Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դամասկոսի Մէջ. Լիբանանեան-Սուրիական Խորհրդակցութիւններ` Տնտեսական, Առեւտրական Եւ Զբօսաշրջական Յարաբերութիւնները Զարգացնելու

September 7, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան, երկրագործութեան նախարար Ղազի Զաայթեր, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս եւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ Դամասկոսի մէջ հանդիպումներ ունեցան իրենց սուրիացի պաշտօնակիցներուն հետ` քննարկելով երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը զարգացնելու հեռանկարները:

Այս շրջագիծին մէջ նախարար Կիտանեան հանդիպում մը ունեցաւ իր սուրիացի պաշտօնակիցին` Պաշշար Եազիժիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան զբօսաշրջութեան մարզին մէջ երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդման կարելիութիւնները:

Եազիժի յայտնեց, որ յառաջիկայ տարիներուն ընթացքին Սուրիոյ մէջ զբօսաշրջութիւնը պիտի ըլլայ «աշխատանքային զբօսաշրջութիւն»` նկատի ունենալով սուրիական բանակին ազատագրած շրջանները վերականգնելու եւ վերստին կեանքի կոչելու անհրաժեշտութիւնը:

Եազիժի ընդգծեց երկու երկիրներու զբօսաշրջութեան նախարարութիւններուն միջեւ փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը:

Իր կարգին, նախարար Կիտանեան յայտնեց, որ Դամասկոսի միջազգային ցուցահանդէսին Լիբանանի մասնակցութիւնը առիթ մըն է երկու երկիրներուն միջեւ զբօսաշրջական յարաբերութիւնները վերանորոգելու: Ան աւելցուց, որ Լիբանանի մէջ սուրիացի քաղաքացիներու գոյութիւնը կարեւոր քայլ մըն էր զբօսաշրջութեան մարզին արձանագրած բարգաւաճման մէջ:

Ղարպի Նախարարներ Հաժ Հասանի Եւ Զաայթերի Հետ Քննարկեց
Տնտեսական-Առեւտրական Յարաբերութիւնները

Սուրիոյ ներքին առեւտուրի եւ սպառողներու պաշտպանութեան նախարար Ապտալլա Ղարպի երէկ ընդունեց ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասանը եւ երկրագործութեան նախարար Ղազի Զաայթերը:

Քննարկուեցան տնտեսական-առեւտրական յարաբերութիւնները եւ զանոնք աշխուժացնելու կարելիութիւնները:

Լուսարձակի տակ առնուեցաւ սննդամթերքի, ճարտարարուեստի եւ դեղօրայքի արտադրութիւնները փոխանակելու կարեւորութիւնը` ընդգծելով յառաջիկայ փուլին Սուրիոյ վերաշինութեան մէջ Լիբանանի ունենալիք մասնակցութեան անհրաժեշտութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց, որ հակառակ իր դիմագրաւած դժուար պայմաններուն, Սուրիա նախաձեռնութիւն մը առաջադրած է լիբանանեան տնտեսութեան օժանդակելու` 2010-2018 դիւրացնելով լիբանանեան պանանի ներածումը, ինչպէս նաեւ օժանդակելով տուժած լիբանանցի երկրագործներուն:

Հաժ Հասան հաստատեց, որ Սուրիա այցելութեան իրենց նպատակը Դամասկոսի 60-րդ միջազգային ցուցահանդէսին մասնակցութիւնն է եւ սուրիացի ժողովուրդին ու պետութեան յառաջդիմութեան, բարգաւաճման եւ յաւելեալ յաղթանակներու արձանագրութեան բարեմաղթութիւններ փոխանցելը:

Երկրագործութեան նախարար Ղազի Զաայթեր յայտնեց, որ այս տարի Դամասկոսի միջազգային ցուցահանդէսին Լիբանանի մասնակցութիւնը պաշտօնական է եւ ցուցանիշ` Սուրիոյ հետ իր յարաբերութիւնները ամրապնդելու Լիբանանի յանձնառութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանը եւ արաբական հարցերը պաշտպանելու Սուրիոյ դերակատարութեան արժեւորումին:

Զաայթեր յայտնեց, որ լիբանանեան եւ սուրիական կողմերը կը պատրաստուին սեպտեմբերի աւարտին առեւտուրի մարզին մէջ երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդել:

Իր կարգին, նախարար Ղարպի յոյս յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ տնտեսական յարաբերութիւնները կը վերադառնան իրենց նախկին իրավիճակին:

Նշենք, որ նախարար Ֆընիանոս հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ սուրիացի իր պաշտօնակիցին` Ալի Համմուտի հետ:

Հանդիպումներուն ներկայ գտնուեցաւ Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրի:

 

Նախորդը

Պըրրի. «Կառավարութիւնը Պէտք Էր Երէկ Կազմուէր Եւ Ոչ Թէ Այսօր. Կացութիւնը Յաւելեալ Յապաղում Չի Կրնար Հանդուրժել»

Յաջորդը

Հարիրի Երէկ Ընդունեց Նախարարներ Եւ Ապահովական Կառոյցներու Պետերը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.