Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանի Յանձնախումբերու Միացեալ Նիստը Վաւերացուց Շարք Մը Օրինագիծեր

November 30, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ երէկ նախագահեց խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերու նիստին, որուն ընթացքին վաւերացուեցան Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկին, ընկերային պաշտպանութեան եւ հանգստեան կոչուելու դրութեան վերաբերող շարք մը օրինագիծեր:

Նիստին ներկայ գտնուեցան ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլ եւ առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆիրաս Ապիատ:

Նիստէն ետք Պու Սաապ մաղթեց, որ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի պատասխան մը ունենայ երեսփոխաններուն կողմէ ուղղուած հարցումներուն, որոնք կը վերաբերին Դրամական ֆոնտէն ստացուած գումարներուն:

Ան ըսաւ, որ միացեալ նիստը նուաճում մը իրականացուցած է` վաւերացնելով այդ օրինագիծերը, որոնք եթէ նախապէս վաւերացուած ըլլային, լիբանանցիները այսօր այս վիճակին չէին մատնուեր:

Պու Սաապ նշեց, որ ֆրանսացի պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիան Լիբանան կը գտնուի օժանդակելու համար լիբանանցիներուն, որպէսզի ընտրեն հանրապետութեան նախագահը: Ան նշեց, որ չի կարծեր, թէ Լը Տըրիան նախագահական որոշ թեկնածուի մը ի նպաստ աշխատանք կը տանի: «Կը կարծեմ, որ անոր այցելութիւնը հետախուզական է` նկատի ունենալով Կազայի իրադարձութիւնները: Ան պարզապէս կ՛ուզէ գիտնալ, եթէ լիբանանցիներուն կեցուածքը փոխուած է, թէ ոչ», յայտնեց ան:

Միւս կողմէ, Պու Սաապ խորհրդարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքայի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող իրադարձութիւնները:

Վրոնեցքա յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը մտահոգ է սահմանային Կապոյտ գիծին վրայ տիրող կացութեամբ եւ չի փափաքիր, որ Լիբանան ներքաշուի Կազայի պատերազմին:

Ան շեշտեց ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն դերակատարութեան կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը փոփոխութեան ենթարկելու ոչ մէկ միտում կայ:

Պու Սաապ իր կարգին երախտագիտութիւն յայտնեց Ապահովութեան խորհուրդին ի գործ դրած ճիգերուն համար, որպէսզի Կազայի աղէտը Լիբանանի մէջ չկրկնուի` աւելցնելով, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն հետ պատահածը եւս ցաւալի է:

Պու Սաապ խստիւ դատապարտեց հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուած իսրայէլեան բռնարարքները` հաստատելով, որ քաղաքացիներուն դէմ գործուած իսրայէլեան սպանդները` Լիբանանի թէ Կազայի մէջ, պատերազմական ոճիրներ են, որոնք աւելցած են Իսրայէլի սեւ պատմութեան էջերուն վրայ:

 

 

Նախորդը

Պայտըն. «Պատերազմի Շարունակութիւնը Ճիշդ Համասի Ուզածն Է. Չենք Կրնար Ատիկա Ընել»

Յաջորդը

Վարչապետարանին Մէջ. «Մեզի Համար Կարեւոր Է, Որ Իսրայէլեան Յարձակումներէն Տուժած Քաղաքացիները Հատուցում Ստանան» Շեշտեց Հասան Ֆատլալլա

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.