Լիբանանեան

«Քոփ 28» Խորհրդաժողով.  «Լիբանան Կը Դիմադրէ Մարդուն Եւ Քարին Դէմ Գործուող Իսրայէլեան Բռնարարքներու,  Որոնք Կլիմայական Լուրջ Հետեւանքներ Ունին»   Շեշտեց Միքաթի

«Քոփ 28» Խորհրդաժողով. «Լիբանան Կը Դիմադրէ Մարդուն Եւ Քարին Դէմ Գործուող Իսրայէլեան Բռնարարքներու, Որոնք Կլիմայական Լուրջ Հետեւանքներ Ունին» Շեշտեց Միքաթի

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի անցեալ շաբաթավերջին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ  մասնակցեցաւ ՄԱԿ-ի կլիմայական «Քոփ 28» խորհրդաժողովին: Տուպայի մէջ տեղի ունեցած խորհրդաժողովին ընթացքին Միքաթի արտասանեց Լիբանանի պաշտօնական խօսքը, որուն մէջ հաստատեց, որ իրեն համար անկարելի է իբրեւ Լիբանանի ներկայացուցիչ չանդրադառնալ Լիբանանի ազգային կարողութիւնները ամրապնդելու համար անհրաժեշտ կարիքներուն, յատկապէս այն շրջաններուն մէջ, ուր կլիմայական լուրջ հետեւանքներ արձանագրուած են պատերազմներուն պատճառով: «Լիբանան կը...

Պըրրիի Երկխօսութեան Կոչին Ճակատագիրը  Ուղղակիօրէն Կապուած Է Լը Տըրիանի  Այցելութեան Արդիւնքին

Լը Տըրիան. «Պէտք Է Սահմանադրական Ելք Մը Գտնել` Լիբանանը Իր Դժուար Կացութենէն Դուրս Բերելու»

Լիբանանի համար Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիան լիբանանեան քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն հետ ունեցած իր հանդիպումներէն ետք անցեալ շաբաթավերջին հարցազրոյցի մը ընթացքին ունեցաւ կարգ մը կեցուածքներ: Այս շրջագիծին մէջ Լը Տըրիան յայտնեց, որ ինք միջնորդի դերակատարութեամբ կ՛այցելէ Լիբանան, որպէսզի օժանդակէ լիբանանցիներուն` դուրս գալու համար Լիբանանը յուզող այս տագնապալի իրավիճակէն: Ան նշեց, որ ներքին լիբանանեան յարաբերութիւնները գրեթէ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ շեշտեց, որ նախագահական պալատին դռները փակ պահելը կանխամտածուած ոճիր է, որ կը միտի քանդել սահմանադրական բոլոր հաստատութիւններն ու ընդհանուր տնօրէնութիւնները, տարածել քաոսն ու փտածութիւնը...

Հարաւային Լիբանանը Իսրայէլեան  Ռմբակոծումներու Թիրախ Դարձաւ

Հարաւային Լիբանանը Իսրայէլեան Ռմբակոծումներու Թիրախ Դարձաւ

Կազայի դէմ բուռն կռիւներն ու ռմբակոծումները վերսկսելէն ժամեր ետք, իսրայէլեան ուժեր ռմբակոծելու սկսան նաեւ հարաւային Լիբանանի սահմանային շրջանները: Իրենց բնակարանները վերադարձող հարաւային Լիբանանի բնակիչները տակաւին չէին հասած վերստին տեղաւորուելու իրենց բնակարաններուն մէջ եւ կամ գնահատելու կամ չափագրելու վնասները, երբ Իսրայէլ սկսաւ ռմբակոծել Այթա Շաապը, Քֆարքիլան, Տէր Միմասը, Մէյս Էլ Ժապալը, Հուլան, Ատայսէն, Ժըպպէյնը եւ Սլուքի հովիտը: Իսրայէլեան ռմբակոծումին պատճառով Հուլայի...

Սլիմ. «Ռայի Պատրիարքին Հաստատեցի,  Որ Բանակի Հրամանատարին Նշանակումը  Հանրապետութեան Յաջորդ Նախագահին  Դերակատարութենէն Չի Պակսեցներ»

Սլիմ. «Ռայի Պատրիարքին Հաստատեցի, Որ Բանակի Հրամանատարին Նշանակումը Հանրապետութեան Յաջորդ Նախագահին Դերակատարութենէն Չի Պակսեցներ»

Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ երէկ այցելեց Պքերքէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ: Հանդիպումին ընթացքին Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ Տիմանի մէջ կար մայրի մը, որուն գլուխը կտրուած էր, եւ իւրաքանչիւր ճիւղ կը փորձէր վերածուիլ գլուխի մը, եւ  աւելցուց. «Լիբանանի մէջ այդպէս եղած ենք մենք»: Իր կարգին, Սլիմ յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքին հաստատած է, որ բանակի...

«Քոփ 28» Խորհրդաժողով.  Միքաթի Լիբանանի Խօսքը Պիտի Արտասանէ Այսօր

«Քոփ 28» Խորհրդաժողով. Միքաթի Լիբանանի Խօսքը Պիտի Արտասանէ Այսօր

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ հասաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ` նախագահելու համար ՄԱԿ-ի կլիմայական «Քոփ 28» խորհրդաժողովին մասնակցող լիբանանեան պատուիրակութիւնը: Տուպայի մէջ սկսած խորհրդաժողովին ընթացքին Միքաթի Լիբանանի պաշտօնական խօսքը պիտի արտասանէ այսօր: Նշենք, որ Միքաթիի ընկերակցող Լիբանանի պատուիրակութեան մաս կը կազմեն կենսոլորտի նախարարի պաշտօնակատար Նասեր Եասին, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ Լիբանանի դեսպան Ֆուատ...

Քանաան. «Պիտի Չարտօնենք, Որ 2024-ի  Պետական Ամավարկը Կառավարական  Հրամանագիրով Հրապարակուի»

Քանաան. «Պիտի Չարտօնենք, Որ 2024-ի Պետական Ամավարկը Կառավարական Հրամանագիրով Հրապարակուի»

Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբը` նախագահութեամբ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի եւ ներկայութեամբ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլի, շարունակեց 2024-ի պետական ամավարկի նախագիծին քննարկումը: Ներկայ գտնուեցան նաեւ ելեւմուտքի նախարարի ընդհանուր տնօրէնի գործակատար Ժորժ Մաարաուի եւ նախարարութեան ներածումի բաժանմունքի պատասխանատու Լուայ Հաժ Շահատէ: Նիստէն ետք Քանաան յայտնեց, որ յանձնախումբը գրեթէ աւարտած է 2024-ի պետական ամավարկի նախագիծին քննարկումը` աւելցնելով, որ տուրքերու վերաբերող բարեփոխումները...

Թրիփոլիի Ծովափ.  Բանակը Կ՛արգիլէ 110 Անձերու Նաւով  Կատարելիք Ապօրինի Գաղթը

Թրիփոլիի Ծովափ. Բանակը Կ՛արգիլէ 110 Անձերու Նաւով Կատարելիք Ապօրինի Գաղթը

Բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նկատել տուաւ, որ երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն ծովուժի մէկ ջոկատը արգիլած է 110 անձերու կողմէ նաւով կատարուելիք ապօրինի գաղթը` Թրիփոլիի ծովափէն: Բանակի հաղորդագրութեան համաձայն, 110 անձերէն 108-ն լիբանանցիներ են, իսկ երկուքը` սուրիացիներ:      

Ամին Սալամ. «Ինծի Համար Մարտահրաւէրը Հնաոճ  Աշխատելաձեւի Փոփոխութիւնն Է»

Ամին Սալամ. «Ինծի Համար Մարտահրաւէրը Հնաոճ Աշխատելաձեւի Փոփոխութիւնն Է»

Տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ ինք ամէն ջանք ի գործ կը դնէ Լիբանանի եւ արաբական պետութիւններուն միջեւ յարաբերութիւնները վերականգնելու` աւելցնելով, որ հաւանաբար Քաթարի մէջ իր ունեցած հանդիպումներու լայն շրջագիծին պատճառով այն տպաւորութիւնը ձգած է, թէ ինք իր իրաւասութիւնները շրջանցած է: «Լիբանանի մէջ չենք փափաքիր, որ մէկը նոր ոճով գործէ, տարբեր գործունէութիւն ծաւալէ, ինչպէս`...

Ապիատ. «Առողջապահական Մարզին  Պարտականութիւնն Է Կազմ Ու Պատրաստ Մնալ»

Ապիատ. «Առողջապահական Մարզին Պարտականութիւնն Է Կազմ Ու Պատրաստ Մնալ»

Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆիրաս Ապիատ այցելեց Մաշղարայի կառավարական հիւանդանոցը` ընկերակցութեամբ նախարարութեան մէջ հիւանդանոցներու բաժանմունքի պատասխանատու Հիշամ Ֆաուազի: Այցելութեան ընթացքին Ապիատ հիւանդանոցի տնօրէն Ապպաս Ռիտայի հետ քննարկեց հիւանդանոցին կացութիւնը եւ պատրաստ ըլլալու կարողութիւնը` որեւէ շտապ կացութեան պարագային: Այս առիթով Ապիատ բացումը կատարեց նաեւ հիւանդանոցին մէջ սքենըրի բաժանմունքին: Ապիատ նշեց, որ Լիբանանի մէջ մնայուն պատերազմ կայ, բախումներ եւ բռնարարքներ, որոնց պատճառով կ՛արձանագրուին...

Լոնտոնի Մէջ.   «Լիբանանի Նաւահանգիստները Ատակ Են  Ըլլալու Տարբեր Երկիրներու Միջեւ  Փոխադրութեան Անցքերը»

Լոնտոնի Մէջ. «Լիբանանի Նաւահանգիստները Ատակ Են Ըլլալու Տարբեր Երկիրներու Միջեւ Փոխադրութեան Անցքերը»

Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ, որ Բրիտանիոյ մէջ մասնակցեցաւ Նաւարկութեան միջազգային կազմակերպութեան 33-րդ ընդհանուր ժողովին, Լոնտոնի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ պրազիլական պատուիրակութեան հետ, որուն կը նախագահէր Պրազիլի ծովուժի պետ ծովակալ Խոսէ Ակուսթօ տի Մենենզես: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Բրիտանիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Ռամի Մուրթատա: Հանդիպումին ընթացքին Համիէ պրազիլական պատուիրակութեան հետ քննարկեց այն միջոցները, որոնք կ՛երաշխաւորեն երկկողմանի...

Լը Տըրիան Շարունակեց Քաղաքական Տարբեր Ուժերու Ղեկավարներուն Հետ Իր Ունեցած Հանդիպումները

Լը Տըրիան Շարունակեց Քաղաքական Տարբեր Ուժերու Ղեկավարներուն Հետ Իր Ունեցած Հանդիպումները

Լիբանանի համար Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիան երէկ շարունակեց լիբանանեան քաղաքական տարբեր ուժերու ղեկավարներուն հետ իր ունեցած հանդիպումները, որոնց շրջագիծին մէջ ան այցելեց Հարեթ Հըրէյք եւ հանդիպում մը ունեցաւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի հետ: Ներկայ գտնուեցան նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրօ եւ Հըզպալլայի արաբական ու միջազգային յարաբերութիւններու պատասխանատու Ամմար Մուսաուի:...

Պըրրի Մերժեց Թիւ 1701 Բանաձեւի  Որեւէ Բարեփոխում

Պըրրի Մերժեց Թիւ 1701 Բանաձեւի Որեւէ Բարեփոխում

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան էր եւ կը մնայ կառչած ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան` աւելցնելով, որ Իսրայէլ հազարաւոր անգամներ խախտած է այդ բանաձեւին գործադրութիւնը: Պըրրի մերժեց թիւ 1701 բանաձեւի որեւէ բարեփոխում` աւելցնելով, որ ոչ ոք կրնայ Լիբանանի վրայ պայմաններ կամ բարեփոխման կարելիութիւններ, առաջարկներ կամ նոր դասաւորումներ պարտադրել: «Նման որեւէ քայլ անընդունելի է...

Պու Հապիպ Կոշայի Եւ Վրոնեցքայի Հետ  Քննարկեց Լիբանանի Իրավիճակը

Պու Հապիպ Կոշայի Եւ Վրոնեցքայի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Իրավիճակը

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց ՄԱԿ-ի զինադադարի հսկողութեան խորհուրդի նախագահ Փաթրիք Կոշան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան իշխանութիւններուն եւ ՄԱԿ-ի զինադադարի հսկողութեան խորհուրդին միջեւ գործակցութիւնը` արգիլելու համար յաւելեալ զինուորական մագլցումները: Պու Հապիպ յայտնեց, որ Լիբանան կը գտնուի ինքնապաշտպանութեան կարգավիճակի մէջ`...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի: ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ յայտնեց, որ առաջին անգամ ըլլալով աւելի քան 5000 թոն ցորենով բեռնաւորուած նաւ մը պիտի հասնի Սայտայի նաւահանգիստ: Ան նշեց, որ այդ նաւը մեկնարկը պիտի կատարէ առեւտրական նաւերուն Սայտայի նաւահանգիստ հասնելու գործընթացին: ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ...

Լը Տըրիան Կ՛ընդգծէ Լիբանանեան Համախոհութիւն  Գոյացնելու Եւ Անյապաղ Նախագահական Ընտրութիւն Կատարելու Կարեւորութիւնը

Լը Տըրիան Կ՛ընդգծէ Լիբանանեան Համախոհութիւն Գոյացնելու Եւ Անյապաղ Նախագահական Ընտրութիւն Կատարելու Կարեւորութիւնը

Լիբանանի համար Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիան երէկ սկսաւ Լիբանանի իշխանութեան պետերուն եւ քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն հետ ունենալիք հանդիպումներու շարքին` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոյի: Լը Տըրիան այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւններն ու զարգացումները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները: Առաւօտեան Լը Տըրիան այցելեց վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի, որուն...

Կառավարութեան Նիստ.   «Լը Տըրիանի Հետ Հանդիպումին Ընթացքին  Հաստատեցի Հարաւային Լիբանանի Եւ Կազայի Դէմ  Իսրայէլեան Բռնարարքները Կասեցնելու  Առաջնահերթութիւնը»   Շեշտեց Միքաթի

Կառավարութեան Նիստ. «Լը Տըրիանի Հետ Հանդիպումին Ընթացքին Հաստատեցի Հարաւային Լիբանանի Եւ Կազայի Դէմ Իսրայէլեան Բռնարարքները Կասեցնելու Առաջնահերթութիւնը» Շեշտեց Միքաթի

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ նախագահեց ընթացիկ կառավարութեան նիստին, որ գումարուեցաւ ճշդուած ժամանակէն կէս ժամ ետք, երբ օրինաթիւը գոյացաւ: Վարչապետարանին մէջ գումարուած նիստին ընթացքին Միքաթի յայտնեց, որ Կազայի դէմ իսրայէլեան պատերազմի 55 օրերը, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի դէմ գործուած իսրայէլեան բռնարարքները արեամբ կերտուած պատմութեան դրուագներ են: Ան մաղթեց, որ խաղաղութիւն հաստատուի զինադադարէն ետք, որուն արդիւնքները զգալի դարձան նաեւ հարաւային Լիբանանի...

Վարչապետարանին Մէջ.   «Մեզի Համար Կարեւոր Է, Որ Իսրայէլեան  Յարձակումներէն Տուժած Քաղաքացիները Հատուցում Ստանան»  Շեշտեց Հասան Ֆատլալլա

Վարչապետարանին Մէջ. «Մեզի Համար Կարեւոր Է, Որ Իսրայէլեան Յարձակումներէն Տուժած Քաղաքացիները Հատուցում Ստանան» Շեշտեց Հասան Ֆատլալլա

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի ընդունեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս լիբանանեան սահմանամերձ շրջաններուն վրայ սիոնական ուժերուն գործած յարձակումներուն պատճառած վնասներուն վերաբերող հարցեր` նկատի ունենալով, որ հարաւային Լիբանանի մէջ իսրայէլեան ռմբակոծումներէն վնասուած են բնակարաններ, կալուածներ, ինքնաշարժներ, ցանք, սրբավայրեր եւ այլն: Հանդիպումէն ետք Ֆատլալլա յայտնեց, որ այս թղթածրարը իր բոլոր կողմերով քննարկած են, ինչպէս նաեւ...

Խորհրդարանի Յանձնախումբերու Միացեալ Նիստը  Վաւերացուց Շարք Մը Օրինագիծեր

Խորհրդարանի Յանձնախումբերու Միացեալ Նիստը Վաւերացուց Շարք Մը Օրինագիծեր

Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ երէկ նախագահեց խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերու նիստին, որուն ընթացքին վաւերացուեցան Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկին, ընկերային պաշտպանութեան եւ հանգստեան կոչուելու դրութեան վերաբերող շարք մը օրինագիծեր: Նիստին ներկայ գտնուեցան ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլ եւ առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆիրաս Ապիատ: Նիստէն ետք Պու Սաապ մաղթեց, որ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի պատասխան մը ունենայ երեսփոխաններուն կողմէ ուղղուած հարցումներուն, որոնք...

Մաքրոնէն Նամակ` Միքաթիին

Մաքրոնէն Նամակ` Միքաթիին

Լիբանանի անկախութեան 80-ամեակին առիթով, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն երէկ նամակ մը յղեց վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիին: Մաքրոն նամակին ընդմէջէն ընդգծեց, որ Ֆրանսա` նկատի ունենալով Լիբանանի հետ իր ունեցած պատմական յարաբերութիւնները, կը բազմապատկէ իր ջանքերը` ամրապնդելու համար Լիբանանի կայունութիւնը, ապահովութիւնն ու անկախութիւնը: Ան շեշտեց, որ Ֆրանսա միշտ զօրակցած է այս նպատակներուն: Ֆրանսայի նախագահը անհրաժեշտ նկատեց, որ Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւն կատարելու...

Page 233 of 987 1 … 232 233 234 … 987

Արխիւներ