Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սլիմ. «Ռայի Պատրիարքին Հաստատեցի, Որ Բանակի Հրամանատարին Նշանակումը Հանրապետութեան Յաջորդ Նախագահին Դերակատարութենէն Չի Պակսեցներ»

Դեկտեմբեր 2, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ երէկ այցելեց Պքերքէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ Տիմանի մէջ կար մայրի մը, որուն գլուխը կտրուած էր, եւ իւրաքանչիւր ճիւղ կը փորձէր վերածուիլ գլուխի մը, եւ  աւելցուց. «Լիբանանի մէջ այդպէս եղած ենք մենք»:

Իր կարգին, Սլիմ յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքին հաստատած է, որ բանակի հրամանատարութեան զգայուն պաշտօնին համար կատարուելիք նշանակումը հանրապետութեան յաջորդ նախագահին դերակատարութենէն չի պակսեցներ:

Հանրապետութեան նախագահին իրաւասութիւնները կ՛արտօնեն, որ ան աւելի ուշ բարեփոխէ այդ կացութիւնը:

«Ռայի յայտնեց, որ ինք կը նախընտրէ, որ հանրապետութեան նախագահ ըլլայ, երբ բանակի հրամանատար կը նշանակուի: Սակայն իմ իրաւասութիւններս չեն արտօներ, որ ոեւէ զինուորականի եւ յատկապէս բանակի հրամանատարի հանգստեան կոչուելու հրամանագիրը յետաձգեմ», ըսաւ Սլիմ:

Ան նշեց, որ խորհրդարանը լիբանանեան բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութիւնը չ՛երկարաձգեր, այլ` կը բարեփոխէ այն յօդուածը, որ կը ճշդէ զինուորականի մը հանգստեան կոչուելու տարիքը:

Սլիմ ընդգծեց, որ ինք չի փափաքիր լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը դատարկութեան փուլի մատնել, «սակայն բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութեան երկարաձգումը արտօնելի չէ պաշտպանութեան նախարարութեան օրէնքով: Հետեւաբար նման քայլի դիմելու համար կարիքը կայ օրէնքի բարեփոխման, որ տակաւին գոյութիւն չունի», նշեց ան:

Սլիմ շեշտեց, որ բանակի հրամանատարութեան պարագային հանգստեան կոչուիլը անխուսափելի է` պաշտպանութեան նախարարութեան օրէնքին համաձայն: «Յատուկ պարագաներու համար ճշդուած օրէնքները ներկայ գործընթացին չեն վերաբերիր, եւ անկարելի է օրէնքը շրջանցել, ի՛նչ ալ ըլլան դրդապատճառները», ընդգծեց Սլիմ:

Սլիմ նշեց, որ պաշտպանութեան նախարարութեան օրէնքին եւ իր իրաւասութիւններուն հիման վրայ, ինք վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ ամէն ջանք ի գործ դրած է Զինուորական խորհուրդին մէջ արձանագրուած դատարկ պաշտօններուն պարագային նշանակումներ կատարելու, սակայն բանակի հրամանատարութեան ճակատագիրը կախեալ է կառավարութեան եւ խորհրդարանին քայլերէն:

Նախորդը

«Քոփ 28» Խորհրդաժողով. Միքաթի Լիբանանի Խօսքը Պիտի Արտասանէ Այսօր

Յաջորդը

Հարաւային Լիբանանը Իսրայէլեան Ռմբակոծումներու Թիրախ Դարձաւ

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»
Լիբանանեան

Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Աուն-Պըրրի Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?