Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լը Տըրիան Կ՛ընդգծէ Լիբանանեան Համախոհութիւն Գոյացնելու Եւ Անյապաղ Նախագահական Ընտրութիւն Կատարելու Կարեւորութիւնը

Նոյեմբեր 30, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի համար Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիան երէկ սկսաւ Լիբանանի իշխանութեան պետերուն եւ քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն հետ ունենալիք հանդիպումներու շարքին` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոյի:

Լը Տըրիան այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւններն ու զարգացումները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Առաւօտեան Լը Տըրիան այցելեց վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի, որուն հետ հանդիպումին ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանան կատարած իր այցելութեան նպատակն է վերահաստատել Լիբանանի քաղաքական տագնապին լուծման հնգեակին կեցուածքները, որոնց հիման վրայ կոչ ուղղուած է լիբանանցիներուն միասնականացնելու քաղաքական կեցուածքները եւ անյապաղ հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու:

Լը Տըրիան ընդգծեց, որ ինք այս իմաստով եկած է լիբանանցիներուն օժանդակութիւն առաջարկելու:

Ան հաստատեց, որ շարք մը հանդիպումներ եւ ժողովներ պիտի կատարէ, որպէսզի կարենայ լիբանանեան համախոհութիւն ապահովել այս ուղղութեամբ:

Լը Տըրիան հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Լը Տըրիան շեշտեց, որ Ֆրանսա բացարձակ զօրակցութիւն կը յայտնէ լիբանանեան բանակին:

Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու հարաւային Լիբանանի զարգացումները:

Ֆրանսացի պատուիրակը բարձր գնահատեց լիբանանեան բանակի դերակատարութիւնը` անոր դիմագրաւած ներկայ ծանր մարտահրաւէրներուն ի տես:

Իր կարգին, զօր. Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսային, որ միշտ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ բանակին եւ հետեւողական կերպով կ՛օժանդակէ անոր:

Լը Տըրիան այցելեց նաեւ Պքերքէ, ուր ընդունուեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կողմէ:

Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը:

Լը Տըրիան ուղղուեցաւ Մաարապ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ:

Հանդիպումէն ետք Ժահժահ յայտնեց, որ Հըզպալլա կը փափաքի ինքն իրեն համար հանրապետութեան նախագահ ունենալ, իսկ իրենք կը փափաքին Լիբանանի համար հանրապետութեան նախագահ մը ընտրել:

Ժահժահ Հըզպալլան եւ Դիմադրութեան առանցքին դաշնակիցները ամբաստանեց նախագահական ընտրութեան նիստերը արգելակելու յանցանքով:

Ժահժահ նշեց, որ հարաւային Լիբանանի բնակիչներուն իրենց բնակարաններէն տեղահանուելու եւ հարաւային Լիբանանի քանդումին պատճառը դարձողը ինք պէտք է հատուցումներ կատարէ:

Անդրադառնալով լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան թղթածրարին` Ժահժահ նշեց, որ խենթութիւն է բանակի հրամանատարութիւնը տարբեր ալիքներու ենթարկել` աւելցնելով, որ ամէնէն դիւրին լուծումը լիբանանեան բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութիւնը մէկ տարիով երկարաձգելն է:

Նախորդը

Կառավարութեան Նիստ. «Լը Տըրիանի Հետ Հանդիպումին Ընթացքին Հաստատեցի Հարաւային Լիբանանի Եւ Կազայի Դէմ Իսրայէլեան Բռնարարքները Կասեցնելու Առաջնահերթութիւնը» Շեշտեց Միքաթի

Յաջորդը

Քլաար. «Թուրքիոյ Մէջ Քննարկուած Է Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Հոլովոյթը»

RelatedPosts

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 15, 2025
Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»
Գլխաւոր լուրեր

Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին.  Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին. Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?