Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Կառավարութիւնը Պէտք Էր Երէկ Կազմուէր Եւ Ոչ Թէ Այսօր. Կացութիւնը Յաւելեալ Յապաղում Չի Կրնար Հանդուրժել»

September 7, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Խմբագիրներու սենտիքայի խորհուրդը` գլխաւորութեամբ սենտիքայի նախագահ Էլիաս Աունի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին մէջ տիրող իրադարձութիւնները, որոնց շրջագիծին մէջ Աուն բարձր գնահատեց Պըրրիի ազգային դերակատարութիւնը:

Իր կարգին, Պըրրի շեշտեց, որ Լիբանանի նոր կառավարութիւնը պէտք էր երէկ կազմուէր եւ ոչ թէ այսօր, որովհետեւ տիրող տնտեսական կացութիւնը վտանգաւոր է եւ յաւելեալ յապաղում չի կրնար հանդուրժել:

Պըրրի միաժամանակ ընդգծեց, որ լիբանանեան թղթոսկիին արժէքը կայուն է` հաստատելով, որ կացութիւնը տակաւին այդքան բարդ չէ:

Կառավարութեան կազմութեան մասին կատարուած մեկնաբանութիւններուն եւ հրապարակուած հաղորդագրութիւններուն ակնարկելով` Պըրրի շեշտեց, որ անկասկած սահմանադրութիւնը յստակ է եւ անիկա ճշդած է, թէ կառավարութիւնը համախոհութեամբ կը կազմեն հանրապետութեան նախագահն ու նշանակուած վարչապետը` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութեան մանրամասնութիւններով սովորաբար կը զբաղի նշանակուած վարչապետը:

Պըրրի շեշտեց, որ սահմանադրութիւնը բացատրող միակ մարմինը խորհրդարանն է:

Անդրադառնալով կառավարութեան կազմութեան պարագային երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքները հաշուի առնելու չափանիշին` Պըրրի ըսաւ, որ եթէ այդպէս պիտի գործենք, ապա ես խորհրդարանին մէջ երրորդ մեծագոյն պլոքին նախագահն եմ, սակայն միայն 3 նախարար պահանջած եմ` դիւրացնելու համար կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:

Պըրրի նշեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի իրաւունքն է խորհրդարանին պատգամ փոխանցել: «Խորհրդանշականը այս երկրին մէջ անոր ապահովական կայունութիւնն է, որ շրջանին մէջ լաւագոյնն է, սակայն դժբախտութիւնը հոն է, որ անիկա իր դրական ազդեցութիւնը չի կրնար ունենալ երկրին տնտեսական կացութեան վրայ», ըսաւ Պըրրի:

 

Նախորդը

Ֆրենժիէ Ժեմայէլի Հետ Քննարկեց Երկրին Իրադարձութիւնները

Յաջորդը

Դամասկոսի Մէջ. Լիբանանեան-Սուրիական Խորհրդակցութիւններ` Տնտեսական, Առեւտրական Եւ Զբօսաշրջական Յարաբերութիւնները Զարգացնելու

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.