ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Միացեալ Նահանգներու անկախութեան տօնին առիթով Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լայզա Ճոնսընին յղեց շնորհաւորական նամակ մը:
Լիբանանի Հայ դատի մարմինը նամակին մէջ նշեց. «Այս փառապանծ օրը անկախութեան, ազատութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի տօն է: Ասոնք արժէքներ են, զորս մենք կը կիսենք Միացեալ Նահանգներու եւ ամերիկացի ժողովուրդին հետ, որուն հետ հայ ժողովուրդը պատմութիւն ունի, մասնաւորաբար Հայոց ցեղասպանութեան նախօրեակին, ընթացքին եւ անկէ ետք»:
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը գնահատեց Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան հետ իր ունեցած աշխատանքային յարաբերութիւնը եւ դեսպանէն խնդրեց իր շնորհաւորանքները փոխանցել Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդին ու կառավարութեան: