Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Դեկտեմբեր 1, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ յայտնեց, որ առաջին անգամ ըլլալով աւելի քան 5000 թոն ցորենով բեռնաւորուած նաւ մը պիտի հասնի Սայտայի նաւահանգիստ: Ան նշեց, որ այդ նաւը մեկնարկը պիտի կատարէ առեւտրական նաւերուն Սայտայի նաւահանգիստ հասնելու գործընթացին:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի յայտնեց, որ Ներքին ապահովութեան ուժերու թմրեցուցիչի մաքսանենգումի եւ գործածութեան դէմ պայքարող գրասենեակը Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ գրաւած է երեքուկէս միլիոն քեփթակոնի դեղահատներ, որոնք պահուած էին սիլիքոնէ ծրարներու մէջ եւ իբրեւ առաջին ուղղութիւն պիտի փոխադրուէին Նիկերիա: Միւս կողմէ, Մաուլաուի ընդունեց երեսփոխաններ Նեպիլ Պատըրը, Սայիտ Ասմարը, Ղասսան Աթալլան, Աքրամ Շեհայէպը, Նիքոլա Սահնաուին եւ Ապտել Ազիզ Սամատը: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր երեսփոխանի ներկայացուցած շրջանին վերաբերող բարգաւաճումն ու ծառայութիւնները:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ ընդունեց տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Սթրիտա Ժահժահ յայտնեց, որ լիբանանցիները չեն կրնար որեւէ պատերազմ հանդուրժել, ինչ ալ ըլլայ անոր տարողութիւնը:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Սանտրա տիւ Վալը, որուն հետ քննարկեց շրջանային իրադարձութիւններն ու Լիբանանի վրայ անոնց ունեցած հետեւանքները, Լիբանանը պաշտպանելու միջոցներն ու Եւրոպական Միութեան հետ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ղասսան Սքաֆ յայտնեց, որ ֆրանսացի պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիան պէտք է դիմադրութեան առանցքին պատկանող քաղաքական ուժերը համոզէ երրորդ եւ չէզոք նախագահական թեկնածու մը որդեգրելու ուղղութեամբ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժիհատ Սամատ կոչ ուղղեց Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէն ընտրելու հանրապետութեան նախագահ, որովհետեւ ան լաւագոյնն է ու յարմարագոյնը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը շեշտեց, որ Հըզպալլա եւ անոր քաղաքական խմբաւորումը պէտք է հրաժարին հանրապետութեան նախագահութեան իրենց թեկնածուէն եւ ընդդիմութեան հետ համախոհութիւն գոյացնեն` ընտրելու համար երկրին քաղաքական բոլոր ուժերը համախմբող եւ գերիշխանութեան յանձնառու հանրապետութեան նախագահ մը:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ ընդունեց տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Ապու Հայտարը, որուն հետ քննարկեց երկրին տնտեսական եւ ընկերային իրադարձութիւնները:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ Լիբանանէն գործուած հրթիռարձակումին նպատակն է Հըզպալլա-Իրան երկեակը ներկայ պահել արաբեւիսրայէլեան տագնապի տարազին մէջ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան, շրջանային եւ միջազգային զարգացումները, ինչպէս նաեւ Կազայի եւ հարաւային Լիբանանի դէմ իսրայէլեան պատերազմին ունեցած հետեւանքները: Հարիրի շեշտեց, որ Լիբանան նախանձախնդիր կը մնայ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ուատիհ Խազեն շեշտեց Լիբանանի մէջ քաղաքական բոլոր ուժերուն կողմէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին յանձնառու մնալու անհրաժեշտութեան:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ ընդունեց Բրիտանիոյ սպայակոյտի պետ ծովակալ Թոնի Ռետըքինը, որ հաստատեց լիբանանեան բանակին դերակատարութեան կարեւորութիւնը` ներկայ գերզգայուն իրավիճակին ընթացքին Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պաշտպանելու համար: Ռետըքին հաստատեց, որ Բրիտանիա կը շարունակէ զօրակցիլ եւ օժանդակել լիբանանեան բանակին: Զօր. Աուն իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Բրիտանիոյ տրամադրած օժանդակութիւններուն, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-բրիտանական բանակներուն միջեւ երկկողմանի հեզասահ գործակցութեան համար:

 

 

 

Նախորդը

Երէկ Զինադադարը 7-րդ Օրով Երկարաձգուեցաւ

Յաջորդը

Պու Հապիպ Կոշայի Եւ Վրոնեցքայի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Իրավիճակը

RelatedPosts

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու  «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ»  Համախոհական Ցանկի Ներկայացում
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ» Համախոհական Ցանկի Ներկայացում

Մայիս 10, 2025
Ռաժժի. «Նախագահ Աունի Քուէյթ Այցելութիւնը  Խորհրդանշական Մեծ Իմաստ Ունի»
Լիբանանեան

Ռաժժի. «Նախագահ Աունի Քուէյթ Այցելութիւնը Խորհրդանշական Մեծ Իմաստ Ունի»

Մայիս 10, 2025
Մըթրի. «Լիբանանը Հակադարձութեան  Կամ Յարձակումի Հարթակի Վերածուիլը  Պիտի Չարտօնենք»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Հակադարձութեան Կամ Յարձակումի Հարթակի Վերածուիլը Պիտի Չարտօնենք»

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?