Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաքրոնէն Նամակ` Միքաթիին

November 29, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի անկախութեան 80-ամեակին առիթով, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն երէկ նամակ մը յղեց վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիին:

Մաքրոն նամակին ընդմէջէն ընդգծեց, որ Ֆրանսա` նկատի ունենալով Լիբանանի հետ իր ունեցած պատմական յարաբերութիւնները, կը բազմապատկէ իր ջանքերը` ամրապնդելու համար Լիբանանի կայունութիւնը, ապահովութիւնն ու անկախութիւնը: Ան շեշտեց, որ Ֆրանսա միշտ զօրակցած է այս նպատակներուն:

Ֆրանսայի նախագահը անհրաժեշտ նկատեց, որ Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւն կատարելու մթնոլորտը նախապատրաստուի, ինչպէս նաեւ նոր կառավարութիւն մը կազմուի` աւելցնելով, որ Ժան Իվ Լը Տըրիան այդ ուղղութեամբ իր աշխատանքը կը շարունակէ:

«Դէպի Լիբանան պատերազմին ընդարձակումը պիտի ունենայ անբաղձալի հետեւանքներ` թէ՛ Լիբանանի եւ թէ՛ լիբանանցիներուն վրայ: Ֆրանսա քաջ գիտէ, որ իւրայատուկ պատասխանատուութիւն ունի ձեր երկրին նկատմամբ: Պատասխանատուութիւն մը, որ կը թարգմանուի ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն դերակատարութեան ընդմէջէն: Ոչ մէկ ուժ պէտք է լիբանանեան տարածքները օգտագործէ այնպիսի կերպով, որ անիկա հակադրուի երկրին գերիշխանական շահերուն հետ: Այսօր մենք պէտք է խուսափինք վատագոյնէն: Հետեւաբար կոչ կ՛ուղղեմ ձեզի` այս ուղղութեամբ շարունակելու ձեր ճիգերը», շեշտեց Մաքրոն:

Ան հաստատեց նաեւ, որ Իսրայէլի վարչապետին հետ ունեցած իր իւրաքանչիւր հաղորդակցութեան ընթացքին, անոր յայտնած է Ֆրանսայի յանձնառութիւնը Լիբանանի նկատմամբ:

Մաքրոն նշեց նաեւ, որ ինք Իսրայէլի վարչապետին ներկայացուցած է իր անձնական մտահոգութիւնը այն վտանգներուն մասին, որոնք կրնան գործի վերածուիլ` Լիբանանի մէջ յաւելեալ մագլցումներու արձանագրման եւ կամ զայն Կազայի պատերազմին մէջ ներքաշելու պարագային:

Մաքրոն դիտել տուաւ, որ հիմնական այս հարցէն անկախ, կայ խիստ կարիք` լիբանանեան պետական հաստատութիւններուն մէջ կայունութիւն իրականացնելու: «Նախագահական թափուր դրութիւնը աւելի քան տարիէ մը ի վեր կը յամենայ եւ կը ծանրացնէ իր դիմագրաւած ներկայ տագնապներէն դուրս գալու Լիբանանի կարելիութիւնները: Առանց հանրապետութեան նախագահի կամ լիիրաւ գործող կառավարութեան անկարելի է, որ երկիրը դուրս գայ իր դիմագրաւած ապահովական, ընկերային, տնտեսական եւ ելեւմտական տագնապներէն», յայտնեց ան:

Մաքրոն ընդգծեց, որ Լիբանան հարուստ է իր մարդուժով: «Մենք կը զօրակցինք լիբանանցիներուն, անոնց կը յայտնենք մեր վստահութիւնը, ինչպէս նաեւ մնայուն զօրակցութիւնը», ըսաւ ան:

«Լիբանան բոլոր տուեալներն ու յատկանիշները ունի դարձեալ ոտքի կանգնելու եւ բարգաւաճելու` շնորհիւ լիբանանցի տաղանդաւորներուն, մտաւորականներուն, գործարարներուն եւ հետազօտողներուն, որոնք աշխարհահռչակ են եւ կրնան նոր շունչ հաղորդել Լիբանանին: Կը մաղթեմ, որ Լիբանանի զարթօնքը վերջապէս իրականանայ: Կը հաստատեմ, որ այսօր` ինչպէս միշտ, Ֆրանսա նեցուկ կը կանգնի Լիբանանին», շեշտեց Մաքրոն:

Նշենք, որ Միքաթիին յղուած Մաքրոնի նամակը կը զուգադիպի Մաքրոնի անձնական պատուիրակ` ֆրանսացի պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիանի Լիբանան այցելութեան նախօրեակին:

Միւս կողմէ, Լը Տըրիան երէկ Ռիատի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ թագաւորական արքունիքի խորհրդական Նիզար Ուլուլայի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ Ֆրանսա եւ Սէուտական Արաբիա կողք-կողքի կը գործեն` ապահովելու համար Լիբանանի ապահովութիւնն ու կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ կ՛երաշխաւորեն Լիբանանի նախագահական ընտրութիւններուն անյապաղ կայացումը:

Նախորդը

Կոշա Դրուատեց Լիբանանի Կառավարութեան Դերակատարութիւնը` Թիւ 1701 Բանաձեւի Գործադրութեան Առումով

Յաջորդը

Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէն Նոյեմբերին Այցելած Է Հայաստանի Մէջ Դատապարտուած Պապիրովին Եւ Ախունտովին

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.