեց պատասխանել Պասիլին:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 100 լ. ոսկիով, իսկ մազութինը` 200 լ. ոսկիով:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի շեշտեց, որ Թաէֆի համաձայնագիրին վրայ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի թափած կոկորդիլոսի արցունքները զայն պիտի չփրկեն:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի յայտնեց, որ հանրապետութեան նախկին նախագահ Պշարա Խուրիի իշխանութենէն ետք, Լիբանանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով է, որ տնտեսական ծրագիր կը մշակուի:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էլիաս Ապու Սաապ, իր խօսքը ուղղելով նախկին վարչապետներ Նեժիպ Միքաթիին, Ֆուատ Սինիորային եւ Թամմամ Սալամին, նշեց, որ կարդացած է իրենց հաղորդագրութիւնը եւ համաձայն է, որ անոնք յանձնառութիւն ցուցաբերեն վարչապետին իրաւասութիւններուն նկատմամբ` միաժամանակ մաղթելով, որ անոնք նոյնքան յանձնառու ըլլան հանրապետութեան նախագահին իրաւասութիւններուն:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան շեշտեց, որ կազմուելիք կառավարութեան մէջ տիւրզի համայնքի ներկայացուցչութիւնը միայն քաղաքական մէկ ուժով ներկայացնելը կտրականապէս մերժելի է:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ֆատի Ալամէ հաստատեց, որ եթէ անյապաղ նոր կառավարութիւն չկազմուի եւ Լիբանանի ելեւմտական կացութիւնը իր այս կացութեամբ շարունակէ, ապա Լիբանանը պիտի դադրի գոյութիւն ունենալէ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ հաստատեց, որ կարելի չէ խօսիլ բարեկարգումի մասին` առանց անցեալին վերաբերեալ հաշուետուութիւն պահանջելու:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր հանդիպում մը ունեցաւ բրիտանական պատուիրակութեան մը հետ: Քննարկուեցան տեղական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի վրայ Սուրիոյ տագնապին ունեցած հետեւանքները:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Մարիօ Աուն հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահին եւ վարչապետին իրաւասութիւններուն շուրջ հարցեր չկան, որովհետեւ անոնք յստակ կերպով ճշդուած են երկրին սահմանադրութեամբ:

ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ապտել Ռահիմ Մըրատ ըսաւ. «Ո՛վ որ կը մտածէ, թէ Սուրիոյ հետ պիտի չյարաբերի` չարաչար կը սխալի»:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Թարեք Մերեհպի յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին գծով երկիրը յաւելեալ յապաղում չի կրնար հանդուրժել:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Մոհամետ Նասրալլա հաստատեց, որ ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի ֆինանսաւորումը կասեցնելու մասին Միացեալ Նահանգներու որոշումին նպատակն է Պաղեստինեան դատը ջնջել:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա հանրապետութեան նախագահին համբերութիւն մաղթեց` նկատի ունենալով, որ քաղաքական բոլոր ուժերը կենաց մահու կռիւ կը մղեն կառավարութեան մէջ իրենց բաժինը ստանալու համար:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտ հաստատեց, որ սահմանադրութեան համաձայն, հանրապետութեան նախագահը միայն իրաւունք ունի ստորագրելու նոր կառավարութեան կազմի հրամանագիրը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Կապի Լայեուն հաստատեց, որ ներկայ իշխանութիւնը հզօր է եւ պատրաստ որեւէ տագնապ զօրութեամբ հանդուրժելու:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ ինք կը զօրակցի վարչապետ Սաատ Հարիրիին` վարչապետին սահմանադրական  իրաւասութիւնները պաշտպանելու շրջագիծին մէջ:

ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ընդհանուր համադաշնակցութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը` պահանջելով արագացնել Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը` կանխարգիլելու համար ընկերային տագնապին պայթումը:

ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ Մուսթաքպալ հոսանքի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ վարչապետի պաշտօնէն հրաժարիլը անհաւանական է:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրի իր գրաւը դրած էր հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ առաջադրուելիք մէկ նախաձեռնութեան վրայ, որուն նպատակն էր խզել տիրող սառած իրավիճակը: Նոյն օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմին մէջ Հըզպալլայի նախարարներուն թիւը աւելցնելու գծով ամերիկեան վեթօ գոյութիւն ունի:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով պատասխանատու աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցած կառավարութեան կազմին նկատմամբ ժխտական կեցուածք չէ ցուցաբերած:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ժարիտա» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն գուժեց վարչապետ Սաատ Հարիրիի կազմած նոր կառավարութեան մահը եւ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը վերադարձուց զերօ կէտին:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն չմերժեց վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ ներկայացուած կառավարութեան սկզբնական կազմը, այլ պարզապէս էական դիտողութիւններ կատարեց այդ մասին` զայն կեանքի կոչելու եւ Լիբանանի գերագոյն շահերուն համահունչ դարձնելու առումով: Նոյն օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Տար Ֆաթուայի մօտիկ աղբիւրներէն, գրած է, թէ Տար Ֆաթուա անհրաժեշտ կը նկատէ  զօրակցիլ վարչապետ Սաատ Հարիրիին:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, միջազգային նեղութիւն արձանագրուած է` Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին արձանագրած տեղքայլին պատճառով: Նոյն օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Պաապտայի մօտիկ աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ հանրապետութեան նախագահը կառավարութեան կազմութեան գործակից է, ինչպէս նաեւ կը նախագահէ կառավարութեան նիստերուն:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կատարած դիտողութիւնները մաս կը կազմեն անոր սահմանադրական իրաւասութիւններուն եւ ոչ մէկ ձեւով ոտնձգութիւն կը նկատուին վարչապետ Սաատ Հարիրիի սահմանադրական իրաւասութիւններուն դէմ:

«ԱՆՊԱ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան աղբիւրներ հաստատած են, որ Պաապտա տարուած վարչապետ Սաատ Հարիրիի կազմած կառավարութիւնը կը վայելէր խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի զօրակցութիւնը:

 

 

Նախորդը

ՕԹԱՆ Ինքնազսպումի Կոչ Կ՛ուղղէ. Փոմփէօ. «Կը Բաժնենք Իտլիպի Մէջ Ահաբեկիչներու Ներկայութեան Շուրջ Ռուսիոյ Մտահոգութիւնը Եւ Կը Յուսանք Հարցը Լուծուի Դիւանագիտութեան Ճամբով»

Յաջորդը

Ապպաս Իպրահիմ Լիբանանեան Իրադարձութիւնները Քննարկեց Եգիպտոսի Եւ Իտալիոյ Դեսպաններուն Հետ

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?