Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութեան Նիստ. «Լը Տըրիանի Հետ Հանդիպումին Ընթացքին Հաստատեցի Հարաւային Լիբանանի Եւ Կազայի Դէմ Իսրայէլեան Բռնարարքները Կասեցնելու Առաջնահերթութիւնը» Շեշտեց Միքաթի

Նոյեմբեր 30, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ նախագահեց ընթացիկ կառավարութեան նիստին, որ գումարուեցաւ ճշդուած ժամանակէն կէս ժամ ետք, երբ օրինաթիւը գոյացաւ:

Վարչապետարանին մէջ գումարուած նիստին ընթացքին Միքաթի յայտնեց, որ Կազայի դէմ իսրայէլեան պատերազմի 55 օրերը, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի դէմ գործուած իսրայէլեան բռնարարքները արեամբ կերտուած պատմութեան դրուագներ են: Ան մաղթեց, որ խաղաղութիւն հաստատուի զինադադարէն ետք, որուն արդիւնքները զգալի դարձան նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ:

Միքաթի նկատել տուաւ, որ իր կատարած շրջանային եւ միջազգային խորհրդակցութիւնները ցոյց կու տան, որ միջազգային ուժեր կը ջանան հասնիլ երկու պետութիւններու լուծման տարբերակին, ինչպէս նաեւ մարդկային արդարութեան հիման վրայ լուծել արաբեւիսրայէլեան տագնապը:

Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանանի բարեկամները միշտ կ՛այցելեն Պէյրութ եւ մնայուն կերպով կապ կը հաստատեն իրեն հետ` անհրաժեշտ նկատելով պատերազմին կասեցումն ու խաղաղութեան հաստատումը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի բարեկամներու ջանքերուն, որոնք լիբանանցի պատասխանատուները կը մղեն նախագահական ընտրութիւն կատարելու: «Այս շրջագիծին մէջ ֆրանսացի պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիանի հետ հանդիպումիս ընթացքին հաստատեցի հարաւային Լիբանանի եւ Կազայի դէմ իսրայէլեան բռնարարքները կասեցնելու առաջնահերթութիւնը», ըսաւ ան:

Միքաթի աւելցուց, որ կառավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ ստանձնելու իր պատասխանատուութիւնները, ինչպէս նաեւ կը ջանայ հարաւային Լիբանանի բնակիչներուն ծառայութիւններ մատուցել, հակառակ տիրող դժուարութիւններուն` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը բարձր կը գնահատէ անոնց մղած գոյապայքարն ու զոհողութիւնները:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի յայտնեց, որ կառավարութիւնը չէ քննարկած լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան հարցը:

Դրամատուներու վերակազմաւորման օրինագիծին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Մքերի նշեց, որ այդ օրինագիծը քննարկուած է, սակայն անոր քննարկումը յետաձգուած է` կառավարութեան կողմէ գումարուելիք յատուկ նիստի մը:

Մքերի նկատել տուաւ, որ հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուած վնասներու գնահատումը կատարելու պաշտօնական խորհուրդի մը կազմութիւնը հաւանական է:

«Սթարլինք»-ի մասին խօսելով` Մքերի յայտնեց, որ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութեան պարտականութիւն տրուած է կազմակերպելու «Սթարլինք» ընկերութեան հետ աշխատանքի շրջագիծը` գործը համադրելով երկրին ապահովական եւ զինուորական կառոյցներուն հետ:

Նախորդը

Վարչապետարանին Մէջ. «Մեզի Համար Կարեւոր Է, Որ Իսրայէլեան Յարձակումներէն Տուժած Քաղաքացիները Հատուցում Ստանան» Շեշտեց Հասան Ֆատլալլա

Յաջորդը

Լը Տըրիան Կ՛ընդգծէ Լիբանանեան Համախոհութիւն Գոյացնելու Եւ Անյապաղ Նախագահական Ընտրութիւն Կատարելու Կարեւորութիւնը

RelatedPosts

Նախագահ Աունին Յղած Իր Նամակին Մէջ.  Մաքրոն. «Վճռակամ Ենք Բանակի Աջակցութեան Եւ Լիբանանի Վերականգնման Երկու Խորհրդաժողովները Կազմակերպելու»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունին Յղած Իր Նամակին Մէջ. Մաքրոն. «Վճռակամ Ենք Բանակի Աջակցութեան Եւ Լիբանանի Վերականգնման Երկու Խորհրդաժողովները Կազմակերպելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Իզզէտտին. «Պատերազմը Բաց Է Բոլոր Կարելիութիւններուն Վրայ»
Լիբանանեան

Իզզէտտին. «Պատերազմը Բաց Է Բոլոր Կարելիութիւններուն Վրայ»

Հոկտեմբեր 15, 2025
ՖԻՆԻՒԼ. «Խաղաղապահ Ուժերու 25 Առ Հարիւրով Կրճատումը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գործող Առաքելութիւնը Կը Դնէ Մեծ Մարտահրաւէրներու Առջեւ»
Լիբանանեան

ՖԻՆԻՒԼ. «Խաղաղապահ Ուժերու 25 Առ Հարիւրով Կրճատումը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գործող Առաքելութիւնը Կը Դնէ Մեծ Մարտահրաւէրներու Առջեւ»

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?