Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆիրաս Ապիատ այցելեց Մաշղարայի կառավարական հիւանդանոցը` ընկերակցութեամբ նախարարութեան մէջ հիւանդանոցներու բաժանմունքի պատասխանատու Հիշամ Ֆաուազի:
Այցելութեան ընթացքին Ապիատ հիւանդանոցի տնօրէն Ապպաս Ռիտայի հետ քննարկեց հիւանդանոցին կացութիւնը եւ պատրաստ ըլլալու կարողութիւնը` որեւէ շտապ կացութեան պարագային:
Այս առիթով Ապիատ բացումը կատարեց նաեւ հիւանդանոցին մէջ սքենըրի բաժանմունքին:
Ապիատ նշեց, որ Լիբանանի մէջ մնայուն պատերազմ կայ, բախումներ եւ բռնարարքներ, որոնց պատճառով կ՛արձանագրուին նահատակներ եւ վիրաւորներ, «հետեւաբար հիւանդանոցները պէտք է ըլլան կազմ ու պատրաստ վիճակի մէջ», ըսաւ ան:
Ապիատ յայտնեց, որ իբրեւ առողջապահական մարզ, իրենց հիմնական պարտականութիւնն է մնալ պատրաստ, որպէսզի որեւէ շտապ պարագայի կարենան ներկայ ըլլալ եւ իրենց վստահուած պարտականութիւնը կատարել:
«Նկատի ունենալով թշնամի Իսրայէլն ու անոր ոճը` հիւանդանոցները հարուածելու, անկարելի է թոյլ մնալ ու չկազմակերպուիլ եւ յանձնուիլ` ժողովուրդին կամքն ու գոյութեան համար անոր մղած պայքարը հարուածելու Իսրայէլի թշնամական ու վայրագ աքթերուն», հաստատեց ան:
Ապիատ նկատել տուաւ նաեւ, որ անկախ շտապ իրավիճակէն, պատերազմէն ու բռնարարքներէն, ժողովուրդին համար կարեւոր է, որ կառավարական հիւանդանոցը կազմ ու պատրաստ ըլլայ` նկատի ունենալով տնտեսական դժուար պայմանները:
Ապիատ հաստատեց, որ առողջապահութեան նախարարութեան նպատակն է կառավարական հիւանդանոցներու մարզը ընդարձակել եւ աւելի հասանելի ըլլալ ժողովուրդին:


