Լիբանանեան

Կոշա Դրուատեց Լիբանանի Կառավարութեան  Դերակատարութիւնը` Թիւ 1701 Բանաձեւի  Գործադրութեան Առումով

Կոշա Դրուատեց Լիբանանի Կառավարութեան Դերակատարութիւնը` Թիւ 1701 Բանաձեւի Գործադրութեան Առումով

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի այսօր պիտի նախագահէ կառավարութեան ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին շարք մը հարցեր: Միւս կողմէ, Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց ՄԱԿ-ի զինադադարի հսկողութեան խորհուրդի նախագահ Փաթրիք Կոշան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին Կոշա դրուատեց Լիբանանի կառավարութեան դերակատարութիւնը` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան առումով: Կոշա ընդգծեց նաեւ բոլորին կողմէ թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան...

Սայֆիի Մէջ.   Փաղանգաւոր Եւ Ընկերվար Յառաջդիմական  Կուսակցութիւններու Ընդարձակ Հանդիպում

Սայֆիի Մէջ. Փաղանգաւոր Եւ Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութիւններու Ընդարձակ Հանդիպում

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլ Սայֆիի մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթը, որուն ընկերակցեցաւ կուսակցութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան կեդրոնական խորհուրդի մէկ պատուիրակութիւնը: Տեղի ունեցած ընդարձակ այս հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկու կուսակցութիւններուն միջեւ աշխատանքը համադրելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ Կազայի մէջ առկայ պատերազմին հետեւանքները` Լիբանանի վրայ, նախագահական թափուր դրութիւնը, ինչպէս նաեւ բանակի հրամանատարութեան...

Պու Հապիպ. «Պատերազմի Եւ Մագլցումներու Որոշումը Իսրայէլի Մօտ Կը Գտնուի»

Պու Հապիպ. «Պատերազմի Եւ Մագլցումներու Որոշումը Իսրայէլի Մօտ Կը Գտնուի»

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ աւարտեց Պարսելոնայի մէջ տեղի ունեցած Միջերկրականի համար պետութիւններու համադաշնակցութեան վեհաժողովին բերած իր մասնակցութիւնը: Վեհաժողովը, որ նուիրուած էր արաբեւիսրայէլեան հարցին, աւարտեցաւ անոր մասնակից արաբական եւ եւրոպական երկիրներուն կողմէ երկու պետութիւններու լուծման տարբերակի եզրակացութեամբ: Միւս կողմէ, Պու Հապիպ Պարսելոնայի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Դանիոյ, Լիւքսամպուրկի, Սլովենիոյ եւ Իրլանտայի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ:...

Գահիրէի Մէջ.   «Կը Զօրակցինք Արդարութեան Վրայ  Հիմնուած Քաղաքական Լուծումներուն»  Շեշտեց Հաժժար

Գահիրէի Մէջ. «Կը Զօրակցինք Արդարութեան Վրայ Հիմնուած Քաղաքական Լուծումներուն» Շեշտեց Հաժժար

Ընդառաջելով Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարութեան հրաւէրին` ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժար իր մասնակցութիւնը բերաւ Գահիրէի մէջ տեղի ունեցած Բնակչութեան եւ բարգաւաճման արաբական խորհուրդի Ե. ընդհանուր ժողովին: Այս առիթով Հաժժար յայտնեց, որ Լիբանան կը մերժէ բռնի տեղահանութիւնը` ըլլայ ան պաղեստինցիներու պարագային, թէ լիբանանցիներուն` հարաւային Լիբանանի իրենց գիւղաքաղաքներէն: «Կը զօրակցինք արդարութեան վրայ հիմնուած քաղաքական լուծումներուն, որոնք հեռու են հողի բռնաբարումէն», յայտնեց...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը այս ամսուան ընթացքին ձախողեցուց 600 սուրիացի գաղթականներու ապօրինի մուտքը Լիբանան: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը նուազած է 1000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինի սակը` 1000 լ. ոսկիով, մազութինը` 10.000 լ. ոսկիով...

Լը Տըրիանի Լիբանան Կատարելիք Այցելութեան  Առընթեր` Կառավարութիւնը Կը Գումարէ Իր Նիստը

Լը Տըրիանի Լիբանան Կատարելիք Այցելութեան Առընթեր` Կառավարութիւնը Կը Գումարէ Իր Նիստը

Մինչ լիբանանցի քաղաքական ղեկավարները կը սպասեն ֆրանսացի պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիանի Լիբանան կատարելիք այցելութեան, վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը հրաւիրեց ժողովի մը, որ պիտի գումարուի վարչապետարանին մէջ, չորեքշաբթի, 29 նոյեմբեր 2023-ին` քննարկելու համար կարգ մը հարցեր: Միւս կողմէ, Միքաթի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն...

Պըրրի Ընդունեց Սալամը Եւ Խորհրդարանական  Յանձնախումբերը Հրաւիրեց Միացեալ Նիստի

Պըրրի Ընդունեց Սալամը Եւ Խորհրդարանական Յանձնախումբերը Հրաւիրեց Միացեալ Նիստի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանական կարգ մը յանձնախումբեր հրաւիրեց միացեալ նիստի մը, որ պիտի գումարուի չորեքշաբթի, 29 նոյեմբեր 2023-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 10:30-ին: Խորհրդարանական յանձնախումբերն են` ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի, վարչական հարցերու եւ արդարութեան, առողջապահութեան, աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու, տնտեսութեան, առեւտուրի, ճարտարարուեստի եւ ծրագրաւորումի, ինչպէս նաեւ կնոջ եւ երեխայի: Միացեալ նիստին ընթացքին պիտի քննարկուին Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկի օրէնքներուն...

Պարսելոնայի Մէջ.  «Երկու Պետութիւններու Լուծումը Կայունութիւն  Եւ Բարգաւաճում Պիտի Պարգեւէ Մեր Շրջանին Եւ Աշխարհին»   Շեշտեց Պու Հապիպ

Պարսելոնայի Մէջ. «Երկու Պետութիւններու Լուծումը Կայունութիւն Եւ Բարգաւաճում Պիտի Պարգեւէ Մեր Շրջանին Եւ Աշխարհին» Շեշտեց Պու Հապիպ

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ իր մասնակցութիւնը բերաւ Պարսելոնայի մէջ տեղի ունեցած Միջերկրականի համար պետութիւններու համադաշնակցութեան վեհաժողովին, նուիրուած` արաբեւիսրայէլեան հարցին: Այս առիթով Պու Հապիպ յայտնեց, որ կարելի չէ բանակցութիւնները շարունակել առանց ժամանակի հորիզոն մը ունենալու, որովհետեւ անիկա յաւելեալ հարցեր պիտի ստեղծէ: Ան շեշտեց, որ միջազգային հասարակութիւնը հրաւիրուած է աշխատելու` երկու պետութիւններու լուծումը գործադրելու...

Պքերքէի Մէջ.   «Պէտք Է Անյապաղ Հանրապետութեան  Նախագահ Ընտրել»  Շեշտեց Խազեն

Պքերքէի Մէջ. «Պէտք Է Անյապաղ Հանրապետութեան Նախագահ Ընտրել» Շեշտեց Խազեն

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ ընդունեց երեսփոխան Ֆարիտ Հայքալ Խազենը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս քաթարցի պատուիրակ Ապու Ֆահըտ Ժասեմ Ալ Թանիի Լիբանան կատարած շրջապտոյտին մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ ֆրանսացի պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիանի Լիբանան կատարելիք այցելութեան վերաբերող ակնկալութիւնները: Խազեն ընդգծեց, որ հանդիպումին ընթացքին շեշտուած է անյապաղ հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ հաստատուած` զինուորական հաստատութիւնը...

Քանաան. «2024-ի Պետական Ամավարկի Նախագիծին  Կարգ Մը Կէտերը Չեղեալ Նկատեցինք  Եւ Կարգ Մը Այլ Կէտեր Առկախեցինք»

Քանաան. «2024-ի Պետական Ամավարկի Նախագիծին Կարգ Մը Կէտերը Չեղեալ Նկատեցինք Եւ Կարգ Մը Այլ Կէտեր Առկախեցինք»

Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբը` նախագահութեամբ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի եւ ներկայութեամբ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլի, շարունակեց 2024-ի պետական ամավարկի նախագիծին քննարկումը: Նիստէն ետք Քանաան յայտնեց, որ յանձնախումբը աւարտած է 2024-ի պետական ամավարկի նախագիծին բովանդակած կալուածներու տուրքերուն եւ փոխադրութեան մարզի տուգանքներուն վերաբերող բարեփոխումներուն քննարկումը: «Այս շրջագիծին մէջ, յանձնախումբը 2024-ի պետական ամավարկի նախագիծին կարգ մը կէտերը չեղեալ նկատեց եւ կարգ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.600 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ ընդունեց Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպան Տեսպինա Քոքոլոփուլոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Պու Սաապ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ շարք մը երեսփոխաններու հետ, որոնց հետ քննարկեց Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկին եւ հանգստեան կոչուելու վերաբերող կարգ մը կանոններ բարեփոխումի ենթարկելու...

Ցաւակցութիւն` ՀՅԴ-ի Եւ Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի Անունով

Հաղորդագրութիւն

Մեծ զարմանքով եւ զայրոյթով հետեւեցանք Լիբանանի աշխատանքի նախարարին՝ Իսլամական երկիրներու համագումարին կատարած յայտարարութիւններուն։ Նախարարը անտեղի համեմատութիւն կատարեց լիբանանեան դիմադրութեան եւ «ազրպէյճանական դիմադրութեան» միջեւ՝ ոգեկոչելով Ազրպէյճանի «դիմադրութեան նահատակները»։ Այսու կու գանք հաստատելու, որ՝ -Ազրպէյճանի պատմութիւնը հարուստ է գրաւումներով, ջարդերով եւ ցեղային զտումներով, -Ազրպէյճանը ոչ թէ դիմադրող երկիր եղած է , այլ բռնագրաւող, որուն դէմ պաշտպանութեան դիմած է հայ ժողովուրդը եւ դիմած...

Կազայի Քառօրեայ Զինադուլի Գործադրութեան Զուգահեռ.   Հայեացքները Կեդրոնացած Են Զինադուլէն Ետք  Ճակատներու Պարզելիք Զարգացումներուն Ուղղութեամբ

Կազայի Քառօրեայ Զինադուլի Գործադրութեան Զուգահեռ. Հայեացքները Կեդրոնացած Են Զինադուլէն Ետք Ճակատներու Պարզելիք Զարգացումներուն Ուղղութեամբ

«Աքսայի Ջրհեղեղ»-ի բռնկումին 48-րդ օրուան սկսած առաջին ժամանակաւոր զինադուլը առանցքային զգուշաւոր ուշադրութեան կիզակէտը դարձաւ առնչակից տեղական թէ արտաքին շրջանակներու կողմէ: Զգուշաւոր, որովհետեւ  պատկան կողմերու մեծ մասը վերապահ է հակառակորդի զինադուլի իրականացման քայլերու յանձնառութեան ու պարկեշտութեան գծով: Վերապահութիւնը  անհիմն չէ, յատկապէս երբ նկատի ունենանք Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթի յայտարարութիւնը` պատերազմը երկու ամիսով շարունակելու մինչեւ «յաղթանակի իրագործումը»: Նմանօրինակ յայտարարութեամբ ելոյթ ունեցաւ...

Բազմաճակատ Բախումներու Ելեւէջը Կը Վճռէ  Շրջանի Ու Լիբանանի Ռազմավարական Հեռանկարը

Բազմաճակատ Բախումներու Ելեւէջը Կը Վճռէ Շրջանի Ու Լիբանանի Ռազմավարական Հեռանկարը

Աւելի քան ամիսէ  մը ի վեր շարունակուող «Աքսայի ջրհեղեղը» խորագրեալ Կազայի դէպքերը իրենց մարդուժի թէ նիւթական վնասի հետեւանքներով կիզակէտը դարձած են տեղական թէ արտաքին քաղաքական, դիւանագիտական ու ռազմավարական շփումներուն: Փաստօրէն այդ բախումները իրենց ստեղծած պատերազմական վիճակով դարձան շրջանի, ինչպէս նաեւ` Լիբանանի քաղաքական ու ապահովական հեռանկարներու որոշման «կողմնացոյցը»: Հոսկէ` շրջանային թէ միջազգային պատկան մարմիններու դիւանագիտական զօրաշարժը բախումներու դադրեցման ու ահաւոր պատկերացումներու...

Խմբագրական.  Տարեփակի-Տարեմուտի Խոհեր (Զ.)  «Ազդակ»-ի Նաւուն Առագաստը Բաց Պահելու Համար

Մամլոյ Արձակուրդ

Լիբանանի Անկախութեան տօնին առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ հինգշաբթի, 23 նոյեմբեր 2023-ին: Մեր յաջորդ թիւը` ուրբաթ, 24 նոյեմբեր 2023-ին:

Իսրայէլ Թիրախ Դարձուց Ճշմարտութիւնը  Ներկայացնող «Մայատին»-ի Լրագրողները

Իսրայէլ Թիրախ Դարձուց Ճշմարտութիւնը Ներկայացնող «Մայատին»-ի Լրագրողները

Վայրագ, արիւնարբու, բայց միաժամանակ երկչոտ Իսրայէլը երէկ հարաւային Լիբանանի մէջ թիրախ դարձուց լրագրողները, որոնք աշխատանքի էին, այլ խօսքով` բախումներուն ճշմարտութիւնը կը ներկայացնէին հանրութեան: «Մայատին» կայանի լրագրող Ֆարահ Օմար եւ քամերամեն Ռապիհ Մաամարի երէկ զոհ գացին իսրայէլեան ռմբակոծումի մը, որ ուղղակի թիրախ դարձուցած էր զանոնք: Լրագրողական այս խմբակին հետ զոհուեցաւ նաեւ Հիւսէյն Աքիլ անունով քաղաքացի մը, որ ուղեկցած էր անոնց: Կէսօրէ...

Լիբանանի Անկախութեան 80-Ամեակին  Առիթով Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի  Համացանցային Գրառումը

Լիբանանի Անկախութեան 80-Ամեակին Առիթով Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Համացանցային Գրառումը

Լիբանանի անկախութեան 80-ամեակին առիթով, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, Յակոբ Բագրատունի ընկերային ցանցերուն վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Անկախութիւնը միայն հողին անկախ ըլլալը չէ, այլ նաեւ` կեցուածքի, միտքի եւ որոշումի անկախութիւնը... 80 տարի ետք, շնորհաւո՛ր տօնդ, Լիբանա՛ն: Մաղթելով, որ ուրախութիւնը ամբողջանայ իսկական անկախութեամբդ»:

Պայտըն Կը Խոստանայ Լիբանանի Հետ Գործակցիլ`  Խաղաղութիւնը Պահպանելու Համար

Պայտըն Կը Խոստանայ Լիբանանի Հետ Գործակցիլ` Խաղաղութիւնը Պահպանելու Համար

Լիբանանի անկախութեան 80-ամեակին առիթով, վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ շնորհաւորագիր մը ստացաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընէն, որ շեշտեց, թէ իրենք Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի իրենց գործընկերներուն հետ պիտի գործակցին` խաղաղութիւնը պահպանելու եւ պատերազմին շրջագիծը չընդարձակելու համար: Պայտըն շեշտեց, որ Ուաշինկթըն յառաջիկայ տարուան ընթացքին Լիբանանի հետ իր յարաբերութիւնները աւելի եւս պիտի ամրապնդէ` շրջանի ժողովուրդներուն համար աւելի բարգաւաճ ու ապահով ապագայ...

Զօր. Աուն. «Հայրենիքին Կայունութիւնն Ու  Ազգային Համերաշխութիւնը Կը Պահպանէք  Անտեսելով Կասկած Առթող Արշաւները»

Զօր. Աուն. «Հայրենիքին Կայունութիւնն Ու Ազգային Համերաշխութիւնը Կը Պահպանէք Անտեսելով Կասկած Առթող Արշաւները»

Լիբանանի անկախութեան 80-ամեակին առիթով, բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ օրուան հրահանգին մէջ յայտնեց, որ բանակը անշեղ կը մնայ ազատութեան ու զոհողութեան իր նշանաբանէն եւ իր խիղճով կը վերադառնայ դէպի փայլուն փուլեր` նորահաս սերունդներուն պատմելով այն հայրենիքին մասին, որուն անունը պատմութեան խորերուն մէջ փորագրուած է: «Հայրենիք մը, որուն համար մեր նախնիները պայքարած են, որովհետեւ անոնք զայն նկատած են վերջնական հայրենիք,...

«Լեռնալիբանանի Կալուածներու  Արձանագրութեան  Պետական Հաստատութիւններուն  Հարցը Պէտք Է Անյապաղ Լուծել»  Շեշտեց Խազեն

«Լեռնալիբանանի Կալուածներու Արձանագրութեան Պետական Հաստատութիւններուն Հարցը Պէտք Է Անյապաղ Լուծել» Շեշտեց Խազեն

Երեսփոխան Ֆարիտ Հայքալ Խազեն այցելեց ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները` ներկայութեամբ կալուածներու վերաբերող հարցերու ընդհանուր քարտուղար Ժորժ Մաարաուիի: Հանդիպումին ընթացքին Խազեն շեշտեց, որ Լեռնալիբանանի կալուածներու արձանագրութեան պետական հաստատութիւններուն հարցը պէտք է անյապաղ լուծել: Նշենք, որ Խազեն այս հարցով նախապէս հանդիպում մը ունեցած էր խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ, ինչպէս նաեւ այցելած էր վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ...

Page 234 of 987 1 … 233 234 235 … 987

Արխիւներ