Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ, որ Բրիտանիոյ մէջ մասնակցեցաւ Նաւարկութեան միջազգային կազմակերպութեան 33-րդ ընդհանուր ժողովին, Լոնտոնի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ պրազիլական պատուիրակութեան հետ, որուն կը նախագահէր Պրազիլի ծովուժի պետ ծովակալ Խոսէ Ակուսթօ տի Մենենզես:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Բրիտանիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Ռամի Մուրթատա:
Հանդիպումին ընթացքին Համիէ պրազիլական պատուիրակութեան հետ քննարկեց այն միջոցները, որոնք կ՛երաշխաւորեն երկկողմանի յարաբերութիւններու, ինչպէս նաեւ նաւահանգիստներու միջեւ փոխադարձ գործակցութեան ամրապնդումը:
Համիէ շեշտեց, որ իր նախարարութեան շրջագիծին ընդգրկած մարզերուն եւ իրաւասութիւններուն, յատկապէս` նաւահանգիստներու եւ ծովային փոխադրութեան ծիրին մէջ քաջալերելի է Լիբանանի ու Պրազիլի միջեւ բարեկամական յարաբերութիւնները բարելաւել ու ամրապնդել:
«Լիբանանի նաւահանգիստները ատակ են ըլլալու տարբեր երկիրներու եւ ուղղութիւններու միջեւ փոխադրութեան անցքերը», ըսաւ ան:
Լիբանանեան եւ պրազիլական կողմերը համաձայնեցան նախապատրաստելու երկու երկիրներուն միջեւ նախարարական մակարդակի հանդիպումներու` շարունակելու համար քննարկումները:


