Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Ժրաջանօրէն Կ՛աշխատի Կազայի Վայրագ Պատերազմին Վերջ Տալու»

July 4, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սպիտակ տան բանբեր Քարոլայն Լիւիթ յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ժրաջանօրէն կ՛աշխատի Կազայի վայրագ պատերազմին վերջ տալու եւ բոլոր գերիները իրենց բնակավայրերը վերադարձնելու»:

Թրամփ նախապէս յայտարարած էր, թէ Իսրայէլ ընդունած է Կազայի մէջ 60-օրեայ զինադադար հաստատելու իր առաջարկը` նշելով, որ Եգիպտոսն ու Քաթարը աշխատանք պիտի տանին այս առաջարկի տարազը վերջնականացնելու:

Մինչ այդ, Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պատր Ապտելաթի Միացեալ Նահանգներու նախագահի Միջին Արեւելքի հարցով յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին շեշտած է զինադադարը վերականգնելու եւ Կազա օժանդակութիւններ մտցնելու անհրաժեշտութիւնը:

«Ապտելաթի Ուիթքոֆի հետ քննարկեց Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ զինադադարը ամրապնդելու եւ իրանեան հիւլէական ծրագիրին շուրջ բանակցութիւնները շարունակելու կարեւորութիւնը», նշեց նախարարութիւնը:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ հաղորդեց, որ եգիպտական դիւանագիտութեան պետը իր սէուտցի պաշտօնակից Ֆայսալ Պըն Ֆարհանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած է Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման եւ մարդասիրական օժանդակութիւններու սպառման հարցերը:

Ապտելաթի եւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարը ընդգծած են Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ զինադադարը ամրապնդելու եւ իրանեան հիւլէական ծրագիրին շուրջ տեւական լուծումի հասնելու կարեւորութիւնը:

 

Նախորդը

Իսրայէլ-Ռուսիա Դիւանագիտական Գաղտնի Երկխօսութիւն

Յաջորդը

Իշխան Սաղաթէլեան Պրիւքսելի Մէջ Հանդիպած Է Եւրոպական Խորհրդարանի Ընկերվար-Ժողովրդավարական Քաղաքական Խումբի Անդամներուն

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.