Լիբանանեան

Ժոմպլաթ Ընդունեց Հըզպալլայի  Պատուիրակութիւն Մը Եւ Իրանի Դեսպանը

Ժոմպլաթ Ընդունեց Հըզպալլայի Պատուիրակութիւն Մը Եւ Իրանի Դեսպանը

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց Հըզպալլայի պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի քաղաքական հարցերու օգնական Ալի Հասան Խալիլը եւ կուսակցութեան յարաբերական հարցերու պատասխանատու Ուաֆիք Սաֆան: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթ, երեսփոխան Ուաէլ Պու Ֆաուր, նախկին նախարար Ղազի Արիտի եւ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Զաֆեր Նասեր: Հանդիպումին...

Քանաան. «Որոշում Կայացուցինք Պետական Վարչութիւններուն Սպառած Ելեկտրականութեան Սակին Հարցը Լուծելու»

Քանաան. «Որոշում Կայացուցինք Պետական Վարչութիւններուն Սպառած Ելեկտրականութեան Սակին Հարցը Լուծելու»

Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան, նախագահելէ ետք յանձնախումբի նիստին, շեշտեց, որ պետական մարզի պաշտօնեաներուն աշխատավարձը զերօ է եւ տակաւին հիմնուած է ամերիկեան տոլարի փոխարժէքի 1500 լ. ոսկի սակին վրայ: «Անկարելի է ընդունիլ այս իրականութիւնը, որովհետեւ կարելի չէ վարչութենէն պահանջել, որ իր պարտականութիւնները կատարէ, երբ պաշտօնեան անիրաւուած է: Արդեօք ինչո՞ւ միլիառներ ծախսող կառավարութիւնները քննչական խորհուրդներուն չեն...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ լիբանանեան ազգային միասնականութեան անհրաժեշտութիւնը: ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի ընդունեց Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպան Տեսփինա Քուքուլոփուլուն, որուն...

Հաղորդագրութիւն

Յայտարարութիւն. ՀՅԴ Կը Պատասխանէ Փոլա Եագուպեանի Ստապատիր Խօսքերուն

Կիրակի, 3 դեկտեմբեր 2023-ին, «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանը հիւրընկալեց երեսփոխան Փոլա Եագուպեանը, որ` օգտագործելով Արցախի դէմ ներխուժումին եւ հոն գործուած ցեղային զտման ու կատարուած աղէտին մասին ուղղուած հարցումը, պատասխանեց` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիին, ՀՅԴ-ին եւ Սահմանադրական խորհուրդին դէմ ցեխարձակումներ կատարելով: Այս ցեխարձակումները իրենց տեսակին մէջ առաջինը չեն, եւ մեզ չեն զարմացներ, նաեւ չունինք անոնց...

Մինչ Իսրայէլ Կը Շարունակէ Ռմբակոծել  Հարաւային Լիբանանի Սահմանամերձ Շրջանները,  Ռայի Պատրիարքը Այսօր Կ՛այցելէ Հարաւ

Մինչ Իսրայէլ Կը Շարունակէ Ռմբակոծել Հարաւային Լիբանանի Սահմանամերձ Շրջանները, Ռայի Պատրիարքը Այսօր Կ՛այցելէ Հարաւ

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը այսօր պիտի այցելէ հարաւային Լիբանան` զօրակցութիւն յայտնելու համար հարաւի բնակչութեան, յատկապէս` սահմանամերձ շրջաններէն տեղահանուած քաղաքացիներուն: Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակը Պաալպեքի Շըմըսթար գիւղաքաղաքին մէջ յուղարկաւորութիւնը կատարեց նահատակուած բանակային` տասնապետ Ապտել Քերիմ Մըքտատի: Ան նահատակուած էր նախանցեալ օր Նապի Օուէյտա-Ատայսէ բարձունքներուն վրայ գտնուող լիբանանեան բանակի դիրքին վրայ` իսրայէլեան հրթիռակոծումին պատճառով: Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ...

Պըրրի Իր Այցելուներուն Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Պըրրի Իր Այցելուներուն Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Հիւսիսային Լիբանանի եւ Թրիփոլիի իրաւաբաններու սենտիքայի նախագահ Սամի Հասանն ու անոր ընկերակցող սենտիքայի գործադիր խորհուրդի անդամները: Հասան յայտնեց, որ սենտիքայի նախագահի ընտրութենէն ետք այս այցելութիւնը ունի արարողակարգային բնոյթ` աւելցնելով, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկած են լիբանանեան իրադարձութիւններն ու իրաւաբաններու սենտիքային վերաբերող հարցեր: Հասան նշեց, որ ընդգծուած է հանրապետութեան նախագահ ընտրելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով,...

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Հարաւային Լիբանանի Իրավիճակը Քննարկեց Վրոնեցքայի Հետ

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Հարաւային Լիբանանի Իրավիճակը Քննարկեց Վրոնեցքայի Հետ

Արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը` նախագահութեամբ երեսփոխան Ֆատի Ալամէի եւ ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի, երէկ գումարեց իր նիստը: Խորհրդարանին մէջ գումարուած նիստին ներկայ գտնուեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքա: Նիստէն ետք Ալամէ յայտնեց, որ յանձնախումբը Վրոնեցքայի հետ քննարկեց Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը, յատկապէս` հարաւային Լիբանանի...

Միքաթի Ժոմպլաթի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Քաղաքական Զարգացումները

Միքաթի Ժոմպլաթի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Քաղաքական Զարգացումները

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի այցելեց Քլեմանսօ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի անդամ, երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուր: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային քաղաքական զարգացումները: Միւս կողմէ, Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրին, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցեր: Միքաթի ընդունեց նաեւ զբօսաշրջութեան նախարարի...

Իսրայէլեան Ուժեր Թիրախ Դարձուցին  Ատայսէի  Լիբանանեան Բանակին Դիրքը Նահատակուեցաւ  Զինուոր Մը Եւ Վիրաւորուեցան Երեք Ուրիշներ

Իսրայէլեան Ուժեր Թիրախ Դարձուցին Ատայսէի Լիբանանեան Բանակին Դիրքը Նահատակուեցաւ Զինուոր Մը Եւ Վիրաւորուեցան Երեք Ուրիշներ

Մինչ հարաւային սահմանագիծին վրայ ռմբակոծումները աւելի բուռն կը դառնան, թէ՛ Իսրայէլի ռմբակոծումներուն եւ թէ՛ Հըզպալլայի զինուորական գործողութիւններուն մակարդակով, լիբանանցի պատասխանատուներուն նորանոր զգուշացումներ կը փոխանցուին արեւմտեան դիւանագիտութեան ճամբով: Զգուշացումները կ՛անդրադառնան պատերազմին շրջագիծը ընդարձակելու իսրայէլեան լուրջ միտումներուն, ինչպէս նաեւ Հըզպալլան հիւսիսային Լիթանի փոխադրելուն` հիւսիսային Իսրայէլի բնակչութեան անվտանգութիւնը ապահովել կարենալու նպատակով: Ամերիկեան աղբիւրներ Լիբանանի եւ Իսրայէլի պատասխանատուներուն հետ խորհրդակցութիւններ կը կատարեն պատերազմը չընդարձակելու...

Միքաթի Այցելեց Պըրրիի Եւ Ընդունեց  Հիւպատոսական Անձնակազմը

Միքաթի Այցելեց Պըրրիի Եւ Ընդունեց Հիւպատոսական Անձնակազմը

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Այն Թինէէն մեկնումի պահուն Միքաթի յայտնեց, որ Պըրրիին ներկայացուցած է Տուպայի մէջ իր ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները, յատկապէս Լիբանանի եւ շրջանին մէջ բռնկած պատերազմին վերաբերող զարգացումները: Միքաթի նկատել տուաւ, որ եթէ նախարարական յանձնախումբը որոշէ պետական մարզի պաշտօնեաներուն արդիւնաբերութեան հիմամբ աշխատավարձին վերաբերող յաւելումները, ապա ինք անմիջապէս կառավարութիւնը...

Քանաան. «2024-ի Պետական Ամավարկը`  Իր  Պատճառելիք Վնասներով, Առաջին Անգամ Ըլլալով  Միաւորեց Աշխատաւորներն Ու Գործատէրերը»

Քանաան. «2024-ի Պետական Ամավարկը` Իր Պատճառելիք Վնասներով, Առաջին Անգամ Ըլլալով Միաւորեց Աշխատաւորներն Ու Գործատէրերը»

Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբը` նախագահութեամբ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի եւ ներկայութեամբ ելեւմուտքի նախարարութեան ընդհանուր տնօրէնի գործակատար Ժորժ Մաարաուիի եւ նախարարութեան ներածումի բաժանմունքի պատասխանատու Լուայ Հաժ Շահատէի, գումարեց իր հերթական նիստը: Նիստէն ետք Քանաան յայտնեց, որ յանձնախումբը աւարտած է 2024-ի պետական ամավարկի նախագիծին օրինական կէտերու քննարկումը` աւելցնելով, որ յանձնախումբը այսօր պիտի քննարկէ հանրապետութեան նախագահութեան, կառավարութեան եւ անոր պատկանող կառոյցներուն պիւտճէները:...

Ժոմպլաթ Զգուշացուց Թիւ 1701 Բանաձեւը  Խախտելէ Եւ 1948-ի Աղէտը Կրկնելէ

Ժոմպլաթ Զգուշացուց Թիւ 1701 Բանաձեւը Խախտելէ Եւ 1948-ի Աղէտը Կրկնելէ

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ հարցազրոյցի մը ընթացքին մաղթեց, որ Իսրայէլ Միջազգային քրէական ատեան փոխանցուի` աւելցնելով սակայն, որ միջազգային արդարութիւնը ուժի հաւասարակշռութեան կապուած է: Ան նկատել տուաւ, որ 2006-ի պատերազմին հաստատուած զինադուլէն ետք հրապարակուած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը, որ պէտք է յարգուի բոլորին կողմէ, «իսկ զայն խախտել կը նշանակէ միջազգային խաղաղապահ ուժերը հեռացնել, ինչ որ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Միջազգային դրամատան Միջին Արեւելքի շրջանային տնօրէն Ժան Քրիսթոֆ Քարէն, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ Միջազգային դրամատան միջեւ գործակցութեան հեռանկարները, յատկապէս` Ընկերային պաշտպանութեան ծրագիրն ու անոր շրջագիծին մէջ ապահովութեան ուժերը ներառելու կարելիութիւնը: ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան...

Հարաւային Սահմանագիծին Վրայ Փոխադարձ  Ռմբակոծումները Կը Շարունակուին

Հարաւային Սահմանագիծին Վրայ Փոխադարձ Ռմբակոծումները Կը Շարունակուին

Հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ փոխադարձ ռմբակոծումները երէկ եւս շարունակուեցան Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ: Միւս կողմէ, վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի եւ Կազայի մէջ տիրող կացութիւնը: Իր կարգին, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ յայտնեց, որ հարաւային Լիբանանի կացութեան առնչութեամբ Իսրայէլ` Եւրոպական Միութեան...

Դեսպան Աթաբէկեան Այցելեց  Խորհրդարանի Նախագահին

Դեսպան Աթաբէկեան Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահին

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան երէկ այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ քննարկեց ներքին լիբանանեան եւ շրջանային հարցերը: Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Միջին Արեւելքի ու Հարաւային Կովկասի մէջ տիրող իրավիճակին եւ ապահովական մարտահրաւէրներուն:

Պու Սաապ Պոմպարտիերիի Հետ Քննարկեց  Հարաւային Լիբանանի Իրադարձութիւնները

Պու Սաապ Պոմպարտիերիի Հետ Քննարկեց Հարաւային Լիբանանի Իրադարձութիւնները

Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Նիքոլեթթա Պոմպարտիերին, որուն տուաւ հետեւեալ հարցը. «Արդեօք Եւրոպական Միութեան անդամ աշխարհի ղեկավարները տեղեա՞կ են այն ոճիրներուն մասին, որոնք Իսրայէլ կը գործէ Կազայի քաղաքայիններուն դէմ, ինչպէս նաեւ դիտմամբ սպաննած երեխաներուն մասին»: Պու Սաապ Պոմպարտիերիէն պահանջեց, որ իր այս տեսակէտը Իտալիոյ կառավարութեան ճամբով փոխանցուի Եւրոպական Միութեան, որպէսզի ան շարժի Կազայի դէմ...

Բանակին Եւ Հանրօգուտ Շինութեանց  Նախարարութեան Միջեւ Գործակցութեան  Համաձայնագիրի Ստորագրութիւն

Բանակին Եւ Հանրօգուտ Շինութեանց Նախարարութեան Միջեւ Գործակցութեան Համաձայնագիրի Ստորագրութիւն

Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ եւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ ստորագրեցին գործակցութեան համաձայնագիր մը, որուն հիման վրայ բանակը քաղաքացիական օդանաւորդութեան համար պիտի տրամադրէ արհեստավարժ սպաներ, որոնք պիտի աշխատին օդանաւորդութեան մարզին մէջ` այդ մարզին շահերը երաշխաւորելու նպատակով: Համիէ շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան` հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարութեան նկատմամբ անոր...

Սալամ Պուխարիի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան  Քաղաքական Եւ Տնտեսական Իրադարձութիւնները

Սալամ Պուխարիի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Քաղաքական Եւ Տնտեսական Իրադարձութիւնները

Նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան զարգացումները, յատկապէս քաղաքական եւ տնտեսական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-սէուտական երկկողմանի յարաբերութիւնները: Քննարկուեցան նաեւ նախագահական ընտրութեան թղթածրարը, Կազայի դէմ իսրայէլեան բռնարարքներն ու գործած սպանդները, ինչպէս նաեւ շարք մը միացեալ հարցեր:  

Պայսարի Ընդունեց Եգիպտոսի Դեսպանը

Պայսարի Ընդունեց Եգիպտոսի Դեսպանը

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի գործակատար հազարապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալաէտտին Ապտել Մենեմ Մոհամետ Մուսան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները: Հանդիպումը ունէր ծանօթացման արարողակարգային բնոյթ: Պայսարիի այցելեց նաեւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար` գլխաւորելով Պէյրութի եւ Թրիփոլիի նաւահանգիստներու սենտիքաներուն նախագահները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Ընդհանուր ապահովութեան շրջագիծին մէջ սենտիքաներուն...

Հարաւային Լիբանանի Մէջ Թէժ Մարտեր`  Հըզպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ

Հարաւային Լիբանանի Մէջ Թէժ Մարտեր` Հըզպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ

Հարաւային Լիբանանի մէջ ամբողջ շաբաթավերջին թէժ մարտեր ընթացան Հըզպալլայի եւ Իսրայէլի միջեւ` պատճառելով երկկողմանի հսկայական վնասներ եւ տիրող կացութեան տալով աւելի սպառնալից բնոյթ: Այս շրջագիծին մէջ Իսրայէլ ռմբակոծեց Հուլա, Քաունին, Այթարուն, Նաքուրա, Մարուն Ռաս, Եարուն, Քաուզահ, Պլիտա, Քֆարշուպա, Քֆարհամամ, Թիպէ, Խիամ, Համամես, Ալմա Շաապ, Այթա Շաապ, Պէյթ Լիֆ, Քֆարքիլա, Մըրուահին, Մերժահիուն, Թէյրհարֆա եւ Սլուքի շրջանները, ինչպէս նաեւ Ֆարտիսի եւ Հըպպարիէի...

Page 232 of 987 1 … 231 232 233 … 987

Արխիւներ