Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Մերժեց Թիւ 1701 Բանաձեւի Որեւէ Բարեփոխում

Դեկտեմբեր 1, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան էր եւ կը մնայ կառչած ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան` աւելցնելով, որ Իսրայէլ հազարաւոր անգամներ խախտած է այդ բանաձեւին գործադրութիւնը:

Պըրրի մերժեց թիւ 1701 բանաձեւի որեւէ բարեփոխում` աւելցնելով, որ ոչ ոք կրնայ Լիբանանի վրայ պայմաններ կամ բարեփոխման կարելիութիւններ, առաջարկներ կամ նոր դասաւորումներ պարտադրել: «Նման որեւէ քայլ անընդունելի է եւ պիտի արժանանայ մեր դիմադրութեան: Պահանջուածը միայն այդ որոշումին գործադրութիւնն է եւ ոչ թէ ուրիշ բան», յայտնեց ան:

Պըրրի հաստատեց, որ այս մասին իրենց հետ քննարկումներ կատարող բոլոր ներկայացուցիչներուն եւ պատասխանատուներուն փոխանցած իրենց պատասխանը յստակ է ու հետեւեալը. «Միջազգային սահմանները յստակ են եւ ծանօթ բոլորին: Կան 13 կէտեր, որոնցմէ քանի մը հատը ճշդուած են, իսկ մնացեալը կը մնան անորոշ` հասնելով մինչեւ Մազարեհ Շեպաա եւ Քֆարշուպայի բարձունքներ, ինչպէս նաեւ Մարի գիւղաքաղաքի հիւսիսային շրջանն ու «Պի1» կէտը»:

Միւս կողմէ, անդրադառնալով Կազայի մէջ զինադադարը երկարաձգելու ջանքերուն, Պըրրի նշեց, որ պահանջուածը զգուշանալ է` իսրայէլեան յետին նպատակներէն, որոնք բոլորը թշնամական են եւ բռնարարքներով լեցուն` ըլլան անոնք Կազայի թէ Լիբանանի դէմ:

«Այս մասին մենք յայտնած ենք Լիբանան այցելած բոլոր պատուիրակներուն, ինչպէս նաեւ հաստատած ենք, թէ Լիբանանի եւ ամբողջ շրջանին դէմ վտանգին աղբիւրը Իսրայէլն է», շեշտեց ան:

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Պըրրի յայտնեց, որ այս թղթածրարին առումով իր ուղղակի միջամտութեան պիտի սկսի 1 դեկտեմբեր 2023-ին` աւելցնելով, որ ինք մինչեւ 15 դեկտեմբեր 2023 խորհրդարանը պիտի հրաւիրէ օրէնսդրական նիստի մը, խորհրդարանի դիւանին գումարելիք նիստէն ետք:

Ան նկատել տուաւ, որ կան կարգ մը օրինագիծեր, որոնք խորհրդարան ուղարկուած են կառավարութեան կողմէ, ինչպէս նաեւ կան կարգ մը օրինագիծեր, որոնք կրկնակ աճապարանօք օրինագիծեր են, եւ անոնցմէ մէկն է այն օրինագիծը, որ կ՛առաջարկէ մէկ տարիով երկարաձգել զօրավարի աստիճան կրող բոլոր զինուորականներուն պաշտօնավարութիւնը:

Պըրրի նշեց, որ այս օրինագիծը եւս պիտի առաջարկուի օրէնսդրական նիստին` վաւերացուելու միտումով:

Նախագահական ընտրութեան թղթածրարը «ցնցելու» մասին հարցումի մը պատասխանելով` Պըրրի ըսաւ, որ նախագահական ընտրութեան առաջնահերթութիւնը կը մնայ գլխաւորը: «Ոչինչ կրնայ կանխել այդ գործընթացը: Նախագահական ընտրութիւնը առաջնահերթութիւն է, եւ հանրապետութեան նախագահը պէտք է ընտրենք այսօր` վաղուընէ առաջ: Ճիշդ չէ նախագահական ընտրութեան օրակարգի առկախումը եւ արձանագրած յապաղումը, որուն հիմնական պատճառը միջմարոնիական է: Անտարակոյս շատեր պիտի նեղանան այս յայտարարութենէն, սակայն ասիկա է նախագահական ընտրութեան շուրջ տարակարծութեան իրականութիւնը: Թող անոնք կատարե՛ն իրենց ընտրանքը եւ տա՛ն իրենց որոշումները, որպէսզի բոլորս միասին ուղղուինք խորհրդարան եւ ընտրենք հանրապետութեան նախագահը. այլապէս պիտի մնանք տեղքայլի մէջ», եզրափակեց ան:

Լինտա Կրինֆիլտ. «Չենք Փափաքիր Տեսնել
Համասի Տագնապին Ընդարձակումը Դէպի Լիբանան»

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ Լինտա Թոմըս Կրինֆիլտ շեշտեց, որ Ուաշինկթըն տակաւին մտահոգ է Համասի սկսած տագնապի ընդարձակման հաւանականութենէն: «Այս շրջագիծին մէջ, մենք չենք փափաքիր տեսնել, որ այդ տագնապը ընդարձակուած է դէպի Լիբանան: Լիբանանի մէջ զինուորական որեւէ մագլցում իր վտանգաւոր հետեւանքները պիտի ունենայ երկրին խաղաղութեան եւ շրջանային ապահովութեան ու լիբանանցի ժողովուրդին անվտանգութեան վրայ», ըսաւ ան:

Կրինֆիլտ հաստատեց, որ հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ խաղաղութեան հաստատումը շատ կարեւոր է` ընդգծելով, որ թիւ 1701 բանաձեւի ամբողջական գործադրութիւնը այս իմաստով հիմնական է:

Կրինֆիլտ շեշտեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը սահմանային Կապոյտ գիծին վրայ էական դերակատարութիւն կ՛ունենան: «Մեր ակնկալութիւնն է, որ բոլոր կողմերը աշխատին երաշխաւորել ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն անվտանգութիւնը», շեշտեց ան:

 

 

Նախորդը

Պու Հապիպ Կոշայի Եւ Վրոնեցքայի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Իրավիճակը

Յաջորդը

Լը Տըրիան Շարունակեց Քաղաքական Տարբեր Ուժերու Ղեկավարներուն Հետ Իր Ունեցած Հանդիպումները

RelatedPosts

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի  Սահմանին Վրայ Կը Շրջի.   Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի Սահմանին Վրայ Կը Շրջի. Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Ինծի Լիբանանցիներուն Միջեւ Միասնականութիւն Տուր, Եւ Քեզի Իսրայէլի Դէմ Հաստատ Յաղթանակ Կու Տամ»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ
Լիբանանեան

Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?