Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քանաան. «Պիտի Չարտօնենք, Որ 2024-ի Պետական Ամավարկը Կառավարական Հրամանագիրով Հրապարակուի»

Դեկտեմբեր 2, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբը` նախագահութեամբ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի եւ ներկայութեամբ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլի, շարունակեց 2024-ի պետական ամավարկի նախագիծին քննարկումը:

Ներկայ գտնուեցան նաեւ ելեւմուտքի նախարարի ընդհանուր տնօրէնի գործակատար Ժորժ Մաարաուի եւ նախարարութեան ներածումի բաժանմունքի պատասխանատու Լուայ Հաժ Շահատէ:

Նիստէն ետք Քանաան յայտնեց, որ յանձնախումբը գրեթէ աւարտած է 2024-ի պետական ամավարկի նախագիծին քննարկումը` աւելցնելով, որ տուրքերու վերաբերող բարեփոխումները կատարած է, ինչպէս նաեւ առկախած շատ մը նոր ճշդուած տուրքեր:

«Այս շրջագիծին մէջ, ելեւմուտքի նախարարութիւնը յայտնեց, որ 2022-2023-ի  պարտադրուած տուրքերէն ապահովուած նիւթական մուտքը հասած է երկու միլիառ տոլարի, եւ այս իմաստով պահանջուածը տուրքերը հաւաքելն է եւ ոչ թէ յաւելեալ տուրքեր պարտադրելը», ըսաւ Քանաան:

Ան շեշտեց, որ երկուշաբթի օր յանձնախումբին գումարելիք նիստը պիտի կեդրոնանայ սպառողական մարզի տուրքերը հաւաքելու վրայ, որմէ ետք պիտի սկսի նախարարութիւններուն եւ պետական հաստատութիւններու վարչութիւններուն պիւտճէի քննարկումը:

Քանաան կոչ ուղղեց պետական հաստատութիւններն ու վարչութիւնները գործի լծելու եւ վերջ տալու հաստատութիւնները փակ պահելու իրավիճակին:

Ան շեշտեց նաեւ, որ պետական պաշտօնեաներուն ամսական աշխատավարձերը մնացած են նոյն վիճակին մէջ` 1500 լ. ոսկիի փոխարժէքով, որուն կցուած են կարգ մը յաւելումներ, որոնք բոլորը 7000 լ. ոսկիի կամ 9000 լ. ոսկիի փոխարժէքի նոյնիսկ չեն հասնիր: «Այս իրականութիւնը խստիւ մերժելի է, մանաւանդ որ 2024-ի պետական ամավարկի նախագիծին մէջ տուրքերու պարագային ամերիկեան տոլարի միացեալ փոխարժէքը ճշդուած է, սակայն մնացեալ մարզերուն պարագային ոչ: Իսկ պետական պաշտօնեաներու աշխատավարձին պարագային, անոնք մնացած են նոյնը, առանց յաւելեալ բարեկարգումներու, ինչ որ պատճառ է յաւելեալ արդիւնաբերութեան չգոյութեան, եւ կը մնայ լուծման կարիք ունեցող առաջնահերթութիւն», հաստատեց ան:

Քանաան կոչ ուղղեց կառավարութեան ստանձնելու իր պատասխանատուութիւնը եւ որդեգրելու միջոցառումներ, ինչպէս նաեւ դատական իշխանութիւններէն պահանջեց բոլորին նկատմամբ նոյն վարուելակերպը ցուցաբերել, առանց կողմնակալութեան: «Առաջնահերթութեանց առաջնահերթութիւնը կը մնայ քաղաքացիներուն դիմաց պետական հաստատութիւններու դռներուն բացումը», ըսաւ ան:

Քանաան նշեց, որ 2024-ի պետական ամավարկի նախագիծին քննարկումը հաստատ կերպով պիտի աւարտի յունուար 2024-էն առաջ: «Պիտի չարտօնենք, որ 2024-ի պետական ամավարկը կառավարական հրամանագիրով հրապարակուի. այս իմաստով երեսփոխանական բոլոր պլոքները պէտք է ստանձնեն իրենց պատասխանատուութիւնը` մասնակցելով ամավարկի էական բարեփոխումներու աշխատանքին, որուն նպատակն է արգիլել նոր փորձանք մը», եզրափակեց ան:

Նախորդը

Թրիփոլիի Ծովափ. Բանակը Կ՛արգիլէ 110 Անձերու Նաւով Կատարելիք Ապօրինի Գաղթը

Յաջորդը

«Քոփ 28» Խորհրդաժողով. Միքաթի Լիբանանի Խօսքը Պիտի Արտասանէ Այսօր

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?