Գլխաւոր լուրեր

Խօսելով Լաւրովի Հետ Իր Հանդիպումին Մասին`  Ռուպիօ. «Մեր Նպատակն Է Ստուգել, Թէ Ռուսիան  Ուքրանիոյ Պատերազմին Վերջ Տալուն Նկատմամբ Լուրջ Է»

Ուաշինկթըն. «Ռուպիոյի Առաջնահերթութիւնը Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Կռիւին Վերջ Տալն ու Հնդկաստանի Եւ Փաքիստանի Միջեւ Կայունութեան Ամրապնդումն Է»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ շեշտած է, թէ Ուաշինկթընի գերակայ առաջնահերթութիւնը Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ կռիւը դադրեցնելն ու անմիջապէս զինադադար հաստատելն է: Արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշեց, թէ Ռուպիօ եւ անոր բրիտանացի պաշտօնակից Տէյվիտ Լամին ընդգծած են, թէ անհրաժեշտ է, որ Հնդկաստանն ու Փաքիստանը յարգեն զինադադարը, եւ երկու...

Քրտական Աշխատաւորական Կուսակցութիւնը  Իր Ինքնալուծարումը Կը Յայտարարէ.  Թուրքիա Կ՛ողջունէ

Քրտական Աշխատաւորական Կուսակցութիւնը Իր Ինքնալուծարումը Կը Յայտարարէ. Թուրքիա Կ՛ողջունէ

Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը (ՔԱԿ) յայտարարեց իր ինքնալուծարման մասին: Կուսակցութիւնը նաեւ նշեց Թուրքիոյ հետ աւելի քան 40 տարի տեւած տագնապի աւարտին մասին: ՔԱԿ-ը հրապարակեց իր 12-րդ ընդհանուր ժողովի որոշումները, որոնք կը ներառեն կուսակցութեան լուծարում, ինչպէս նաեւ զինեալ պայքարի եւ կուսակցութեան անունով բոլոր աշխատանքներու դադրեցում: ՔԱԿ-ը, որ Թուրքիոյ, Եւրոպական Միութեան ու Միացեալ Նահանգներու կողմէ ահաբեկչական կազմակերպութիւն կը նկատուի, 1984 թուականէն ի վեր...

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»-ը Աւարտեց Իր Երկօրեայ Աշխատանքները

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»-ի Նիստին Քննարկուեցան Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Առնչուած Յայտարարութիւններն ու Աշխատանքները

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա վերլուծական հարթակ»-ի հերթական առցանց նիստը գումարուեցաւ կիրակի, 11 մայիս 2025-ի երեկոյեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ: Օրակարգին մէջ ներառուած էին Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին առիթով հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ հնչած պետական-պաշտօնական յայտարարութիւնները եւ ընդհանրապէս այդ առիթով տեղի ունեցած ոգեկոչական ձեռնարկներն ու ուղերձները: Նիստի ընթացքին ժողովականները հաստատեցին, որ Երեւանէն հնչած պետական յայտարարութիւնները ետդարձ կատարած էին Համահայկական հռչակագիրի...

Ակնարկ.  Մինչեւ 15 Մայիս

Ակնարկ. Մինչեւ 15 Մայիս

Մոսկուայէն, Քիեւէն, Անգարայէն եւ Ուաշինկթընէն կը հնչեն լաւատեսական յայտարարութիւններ Ուքրանիա-Ռուսիա պատերազմական գործողութիւնները դադրեցնելու, զինադուլ կնքելու եւ բանակցութիւններ սկսելու մասին: Անգարան միջնորդի դեր վերցուցած է, ըստ պաշտօնական լրահոսին ընդառաջելով Ռուսիոյ նախագահի առաջարկին, բանակցութիւններու հարթակ տրամադրելու առումով: Պէտք չէ աճապարել սակայն եզրակացնելու համար, որ համաձայնութիւն կայացած է եւ թէ ժամանակաւոր հրադադարը կրնայ երկարատեւ դառնալ: Հանգոյցներ կան տակաւին, որոնցմէ առաջինը համաձայնութիւններու յաջորդականութեան շուրջ...

Հիւսիսային Լիբանանի Եւ Աքքարի Մէջ  Ընտրութիւնները Կայացան`  Սահմանափակ Խնդիրներով

Հիւսիսային Լիբանանի Եւ Աքքարի Մէջ Ընտրութիւնները Կայացան` Սահմանափակ Խնդիրներով

Երէկ Հիւսիսի եւ Աքքարի նահանգներուն մէջ տեղի ունեցան քաղաքապետական ու թաղապետական ընտրութիւններ, որոնք ընթացան տարբեր վայրերու մէջ եւ քուէարկութեան տարբեր սենեակներու մէջ թեկնածուներու ներկայացուցիչներու միջեւ ծագած սահմանափակ խնդիրներով, ինչպէս նաեւ վարչական թեքնիք բնոյթի բողոքներով, որոնք լուծուեցան: Մեծ խնդիր արձանագրուեցաւ Աքքարի Մար Թումա գիւղի ընտրական կեդրոնին մէջ, այդ պատճառով ալ քուէարկութիւնը դադրեցաւ, մինչեւ որ բանակն ու ապահովական ուժերը խնդիրը լուծեցին: Աքքարի...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Շնորհաւորեց  Լեւոն ԺԴ. Նորընտիր Պապը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Շնորհաւորեց Լեւոն ԺԴ. Նորընտիր Պապը

Շաբաթ, 10 մայիս 2025-ին, կաթողիկէ եկեղեցւոյ նորընտիր սրբազան քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. պապին ուղղած նամակով, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, հոգեւորականաց դասուն եւ ժողովուրդին, ջերմօրէն շնորհաւորեց զինք` մաղթելով, որ իր ընտրութեամբ նոր ու փայլուն էջ մը բացուի կաթողիկէ եկեղեցւոյ ժամանակակից պատմութեան մէջ: Անդրադառնալով ներկայ աշխարհի դիմագրաւած տագնապներուն ու մարտահրաւէրներուն եւ անոնց հետեւանքներուն եկեղեցւոյ կեանքին ու վկայութեան վրայ,...

Փութին. «Քիեւին Կ՛առաջարկենք 15 Մայիսին  Պոլսոյ Մէջ Վերսկսիլ Ուղիղ Բանակցութիւնները`  Առանց Որեւէ Նախապայմանի»

Փութին. «Քիեւին Կ՛առաջարկենք 15 Մայիսին Պոլսոյ Մէջ Վերսկսիլ Ուղիղ Բանակցութիւնները` Առանց Որեւէ Նախապայմանի»

Ռուսիան Ուքրանիոյ կ՛առաջարկէ 15 մայիսին Պոլսոյ մէջ առանց նախապայմանի վերսկսիլ ուղիղ բանակցութիւնները, որոնք ընդհատուած էին 2022 թուականին: Այս մասին Համաշխարհային Բ. պատերազմի 80-ամեակի հիւրերու հետ միջազգային հանդիպումներէն ետք իր յայտարարութեան մէջ ըսած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին: «Մենք կ՛առաջարկենք առանց յետաձգման սկսիլ յաջորդ հինգշաբթի` 15 մայիսին, Պոլիսէն, ուր ատոնք (բանակցութիւնները) նախապէս տեղի ունեցած էին եւ ուր ընդհատուած են», ըսած է...

Օմանի Մէջ Աւելի Քան 3 Ժամ Տեւողութեամբ  Իրան-Միացեալ Նահանգներ Բանակցութիւններ

Օմանի Մէջ Աւելի Քան 3 Ժամ Տեւողութեամբ Իրան-Միացեալ Նահանգներ Բանակցութիւններ

Երէկ Օմանի մայրաքաղաք Մասքաթի մէջ տեղի ունեցաւ Իրան-Միացեալ Նահանգներ բանակցութիւններու 4-րդ փուլը, որ աւելի քան 3 ժամ տեւեց: Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաշայի անուղղակի բանակցութիւններու աւարտին յայտնեց. «Բանակցութիւնները դժուար էին, սակայն օգտակար` հասկնալու համար դիրքորոշումները, եւ տարակարծութիւնները լուծելու իրատեսական ուղիներ գտնելու համար»: Ան աւելցուց, որ Օմանի իշխանութիւնները պիտի ստանձնեն յաջորդ փուլը համակարգելու եւ զայն յայտարարելու պարտականութիւնը: Ամերիկացի բարձրաստիճան...

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու  «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ»  Համախոհական Ցանկի Ներկայացում

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ» Համախոհական Ցանկի Ներկայացում

Երէկ` ուրբաթ, 9 մայիս 2025-ի յետմիջօրէի ժամը 5:30-ին քաղաքապետական ընտրութիւններու «Պէյրութը մեզ կը համախմբէ» համախոհական ցանկը ներկայացուց իր նախընտրական ծրագիրը: Յայտարարուեցան նաեւ Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդի անդամի թեկնածուներուն անունները: Հաւաքին ընթացքին ցանկը գլխաւորող Իպրահիմ Զէյտան արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ ան նշեց, որ «ցանկը կ՛ընդգրկէ այլազանութիւն եւ ներկայացուցչութիւն, որոնց կարիքը ունի Պէյրութը, ինչպէս նաեւ կ՛ընդգրկէ հմտութիւններու տէր անձնաւորութիւններ` պահպանելու համար քաղաքի...

«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով  Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան

«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան

8 մայիս «Անի Փլազա» պանդոկին «Անի» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Շուշիի ազատագրութեան օրուան նուիրուած ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան ձեռնարկը` «Շուշի. վերադարձ լինելու է» խորագիրով: Ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամներ, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ, Արցախի Հանրապետութեան պետական պաշտօնեաներ, ինչպէս նաեւ հասարակական-քաղաքական ու հանրային գործիչներ: Ձեռնարկը ընթացք առաւ մէկ վայրկեան լռութեամբ, ներկաները յարգեցին հայրենիքի պաշտպանութեան...

«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի  Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ»  Կ՛ըսէ Փութին

«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ» Կ՛ըսէ Փութին

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Մոսկուայի մէջ Համաշխարհային Բ. պատերազմին առիթով զինուորական տողանցքի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Յաղթանակի օրը ռուսերուն համար կը մնայ կարեւորագոյն տօնը, Ռուսիոյ մէջ միշտ պիտի յիշեն սխրանքը այն զինուորներուն, որոնք իրենց կեանքը զոհեցին նացիականութեան յաղթելու համար»` նշելով. «Ռուսիան եղած է եւ պիտի շարունակէ անխորտակելի պատուար մնալ նացիականութեան, ռուսատեացութեան եւ հակասեմականութեան ջատագովներու առջեւ, եւ պիտի...

Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարներու.  Հաւանականութիւնը Շատ Մեծ Է, Որ Թրամփ  Այս Շաբաթավերջին Կազայի Խնդիրին  Համապարփակ Լուծում Մը Յայտարարէ

Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարներու. Հաւանականութիւնը Շատ Մեծ Է, Որ Թրամփ Այս Շաբաթավերջին Կազայի Խնդիրին Համապարփակ Լուծում Մը Յայտարարէ

Ամերիկացի երկու պաշտօնատարներ իսրայէլեան «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթին յայտնած են. «Հաւանականութիւնը շատ մեծ է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ այս շաբաթավերջին Կազայի խնդիրին համապարփակ լուծում մը յայտարարէ»` աւելցնելով. «Այն համապարփակ լուծումը, որ Թրամփ թերեւս յայտարարէ, պատերազմին վերջ տալու գործարքի ծրագիրի առաջարկ կը ներառէ»: «Լուծումը կը քննարկուի եւ կը զարգացուի մասնակի կերպով Իսրայէլի կողմէ գործակցութեամբ, եւ անոր բոլոր պահանջները չի բաւարարեր»,...

Թրամփ Կոչ Կ՛ուղղէ Հաստատելու Ռուսիոյ  Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Առանց Նախապայմաններու  Զինադադար Մը, Որ Պէտք Է Խաղաղութեան  Համաձայնութեան Յանգեցնէ

Թրամփ Կոչ Կ՛ուղղէ Հաստատելու Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Առանց Նախապայմաններու Զինադադար Մը, Որ Պէտք Է Խաղաղութեան Համաձայնութեան Յանգեցնէ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց. «Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ հետ բանակցութիւնները կը շարունակուին: Միացեալ Նահանգները, լաւագոյն պարագային, 30 օր տեւողութեամբ առանց նախապայմաններու զինադադարի հաստատման կոչ կ՛ուղղեն»: Ան յոյս յայտնեց, որ «ընդունելի զինադադար մը կը յարգուի, եւ երկու երկիրները ուղիղ բանակցութիւններու սրբութիւնը յարգելու պատասխանատուութեան տէր կը կանգնին»: Սպիտակ տան ղեկավարը Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ հեռաձայնային իր հաղորդակցութենէն կարճ ժամանակ ետք...

Արցախի Եւ Հայաստանի Շարք Մը Քաղաքական  Ուժերու Յայտարարութիւնը

Խմբագրական. Եռատօնի Վերաիմաստաւորման Համար

Եռատօնը խորհրդանշող օրուան նշումը նորագոյն հանգամանքներով բոլորովին նոր խորհրդածութիւններ կը պարտադրէ: Շուշին բռնագրաւուած է եւ Արցախի պաշտպանութեան բանակը` լուծարուած: Յաղթանակներէն այսօր միայն հայրենական պատերազմի աւարտն է, որ կը տօնակատարուի, այն ալ համաշխարհային տարբեր կեդրոններու մէջ. ոչ միայն հայաստանեան: Այս բոլորը սակայն պատճառ չեն, որ տօները մթագնին եւ վերածուին պարտութեան զգացումի խորացման առիթի: Որքան ալ գիտակցինք, որ Ազրպէյճանը յաղթողի դիրքերէ պիտի...

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ամերիկացի Կարտինալ Մը` Ռապըրթ  Փրեւոսթ Դարձաւ Լեւոն ԺԴ. Պապ

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ամերիկացի Կարտինալ Մը` Ռապըրթ Փրեւոսթ Դարձաւ Լեւոն ԺԴ. Պապ

Վատիկանի Սիսթինեան մատուռին մէջ հաւաքուած 133 կարտինալները փակարանի չորրորդ քուէարկութեան ընթացքին երէկ ամերիկացի կարտինալ 69-ամեայ Ռապըրթ Փրեւոսթը ընտրեցին իբրեւ կաթողիկէ եկեղեցւոյ 267-րդ պապ: Ան ընտրեց Լեւոն ԺԴ. անունը: Ասիկա պատմութեան մէջ առաջին անգամն է, որ ամերիկացի մը կը դառնայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսապետ: Ան ծանօթ է իբրեւ «ամերիկացիներուն մէջ նուազագոյն ամերիկացի եղողը» եւ կը պատկանի եկեղեցւոյ չափաւորական թեւին: Նոր պապը ծանօթ...

Խօսքը Ուղղելով Կեդրոնական Դրամատան  Կառավարիչին Եւ Փոխկառավարիչներուն`  Նախագահ Աուն. «Դրամատնային Համակարգին Նկատմամբ  Ներքին Ու Արտաքին Վստահութեան Վերականգնման Մէջ Ձեր Պատասխանատուութիւնը Մեծ Է»

Խօսքը Ուղղելով Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչին Եւ Փոխկառավարիչներուն` Նախագահ Աուն. «Դրամատնային Համակարգին Նկատմամբ Ներքին Ու Արտաքին Վստահութեան Վերականգնման Մէջ Ձեր Պատասխանատուութիւնը Մեծ Է»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ առաւօտեան այցելեց Կեդրոնական դրամատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Քարիմ Սուէյտի եւ անոր փոխնախագահներուն հետ: «Դրամատնային համակարգին նկատմամբ ներքին եւ արտաքին վստահութեան վերականգնման եւ ազգային դրամանիշի պաշտպանութեան մէջ ձեր պատասխանատուութիւնը մեծ է», շեշտեց նախագահ Աուն: «Քաղաքական միջամտութիւններէն հեռու թափանցիկ աշխատանքը կը նպաստէ տնտեսական վերականգնումի երթին», ըսաւ հանրապետութեան նախագահը: Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Քարիմ Սուէյտ իր...

Պաքուի Մէջ Ազրպէյճանի Միջնորդութեամբ  Թուրք-Իսրայէլեան Բանակցութիւններ

Պաքուի Մէջ Ազրպէյճանի Միջնորդութեամբ Թուրք-Իսրայէլեան Բանակցութիւններ

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 11-րդ կայանը երէկ հաղորդեց. «Այսօր Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ Ազրպէյճանի միջնորդութեամբ Սուրիոյ կացութեան շուրջ բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան»: Իսրայէլեան պետական ձայնասփիւռի կայանը նշեց, որ բանակցութիւնները կազմակերպուած են Ազրպէյճանի կողմէ եւ անոնց նպատակն է նուազեցնել լարուածութիւնն ու կանխարգիլել Սուրիոյ մէջ Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ միջեւ բախում մը: Կայանը նշեց, որ Իսրայէլ բանակցութիւններու ընթացքին պիտի ներկայացնէ երկու գլխաւոր պահանջներ` «առաջինը երաշխաւորելն է,...

Ճայշանքար. «Հնդկաստանը Մտադիր Չէ Փաքիստանի Հետ  Տագնապը Սրելու, Սակայն Կոշտ Պատասխան  Պիտի Տայ, Եթէ Իսլամապատը Յարձակի»

Ճայշանքար. «Հնդկաստանը Մտադիր Չէ Փաքիստանի Հետ Տագնապը Սրելու, Սակայն Կոշտ Պատասխան Պիտի Տայ, Եթէ Իսլամապատը Յարձակի»

Հնդկաստանը մտադիր չէ Փաքիստանի հետ տագնապը սրելու, սակայն կոշտ պատասխան պիտի տայ, եթէ Իսլամապատը զինուորական յարձակումի սկսի: Այս մասին Նիւ Տելհիի մէջ հնդկական-իրանեան միացեալ յանձնախումբի նիստի բացման ժամանակ յայտարարած է Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարար Սուպրահմանիամ Ճայշանքար: «Մեր նպատակը կացութիւնը սրելը չէ: Բայց եւ այնպէս, եթէ մեր վրայ զինուորական յարձակում ըլլայ, պէտք չէ կասկած ըլլայ, որ պիտի ըլլայ շատ, շատ կոշտ...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Հիւսիսային Լիբանանի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան կիրակի, 11 մայիս 2025-ին: Այս ընտրութիւններուն ՀՅ Դաշնակցութեան կողմէ Մինայի քաղաքապետական խորհուրդի անդամակցութեան համար թեկնածու առաջադրուած է Ժաք Չամքերթենեան: Կոչ կ՛ուղղենք հիւսիսային Լիբանանի Մինա շրջանէն սըժըլի թիւ ունեցող մեր համակիրներուն ու հայրենակիցներուն կատարելու իրենց քաղաքացիական պարտաւորութիւնը եւ աջակցելու շրջանի հայութեան ներկայացուցիչի թեկնածութեան: ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ  

Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ Շրջանի Քաղաքապետական  Խորհուրդի Ընտրուած Ցանկին Անդամները  Այցելեցին «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ Շրջանի Քաղաքապետական Խորհուրդի Ընտրուած Ցանկին Անդամները Այցելեցին «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Երեքշաբթի, 6 մայիսին «Շաղզոյեան» կեդրոն այցելեցին Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ շրջանի քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրած «Ժամանակը հասած է» ցանկի անդամները` գլխաւորութեամբ Օկիւսթ Պախոսի: Պատուիրակութեան կ՛ընկերակցէին նաեւ շրջանի ընտրուած թաղապետներ: Պատուիրակութիւնը դիմաւորեցին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ընտրական-քաղաքական մարմինի անդամներ` Պուրճ Համուտի քաղաքապետ...

Page 99 of 795 1 … 98 99 100 … 795

Արխիւներ