Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Դեկտեմբեր 4, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ շեշտեց, որ նախագահական պալատին դռները փակ պահելը կանխամտածուած ոճիր է, որ կը միտի քանդել սահմանադրական բոլոր հաստատութիւններն ու ընդհանուր տնօրէնութիւնները, տարածել քաոսն ու փտածութիւնը եւ այլակերպել Լիբանանի քաղաքակիրթ դէմքը:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան դէմ իսրայէլեան խախտումները, որոնք կը շարունակուին 2006-էն ի վեր: Պու Հապիպ հաստատեց, որ այդ օրինազանցութիւններուն կասեցումն է իսկական մուտքը` դէպի հարաւային Լիբանանի եւ շրջանի ապահովական կայունութեան ամրապնդում:

ԱԶԳԱՅԻՆ հաւասարակշռութիւն պլոքի երեսփոխան Սաժիհ Աթիէ յայտնեց, որ իր տեղեկութիւններուն համաձայն, քաթարցի պատուիրակ մը պիտի այցելէ Պէյրութ` աշխուժացնելու համար նախագահական ընտրութեան վերաբերող քննարկումները: Ան աւելցուց, որ քաթարցի պատուիրակը նախագահական ընտրութեան հիմնական թեկնածու նկատի պիտի ունենայ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի գործակատար հազարապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարին:

ՊԱԱԼՊԵՔ-Հերմել երեսփոխանական համախմբումի երեսփոխան Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը հզօր է, ներկայ է եւ յաղթանակ պիտի արձանագրէ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ այցելեց Դիմադրութեան կարգ մը նահատակներու ընտանիքներուն, որոնց ներկայութեան հաստատեց, որ իսրայէլեան բանակը անպարտելի բանակ մը ըլլալէ վերածուած է աշխարհի վատագոյն բանակին: «Իսրայէլեան բանակը ոճրագործ բանակ է», ըսաւ ան:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի հետ եւ ցաւակցութիւն յայտնեց անոր զաւկին` Ապպաս Ռաատի նահատակութեան առիթով:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Հասան Մըրատ յայտնեց, որ Պաղեստինը պիտի մնայ Ա. դատը: Ան նշեց, որ իր դէմ բռնկած պատերազմէն 50 օր ետք Կազա փաստեց, որ կը մնայ Դիմադրութեան, գոյապայքարի եւ արժանապատուութեան դպրոցը, որուն կարիքը ունի աշխարհը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Լիբանանեան ուժերը կը մերժեն պաղեստինցի գաղթականներուն, սուրիացի տեղահանուածներուն կամ այլոց բնակեցումը: Հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան կողմէ լիբանանեան բանակին նկատմամբ ատելութեան մասին լուրերը խիստ մերժելի են:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը պիտի տոկայ եւ իր ընթացքը շարունակէ` աւելցնելով, որ Դիմադրութիւնը պատրաստ է այս բոլոր բռնարարքները դիմակայելու:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ Հըզպալլա պիտի չարտօնէ, որ լիբանանեան գերիշխանութեան հաշուոյն իսրայէլեան նոր տարազ մը հիմնուի` թիւ 1701 բանաձեւի բարեփոխումով:

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հաժ Հասան ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանին, որուն հետ քննարկեց երկու երկիրներուն միջեւ փոխըմբռնումի համաձայնագիր մը ստորագրելու կարելիութիւնն ու երկրագործութեան մարզին պարագային երկկողմանի գործակցութեան գործիքակազմ մը մշակելու հեռանկարները:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ղասսան Սքաֆ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որմէ իմացաւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի մտահոգութիւնը` Կազայի պատերազմին դէպի Լիբանան ընդարձակումի վտանգներէն: Ան շեշտեց, որ Ապահովութեան խորհուրդը կը վստահի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու կարեւոր դերակատարութեան: Վրոնեցքա ընդգծեց նախագահական ընտրութիւն կատարելու կարեւորութիւնը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Մուաուատ շեշտեց, որ խիստ մերժելի է լիբանանեան բանակը ներքին իշխանական խաղին մէջ ներքաշել` աւելցնելով, որ լիբանանեան բանակը պէտք է պաշտպանել նման միտումներէ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մըլհեմ Հուժէյրի յայտնեց, որ իսրայէլեան բռնարարքները հեռացնելու Դիմադրութեան կեցուածքը կը բխի լիբանանցիները պաշտպանելու ազգային պարտականութենէն:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Քարամ Հըզպալլան պատասխանատու նկատեց այն վտանգին, որուն ենթակայ է Լիբանան: Միւս կողմէ, Քարամ հաստատեց, որ Լիբանան կը գտնուի բանակի հրամանատարի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու սեմին:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Միշել Մուսա յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանը պիտի հրաւիրէ օրէնսդրական նիստի մը` դեկտեմբերի առաջին կիսուն: Ան աւելցուց, որ նախագահական ընտրութեան առումով նոր թեկնածուներու անուններ չկան:

 

Նախորդը

«Միացեալ Նահանգներ Կազայի Սահմաններու Փոփոխութիւն Կամ Պաղեստինցիներու Տեղահանում Պիտի Չարտօնէ» Կ՛ըսէ Միացեալ Նահանգներու Փոխնախագահը

Յաջորդը

Լը Տըրիան. «Պէտք Է Սահմանադրական Ելք Մը Գտնել` Լիբանանը Իր Դժուար Կացութենէն Դուրս Բերելու»

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»
Լիբանանեան

Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին.  Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը
Լիբանանեան

Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին. Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?