Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի ընդունեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս լիբանանեան սահմանամերձ շրջաններուն վրայ սիոնական ուժերուն գործած յարձակումներուն պատճառած վնասներուն վերաբերող հարցեր` նկատի ունենալով, որ հարաւային Լիբանանի մէջ իսրայէլեան ռմբակոծումներէն վնասուած են բնակարաններ, կալուածներ, ինքնաշարժներ, ցանք, սրբավայրեր եւ այլն:
Հանդիպումէն ետք Ֆատլալլա յայտնեց, որ այս թղթածրարը իր բոլոր կողմերով քննարկած են, ինչպէս նաեւ խորհրդակցած են պատասխանատուութիւններուն մասին, յատկապէս` կառավարութեան որդեգրելիք միջոցառումներուն մասին: «Ճիշդ է, որ Հըզպալլա սկսած է տուժածներուն հատուցումներ վճարել, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ կատարած է վիճակագրութիւն եւ վնասներու գնահատում, սակայն կառավարութիւնը իր կարգին ունի պատասխանատուութիւն` ժողովուրդին հատուցումներ տրամադրելու առումով», ըսաւ ան:
Ֆատլալլա հաստատեց, որ Միքաթի յանձնառութիւն յայտնած է, որ կառավարութիւնը հատուցումները կատարէ` վերանորոգելու եւ վերակառուցելու համար քանդուած բնակարաններն ու շէնքերը, ինչպէս նաեւ սրբավայրերը:
Ան նշեց, որ Նաքուրայէն Շեպաա եւ Քֆարշուպա վնասուած են 1500 բնակարաններ, ինչպէս նաեւ 37 բնակութեան շէնքեր, նաեւ 11 շէնքեր, որոնք ամբողջութեամբ հրկիզուած են:
Ֆատլալլա նշեց նաեւ, որ կան նաեւ քանդուած ինքնաշարժներու եւ հրկիզուած ցանքերու, յատկապէս պտղատու ցանքերու եւ ձիթենիի արտերու թղթածրարները, որոնք նոյնպէս կարիքը ունին հատուցումի` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը այս հատուցումները եւս պիտի կատարէ:
Ֆատլալլա յայտնեց, որ նահատակներու ընտանիքներուն հատուցումները եւս պէտք է կատարուին` աւելցնելով, որ այդ իմաստով նաեւ կառավարութիւնը պատասխանատու է եւ պատրաստ է կատարելու իր պարտականութիւնները:
Ֆատլալլա ընդգծեց, որ Դիմադրութեան համար կարեւորը այն է, որ թշնամի Իսրայէլին դէմ դնելու համար սուղ վճարած քաղաքացիները հատուցումներ ստանան:
Նշենք, որ Միքաթի երէկ ուղղուեցաւ Հարեթ Հըրէյք, ուր այցելեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի կեդրոնատեղին եւ ցաւակցութիւն յայտնեց պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատին, անոր որդւոյն` Ապպաս Ռաատի նահատակութեան առիթով:
Կոշա Այցելեց Հարաւային Լիբանանի
Նահանգապետին
ՄԱԿ-ի զինադադարի հսկողութեան խորհուրդի նախագահ Փաթրիք Կոշա, որ կը գտնուի Լիբանան, երէկ այցելեց հարաւային Լիբանանի նահանգապետ Մանսուր Տաուի, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակը:
Անդրադառնալով հարաւային Լիբանանի դէմ իսրայէլեան բռնարարքները կասեցնելու ՄԱԿ-ի դերակատարութեան` Կոշա յայտնեց, որ իրենք կը ստուգեն ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն աշխատանքը, կ՛արձանագրեն զայն եւ իրենց տեղեկագիրը կը ներկայացնեն Ապահովութեան խորհուրդին, որ իր կարգին որոշում կը կայացնէ` իսրայէլեան բռնարարքները կասեցնելու իմաստով:
Կոշա ըսաւ, որ Տաուի հետ քննարկած են միացեալ շարք մը այլ հարցեր` հարաւային Լիբանանի վերաբերող:
Համիէ` Բրիտանիոյ Մէջ. «Լիբանան Կը Մերժէ
Իսրայէլեան Բռնարարքներն Ու
Իր Գերիշխանութեան Դէմ Գործուած Ոտնձգութիւնները»
Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ Բրիտանիոյ մէջ մասնակցեցաւ Նաւարկութեան միջազգային կազմակերպութեան 33-րդ ընդհանուր ժողովին:
Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ Համիէ շեշտեց, որ Լիբանան հպարտ է, որ մաս կը կազմէ այս կազմակերպութեան, յատկապէս նկատի ունենալով իր նաւահանգիստները, ինչպէս նաեւ երկիրները իրարու կապող իր ռազմավարական դիրքը:
Ան անդրադարձաւ նաեւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի աղէտին եւ մինչեւ օրս անոր հետեւանքներուն` աւելցնելով, որ Լիբանան կը մերժէ իսրայէլեան բռնարարքներն ու իր գերիշխանութեան դէմ գործուած ոտնձգութիւնները` ծովային եւ օդային:
Համիէ շեշտեց, որ Լիբանան պիտի շարունակէ դիմադրել իսրայէլեան բռնարարքներուն:
Հարաւային Սահմանագիծին Վրայ
Տիրող Կացութիւնը
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Իզզէտտին այցելեց հարաւային սահմանագիծի շրջան, ուր ստուգեց այդ շրջանի բնակիչներուն կացութիւնը եւ արձանագրուած վնասները` ընկերակցելով Հըզպալլայի կողմէ ճշդուած այն պատուիրակութիւններուն, որոնք ուղղուած էին հարաւ` կատարելու համար վնասներուն գնահատումը:
Իզզէտտին յայտնեց, որ թշնամի Իսրայէլ հսկայական վնասներ պատճառած է հարաւային Լիբանանի մէջ եւ Դիմադրութեան ու անոր բարեսիրական կառոյցներուն, ինչպէս նաեւ պետութեան պատասխանատուութիւնն է հատուցել տուժած քաղաքացիներուն, որպէսզի անոնք իրենց հողերուն վրայ մնան եւ շարունակեն իրենց մղած գոյապայքարը:
Իր կարգին, երկրագործութեան նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հաժ Հասան յայտնեց, որ թշնամի Իսրայէլ պէտք է կասեցնէ Լիբանանի դէմ իր գործած բռնարարքները` աւելցնելով, որ նախարարութիւնը երկրագործներուն հատուցումներ պիտի տրամադրէ:
Թինընթի. «Թիւ 1701 Բանաձեւի Գործադրութիւնը
Տակաւին Ի Զօրու Է` Հակառակ
Անոր Դիմագրաւած Մարտահրաւէրներուն»
Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու պաշտօնական բանբեր Անտրէա Թինընթի յայտնեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ անցնող քանի մը օրերը համեմատաբար աւելի խաղաղ եղած են, հակառակ անոր որ Այթարունի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը ենթարկուած են կրակոցի` իսրայէլեան բանակին կողմէ:
«Սփութնիք»-ին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Թինընթի յայտնեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերէն ոչ ոք վնասուած է` աւելցնելով, որ այդ մասին ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատարութիւնը պաշտօնական բողոք ներկայացուցած է:
Թինընթի ընդգծեց նաեւ, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը տակաւին ի զօրու է` հակառակ անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն: «Այս շրջագիծին մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն դերակատարութիւնը տակաւին կարեւոր է` զսպելու համար ընդհարումները եւ պաշտպանելու համար հարաւային Լիբանանի կայունութիւնը», շեշտեց ան:
Թինընթի ընդգծեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն, Լիբանանի կառավարութեան եւ լիբանանեան բանակին միջեւ գործակցութիւնը հեզասահ է ու շատ լաւ ընթացքի մէջ: «Միջազգային խաղաղապահ ուժերը իրենց աշխատանքն ու գործունէութիւնը մնայուն կերպով կը համադրեն լիբանանեան բանակին հետ, ինչպէս նաեւ մնայուն խորհրդակցութեան մէջ են լիբանանեան իշխանութիւններուն հետ», շեշտեց ան` աւելցնելով, որ լիբանանեան իշխանութիւնները բազմիցս հաստատած են, որ իրենք յանձնառու կը մնան թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան եւ բնաւ պատրաստ չեն ապահովական մագլցումներու: