Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լը Տըրիան Շարունակեց Քաղաքական Տարբեր Ուժերու Ղեկավարներուն Հետ Իր Ունեցած Հանդիպումները

Դեկտեմբեր 1, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի համար Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիան երէկ շարունակեց լիբանանեան քաղաքական տարբեր ուժերու ղեկավարներուն հետ իր ունեցած հանդիպումները, որոնց շրջագիծին մէջ ան այցելեց Հարեթ Հըրէյք եւ հանդիպում մը ունեցաւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի հետ: Ներկայ գտնուեցան նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրօ եւ Հըզպալլայի արաբական ու միջազգային յարաբերութիւններու պատասխանատու Ամմար Մուսաուի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Լը Տըրիան այցելեց նաեւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի:

Հանդիպումէն ետք Պասիլի խորհրդական Անթուան Քոսթանթին յայտնեց, որ ի յայտ եկած է, թէ Լը Տըրիանի այցելութիւնը ոչ մէկ նորութիւն կը բովանդակէ` նախագահական ընտրութեան առումով:

Ան աւելցուց, որ Ազգային ազատ հոսանքը ընդառաջած է կարգ մը նախաձեռնութիւններու:

Քոսթանթին նշեց, որ հանդիպումին ընթացքին արձանագրուած միակ նորութիւնը, որ զարմացուց Ժըպրան Պասիլը, Լը Տըրիանի կողմէ ներկայացուած պահանջն էր` բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու: «Այս պահանջին մասին Պասիլի պատասխանը այն էր, թէ անիկա կը հակադրուի լիբանանեան բանակի կանոններուն, ինչպէս նաեւ երկրին սահմանադրութեան եւ օրէնքներուն: Պասիլ ընդգծեց, որ  Ազգային ազատ հոսանքը բնաւ պիտի չշեղի այն սկզբունքներէն, որոնց հիմամբ առաջնորդուած է», ըսաւ Քոսթանթին:

Լը Տըրիան այցելեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի:

Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ կոչ ուղղեց լիբանանեան բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու` այս ճակատագրական ժամանակաշրջանին:

Ժեմայէլ նկատել տուաւ նաեւ, որ նախագահական ընտրութեան գնդակը կը գտնուի ընտրութեան գործընթացը արգելակող քաղաքական ուժերու դաշտին վրայ: Ան զգուշացուց Լիբանանի շահերուն դէմ գործարքներէ:

Ֆրանսացի պատուիրակը այցելեց նաեւ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի` ներկայութեամբ դեսպան Մակրոյի, երեսփոխան Թոնի Ֆրենժիէի եւ նախկին նախարար Ռոնի Արայժիի:

Հանդիպումը անկեղծ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած է, որուն ընթացքին յստակ կեցուածքներ հնչած են եւ քննարկուած են քաղաքական ու ապահովական մարզերուն վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ հարաւային սահմանագիծին ու պաղեստինեան հողերուն վրայ տիրող կացութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին անհրաժեշտ նկատուեցաւ նաեւ, որ ներկայ ճնշող պայմաններուն ընթացքին կատարուի նախագահական ընտրութիւնը եւ պահպանուի լիբանանեան բանակը:

Լը Տըրիան հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ երեսփոխաններ Միշել Մուաուատի եւ Ֆուատ Մախզումիի հետ:

Նախորդը

Պըրրի Մերժեց Թիւ 1701 Բանաձեւի Որեւէ Բարեփոխում

Յաջորդը

Զախարովա. «Իսրայէլին Կոչ Կ՛ուղղենք` Եւրուսաղէմի Հին Քաղաքին Մէջ Գտնուող «Հայկական Պարտէզներու» Խնդիրին Արդար Լուծում Ապահովելու»

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 21, 2025
Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?