Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լը Տըրիան. «Պէտք Է Սահմանադրական Ելք Մը Գտնել` Լիբանանը Իր Դժուար Կացութենէն Դուրս Բերելու»

December 4, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի համար Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիան լիբանանեան քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն հետ ունեցած իր հանդիպումներէն ետք անցեալ շաբաթավերջին հարցազրոյցի մը ընթացքին ունեցաւ կարգ մը կեցուածքներ:

Այս շրջագիծին մէջ Լը Տըրիան յայտնեց, որ ինք միջնորդի դերակատարութեամբ կ՛այցելէ Լիբանան, որպէսզի օժանդակէ լիբանանցիներուն` դուրս գալու համար Լիբանանը յուզող այս տագնապալի իրավիճակէն:

Ան նշեց, որ ներքին լիբանանեան յարաբերութիւնները գրեթէ սառած են, իսկ Կազայի զարգացումներէն ետք տիրող կացութիւնը մտահոգիչ է եւ մեզ կը մղէ երկրին դիմագրաւած տագնապին արագ ելքեր ապահովելու:

Լը Տըրիան յայտնեց, որ ոչինչ կ՛արգիլէ  Լիբանանի մէջ ապահովական կացութեան վատթարացումը եւ արձանագրուելիք ողբերգական մագլցումները, «հետեւաբար Լիբանան եւ Իսրայէլ պէտք է ինքնազսպումի դիմեն», ըսաւ ան:

Լը Տըրիան ընդգծեց, որ որեւէ մագլցումի պարագային հետեւանքները կրնան ողբերգական ըլլալ` աւելցնելով, որ Ֆրանսա Իսրայէլին չի զօրակցիր:

«Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ տագնապը կ՛ենթադրէ լուծել նախագահական ընտրութեան թղթածրարը, որովհետեւ ուշ կամ կանուխ անպայման բանակցութիւններ պիտի կատարուին: Պէտք է գոյութիւն ունենայ լիբանանեան իշխանութիւն մը, որպէսզի կարենայ քաղաքական բոլոր ուժերուն անունով բանակցիլ, այլապէս` Լիբանան ազգային ինքնորոշման իր իրաւունքը պիտի կորսնցնէ եւ ենթակայ պիտի դառնայ այլոց որոշումներուն», ըսաւ ան:

Լը Տըրիան նկատել տուաւ, որ Ֆրանսայի դերակատարութիւնը կը կեդրոնանայ լիբանանցիները մղելու, որ երրորդ եւ համախոհական թեկնածուի մը շուրջ համաձայնին, եւ ոչ թէ ինք թեկնածու մը առաջադրէ:

«Լիբանանցիները պէտք է համաձայնութիւն գոյացնեն հանրապետութեան նոր նախագահի մը շուրջ: Լիբանանցի ղեկավարներուն հետ ունեցած հանդիպումներուս լոյսին տակ ի յայտ եկած է, որ 14 յունիս 2023-էն առաջ հաւանական թեկնածուներէն ոչ մէկը ի վիճակի է խորհրդարանի մեծամասնութեան քուէները ստանալու եւ հանրապետութեան նախագահ ընտրուելու: Մինչ այդ, պէտք է աւելցնել, որ Սէուտական Արաբիա կ՛որոնէ նախագահական ընտրութեան երրորդ թեկնածու մը եւ կ՛աշխատի Լիբանանը իր դիմագրաւած տագնապէն դուրս բերելու ուղղութեամբ», յայտնեց ան:

Լը Տըրիան նշեց, որ ինք կը զօրակցի լիբանանեան բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու կարելիութեան, որովհետեւ լիբանանցիները ապահովութեան կարիքը ունին: Եւ որովհետեւ հանրապետութեան նախագահի բացակայութեան պարագային կարելի չէ բանակի հրամանատարը փոփոխութեան ենթարկել, ապա անհրաժեշտ է անոր պաշտօնավարութիւնը երկարաձգել: «Կայ ազգային պարտականութիւն մը, որուն հիման վրայ պէտք է սահմանադրական ելք մը գտնել` Լիբանանը իր դժուար կացութենէն դուրս բերելու», հաստատեց ան:

Նշենք, որ Լը Տըրիան Պէյրութ պիտի վերադառնայ յառաջիկայ յունուարին` վերսկսելու համար նախագահական ընտրութեան բանակցութիւններուն:

Կը նախատեսուի, որ մինչ այդ խորհրդարանը երկարաձգած ըլլայ բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութիւնը, որ առիթ պիտի տայ զօր. Ժոզեֆ Աունը դարձնելու նախագահական ընտրութեան երրորդ հաւանական թեկնածուն:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

«Քոփ 28» Խորհրդաժողով. «Լիբանան Կը Դիմադրէ Մարդուն Եւ Քարին Դէմ Գործուող Իսրայէլեան Բռնարարքներու, Որոնք Կլիմայական Լուրջ Հետեւանքներ Ունին» Շեշտեց Միքաթի

RelatedPosts

Սալամ. «Մեր Եղբայրներէն Ու Միջազգային  Գործընկերներէն Չենք Խնդրեր, Որ Մեր Գործը  Մեր Տեղ Ընեն, Այլ Մեզի Օգնեն»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Ընտրութիւնները Յետաձգելու Կարող Միակ Կողմը Խորհրդարանն Է, Եւ Հըզպալլային Կոչ Կ՛ուղղեմ Երկիրը Նոր Արկածախնդրութեան Չտանելու»

February 25, 2026
Ռաժժի. «Գոյութիւն Ունին Ցուցանիշեր, Թէ Մագլցումի  Պարագային Իսրայէլ Կրնայ Ուժեղ  Հարուածներ Հասցնել Լիբանանին  Եւ Կրնայ Պէյրութի Օդակայանը Թիրախաւորել»
Լիբանանեան

Ռաժժի. «Գոյութիւն Ունին Ցուցանիշեր, Թէ Մագլցումի Պարագային Իսրայէլ Կրնայ Ուժեղ Հարուածներ Հասցնել Լիբանանին Եւ Կրնայ Պէյրութի Օդակայանը Թիրախաւորել»

February 25, 2026
Ֆատլալլա. «Խորհրդարանի Նստաշրջանի  Երկարաձգում Պարտադրելու Արտաքին  Միջամտութիւն Գոյութիւն Ունի»
Լիբանանեան

Ֆատլալլա. «Խորհրդարանի Նստաշրջանի Երկարաձգում Պարտադրելու Արտաքին Միջամտութիւն Գոյութիւն Ունի»

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.