Բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նկատել տուաւ, որ երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն ծովուժի մէկ ջոկատը արգիլած է 110 անձերու կողմէ նաւով կատարուելիք ապօրինի գաղթը` Թրիփոլիի ծովափէն:
Բանակի հաղորդագրութեան համաձայն, 110 անձերէն 108-ն լիբանանցիներ են, իսկ երկուքը` սուրիացիներ: