Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յուլիս 5, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ
ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին ներկայացուցիչ,
ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի Նախագահ

ՀՀ-ի իշխանութեան ծրագրած եւ գործադրութեան դրուած Հայաստանեան Առաքելական Եկեղեցւոյ դէմ արշաւը, ազգային բարերարներու նկատմամբ հաշուեյարդարի քաղաքականութիւնը, ՀՅԴ-ի եւ ընդդիմադիրներու հանդէպ հալածանքը եւ Սփիւռքի դերը նսեմացնելու արշաւը ամէն չափ ու սահման անցած են:

Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին հայրենի եւ աշխարհասփիւռ ազգի հիմնասիւներէն է եւ կրօնական հանգամանքէ անդին՝ հայկական էութեան անաղարտ պահպանման էական խարիսխներէն։ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի անձի եւ հոդեւորական դասու թիրախաւորումը ոչ միայն անընդունելի է, այլև ազգակործան դիտաւորութիւն: Արշաւ եկեղեցւոյ դեմ՝ կը նշանակէ նաեւ հարուած հասցնել հայութեան միասնականութեան եւ խարխլել մեր պետութեան հիմերը։ Խիստ մտահոգիչ է, որ այս արշաւը կ’իրականացուի Ադրբեջանի պետական եւ կրօնական ղեկավարներու կողմէ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ թիրախաւորումին զուգահեռ՝ նոյնանման բառապաշարով և ուղերձներով, այն պարագային երբ մեր եկեղեցին և Ամենայն Հայոց կաթողիկոսն անձամբ աշխոյժ աշխատանք կ’իրականացնեն հայ գերիներու ազատ արձակման, արցախահայութեան հաւաքական իրաւունքներու սատարման ու անոր վերադարձի իրաւունքի միջազգայնացման համար։

Եկեղեցւոյ դէմ արշաւն ընդարձակելով թիրախ են ընտրուած անոր կողքին ամուր կանգնած ականաւոր հայեր ու ազգային բարերարներ եւս, որոնք յստակօրէն կը տեսնեն ՀՀի վարչախումբի հալածանքի քաղաքականութեան վտանգները: Այս ուղղութեանբ ցայտուն օրինակ է վերջերս ձեռբակալուած Սամուէլ Կարապետեանի կամայական և անօրինական կալանաւորումը, որ յստակօրէն քաղաքական հաշուեյարդարի դրսևորում է։ Պրն. Կարապետեան հայ եկեղեցւոյ եւ հայ դատի հաւատաւոր պաշտպաններէն է, որ խօսքէ անդին իր գործով ու ներդրումներով օժանդակած է հայ ժողովուրդին ու հայ դատի պայքարին: Ակնյայտ ւ որ սա փորձ է վախի սփռումով լռեցնելու հասարակութիւնը եւ ազդեցիկ անհատները որպէսզի ազգային հարցերով դիրքորոշում չարտայայտեն։

Բազմիցս անդրադարձած ենք քաղաքական այլախոհության նկատմամբ հալածանքին եւ Հայստանի մէջ ժողովրդավարութեան նահանջին եւ խօսքի ազատութեան բռնաբարումներուն մասին: Ազգային ուժերու թիրախաւորումը, ընդհանրապէս ընդդիմադիրներու, եւ մանաւանդ ՀՅԴի գործիչներու նկատմամբ խուզարկություններու եւ ձերբակալութիւններու նոր ալիքը ընդդիմութիւնը լռեցնելու եւ հանրութեան մօտ վախի մթնոլորտ տարածելու հերթական փորձ, որ յատուկ է բռնապետական վարչակարգերուն:

Այս ամենուն կողքին թիրախ է ընտրոած նաեւ հայ Սփիւռքը, մանաւանդ անոր կազմակերպուած կառոյցները: Ազգային տեսլականէ դատարկուած ՀՀ-ի իշխող վարչախումբը կը փորձէ ջրել Սփիւռքէն եկող լուրջ մտահոգութիւնները ապատեղեկատուութեամբ եւ արհամարհանքով: Հայաստանի ճակատագիրը միայն Հայաստանի քաղաքացիներու գործը չէ՝ այն համայն հայութեան մտասեւեռումն է։ Մեղսակից լռութիւնն այսօր կարող է յանգեցնել մեր ազգային արժէքներու վաղուան կորուստին եւ բռնատիրական պետական քաղաքականութեան ամրապնդման: Ոչ մէկ հայրենասէր սփիւռքահայ կրնայ մերժել իր պատասխանատուութիւնը՝ լուռ հետևելով, թե ինչպես է պետական լծակները կ’ուղղուին մեր հոգևոր, բարեգործական և ընդդիմադիր տարրերու դէմ:

Իշխանական այս ներհայրենի եւ ներազգային քանդիչ քաղաքականութիւնը հարուած է նաեւ Հայաստանի պետականութեան: Անընդունելի է, որ այս ճգնաժամային ժամանակահատուածին երբ Թուրքիա եւ Ադրբէջան խնդրոյ առարկայ կը դարձնեն հայրենիքի լինելիութիւնն անգամ, Հայաստանի իշխող խմբակը յատուկ ճիգով շարունակէ առաջ տանիլ հայութիւնը պառակտելու, վախի ու սարսափի մթնոլորտի տարածումով ամէն տարակարծութիւն լռեցնելու եւ բռնատիրական միջոցներով ժողովրդավարութիւնը եւ մարդկային տարրական իրաւունքները ոտնահարելու քաղաքականութիւնը:

Ժամանակն է, որ այս գռեհիկ ու ազգակործան կազմակերպուած գրոհը արժանանայ համահայկական աներկբայ խիստ դատապարտումի:

Նախորդը

«Հայ Ըլլալը Ինքնութեանս Անբաժանելի Մասն Է»

Յաջորդը

Համահայկական Օրակարգի Պիտի Վերածենք Արցախահայութեան Տունդարձի Իրաւունքը

RelatedPosts

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 15, 2025
Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»
Գլխաւոր լուրեր

Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին.  Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին. Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?