Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ  Ռուսիոյ Քիրիլ Պատրիարքը Ներկայացնող  Պատուիրակութեան Հետ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Ռուսիոյ Քիրիլ Պատրիարքը Ներկայացնող Պատուիրակութեան Հետ

Ուրբաթ, 16 մայիս 2025-ին, Պէյրութի օդակայանի պատուոյ սրահին մէջ, նախապէս ճշդուած ժամադրութեան համաձայն, հանդիպում կայացաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ ռուս եկեղեցւոյ պետ Քիրիլ պատրիարքը ներկայացնող բարձրաստիճան պատուիրակութեան միջեւ` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքովի: Յիշեցնենք, որ քանի մը օրեր առաջ, Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանը եւ Սուրիոյ ու Լիբանանի ռուս եկեղեցւոյ առաջնորդ հայր Ֆիլիփ այցելած էին մայրավանք, ուր տեսակցութիւն...

Պոլսոյ Մէջ Ռուս-Ուքրանական  Բանակցութիւնները Երկու Ժամ Ետք Աւարտեցան

Պոլսոյ Մէջ Ռուս-Ուքրանական Բանակցութիւնները Երկու Ժամ Ետք Աւարտեցան

Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ պատուիրակութիւնները երէկ Պոլսոյ հետ Թուրքիոյ միջնորդութեամբ վարեցին բանակցութիւններ, որոնք 2022-ի գարունէն ի վեր երկու կողմերուն միջեւ առաջին ուղղակի բանակցութիւններն էին, որոնք երկու ժամ ետք աւարտեցան: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտնեց, թէ երկու կողմերը սկզբունքային համաձայնութիւն գոյացուցած են դարձեալ ժողով գումարելու եւ բանակցութիւններու այլ փուլ մըն ալ ունենալու: Ֆիտան աւելցուց, որ Ուքրանիան եւ Ռուսիան համաձայնած են...

Բագրատունի Այցելեց Արտաքին  Գործոց Նախարար Եուսեֆ Ռաժժիին

Բագրատունի Այցելեց Արտաքին Գործոց Նախարար Եուսեֆ Ռաժժիին

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու նախարար Եուսեֆ Ռաժժիին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանային զարգացումները: Քննարկումի նիւթ դարձան Իսրայէլի շարունակուող յարձակումները, ինչպէս նաեւ սուրիացի գաղթականներու տունդարձի խնդիրը: Բագրատունի կարեւորութեամբ շեշտեց արտաքին գործոց նախարարութեան դերակատարութիւնը Ազրպէյճանի կողմէ գերեվարուած լիբանանցի Վիգէն Իւլճեքեանի ազատ արձակման առնչութեամբ եւ պահանջեց համապատասխան միջոցներով միջամտել ազրպէյճանական իշխանութիւններուն մօտ` լրջութեամբ...

Շամխանի. «Իրան Պատրաստ Է Այսօր  Իսկ Միացեալ Նահանգներու Հետ Հիւլէական  Համաձայնութիւնը Ստորագրելու,  Եթէ Իր Պահանջները Ընդառաջուին»

Շամխանի. «Իրան Պատրաստ Է Այսօր Իսկ Միացեալ Նահանգներու Հետ Հիւլէական Համաձայնութիւնը Ստորագրելու, Եթէ Իր Պահանջները Ընդառաջուին»

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի խորհրդական Ալի Շամխանի յայտնեց, որ Իրանի իշխանութիւնները պատրաստ են պատժամիջոցներու վերացման դիմաց իրենց հիւլէական ծրագիրին շուրջ Միացեալ Նահանգներու հետ անմիջապէս համաձայնութիւն կնքելու: Շամխանի ամերիկեան «Էն.Պի.Սի. Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց, որ Իրան խոստացաւ երբեք հիւլէական զէնք չարտադրել եւ ձերբազատուիլ իր բարձր հարստացուած իւրանիոմի պահեստէն, ինչպէս նաեւ իւրանիոմը բացառապէս քաղաքային օգտագործման համար անհրաժեշտ եղող մակարդակներու...

Թրամփ. «Կը Կարծեմ, Որ Իրանի Հետ  Համաձայնութեան Հասնելու Մօտ Ենք»

Թրամփ. «Կը Կարծեմ, Որ Իրանի Հետ Համաձայնութեան Հասնելու Մօտ Ենք»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Արաբական ծոց իր շրջապտոյտի ծիրին մէջ Տոհա իր այցելութեան երկրորդ օրուան ընթացքին քաթարցի պաշտօնատարներու հետ իր հանդիպումի ընթացքին յայտնեց. «Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհը ուժեղ անձ է, եւ պիտի տեսնենք, թէ Սուրիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցները վերցուելէն ետք ի՛նչ պիտի պատահի»: «Քաթարի Թամիմ պըն Համատ իշխանը հոյակապ մարդ է եւ մեծ ղեկավար: Այս շրջանին մէջ տաղանդաւոր ղեկավարներ...

Ուիթքոֆ. «Լիբանան Անկախ Պետութիւն Է,  Որ Իր Գերիշխանական Որոշումները Ինք Կու Տայ,  Եւ Մենք Կառավարութեան Այդ Կարողութեան  Նկատմամբ Վստահութիւն Ունինք»

Ուիթքոֆ. «Իրանի Հետ Կարելի Է Համաձայնութիւն Գոյացնել Նախքան Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Խաղաղութեան Հասնիլը»

Միացեալ Նահանգներու նախագահի Միջին Արեւելքի յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ «Տը Աթլանթիք»-ին յայտնեց. «Կազայի մէջ երկարատեւ որեւէ լուծում պէտք է Համասի ամբողջական ապազինումը ներառէ»` աւելցնելով, որ «Իսրայէլի մէջ գերիներու ազատ արձակման բանակցութեան ճամբով լուծումի հասնելու շուրջ բուռն պառակտում գոյութիւն ունի»: «Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ պատերազմին վերջ տալու համաձայնութեան հասանելիութիւնը տակաւին հեռու է», նշեց Ուիթքոֆ: «Ռուսիան եւ Ուքրանիան հաւասարապէս պատասխանատու են մինչեւ...

Ակնարկ.  Աբրահամեան Համաձայնագիրին Երկրորդ Փուլը

Ակնարկ. Աբրահամեան Համաձայնագիրին Երկրորդ Փուլը

Սէուտական Արաբիայէն եւ այնտեղ կայացած հանդիպումներուն առիթով այս օրերուն բազմաթիւ ուղղութիւններով կը հնչեն խաղաղասիրական, աւելի ճիշդը զանազան հակամարտութիւններու վերջ դնելու ուղղութեամբ յայտարարութիւններ: Կազայի պատերազմի դադրեցում, Սուրիոյ դէմ կիրարկուող պատժամիջոցներու վերացում, Աբրահամեան համաձայնագիրի վերագործարկում եւ նոր կողմերու ներառում, Լիբանանին աջակցութիւններու նոր թափ եւ անշուշտ` Ուաշինկթըն-Թեհրան բանակցութիւններու արդիւնաւորման մասին ակնարկներ: Երեւութապէս կը թուի, որ արագօրէն հարցերու լուծման, զինադուլներու հաստատման եւ խաղաղութեան պայմանագիրներու...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Պեքայի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններու ծիրին մէջ կիրակի, 18 մայիս 2025-ին նախատեսուած Այնճարի մէջ ընտրութիւնները տեղի պիտի չունենան ՀՅ Դաշնակցութեան առաջադրած թեկնածուներու մրցակիցի չգոյութեան պատճառով: Առ այդ, ընտրուած են. Քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ. Սեդրակ Հաւաթեան Շահան Փանոսեան Նաթալի Տէր Ստեփանեան-Քէնտիրճեան Ալին Քէնտիրճեան Հեղնար Բէնէնեան Թամար Գէօհիւլեան Լուսի Շերպեթճեան-Անտոնեան Շողեր Թիւմպէրեան-Տէքէրմէնճեան Գալէ Տէր Գալուստեան Վարանդ Քէօշէեան Պօղոս Կարօ Քէշիշեան Միհրան Չափարեան Պետիկ...

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի  Աշխատանքի Ժամկէտի Երկարաձգման

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի Աշխատանքի Ժամկէտի Երկարաձգման

Նախարարաց խորհուրդը երէկ Պաապտայի պալատին մէջ գումարեց ժողով մը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի: Տեղեկատուութեան նախարար, կառավարութեան բանբեր Փոլ Մըրքոս ժողովի աւարտին յայտնեց, որ նախագահ Աուն նիստի ընթացքին յայտնած է, որ Քուէյթ իր այցելութիւնը արդիւնաւէտ եւ յաջող էր: Ան նաեւ գնահատած է Պէյրութի օդակայանին մէջ որդեգրուած քայլերը եւ դատապարտած Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումները: Նախարարաց խորհուրդը Հիւսիսային Լիբանանի նահանգապետ Ռամզի Նոհրան...

Լեւոն ԺԴ. Պապը Կը Դատապարտէ Լիբանանի  Ու Կովկասի Մէջ Տագնապները Եւ Արեւելքի  Քրիստոնեաներուն Կոչ Կ՛ուղղէ Կառչած  Մնալու Իրենց Հողին

Լեւոն ԺԴ. Պապը Կը Դատապարտէ Լիբանանի Ու Կովկասի Մէջ Տագնապները Եւ Արեւելքի Քրիստոնեաներուն Կոչ Կ՛ուղղէ Կառչած Մնալու Իրենց Հողին

Լեւոն ԺԴ. պապը Արեւելքի 23 կաթողիկէ եկեղեցիներու ներկայացուցիչները Վատիկանի մէջ ընդունելուն ընթացքին աշխարհի տարածքին հակամարտող կողմերուն իր միջնորդութիւնը առաջարկեց: «Կարելի ամէն ջանք պիտի թափեմ: Սուրբ Աթոռը տրամադրութեան տակ է, որպէսզի թշնամիները հանդիպին եւ իրարու աչքերուն մէջ նային, եւ որպէսզի ժողովուրդները վերատիրանան արժանապատուութեան, որուն արժանի են, եւ ատիկա խաղաղութեան արժանապատուութիւնն է», ըսաւ պապը: Լեւոն ԺԴ. պապը դատապարտեց «տագնապները, որոնք աշխարհը կը...

Ուիթքոֆ. «Լիբանան Անկախ Պետութիւն Է,  Որ Իր Գերիշխանական Որոշումները Ինք Կու Տայ,  Եւ Մենք Կառավարութեան Այդ Կարողութեան  Նկատմամբ Վստահութիւն Ունինք»

Ուիթքոֆ. «Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Վերջնական Կարգաւորման Շատ Մօտ Են. Կը Կարծեմ` Երկուքն Ալ Կրնան Աբրահամեան Խաղաղութեան Համաձայնագիրներուն Միանալ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի աւագ խորհրդական եւ օգնական Սթիւ Ուիթքոֆ «Պրէյպարթ Նիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է` Սպիտակ տունը կ՛ակնկալէ, որ յառաջիկայ ամիսներուն տեղի պիտի ունենայ Աբրահամեան խաղաղութեան համաձայնագիրներու հաւանական ընդլայնում. անոր նախատեսութեամբ` Հայաստանն ու Ազրպէյճանը եւս համաձայնագիրներուն կրնան միանալ: Աբրահամեան խաղաղութեան համաձայնագիրները ստեղծուած են Թրամփի նախագահական առաջին նստաշրջանի ընթացքին: Անոնց նպատակն է տասնամեակներու ընթացքին առաջին անգամ համոզել արաբական...

Ռիատի Մէջ Թրամփ-Շարհ-Պըն  Սալման-Էրտողան Ժողով

Ռիատի Մէջ Թրամփ-Շարհ-Պըն Սալման-Էրտողան Ժողով

Երէկ Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի հետ ժողովը, որուն մասնակցեցան Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մուհամետ Պըն Սալման իշխանը եւ առցանց կերպով` Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը: Սպիտակ տունը հաղորդեց, որ ժողովի ընթացքին Թրամփ Շարհին ըսած է, թէ «իր առջեւ մեծ առիթ գոյութիւն ունի Սուրիոյ մէջ նոր պատմութիւն կերտելու», ինչպէս նաեւ...

Ակնարկ.  Պէյրութը Բոլոր Համայնքներուն Մայրաքաղաքն Է

Ակնարկ. Պէյրութը Բոլոր Համայնքներուն Մայրաքաղաքն Է

Լեռնալիբանանի մէջ կայացած քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն ձեռք բերուած արդիւնքներէն ետք, Պեքայի ընտրութիւններուն ընդառաջ Այնճարի հայութիւնը հերթական անգամ իր բացարձակ վստահութիւնը վերահաստատեց Դաշնակցութեան կողմէ առաջադրուած թեկնածուներուն նկատմամբ, որոնք ընտրուած նկատուեցան առ ի չգոյէ մրցակից ցանկերու կամ թեկնածուներու: Եւ ասիկա` առայժմ քաղաքապետական մակարդակով: Հանգուցաւոր դրուածքի մէջ է Պէյրութը: Պէյրութի առաջնային ընտրազանգուածը սիւննի համայնքն է, որ համայնքային-քաղաքական մէկ կեդրոնի նախկին դրութիւնը չունի:...

ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի  Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի  Չգոյութեան Բերումով

ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի Չգոյութեան Բերումով

Պեքայի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան կիրակի, 18 մայիս 2025-ին: Այս ընտրութիւններուն Այնճարի մէջ քաղաքապետական ընտրութիւններ տեղի պիտի չունենան` առաջադրուած ցանկի մրցակիցի չգոյութեան պատճառով: Սակայն տեղի պիտի ունենան թաղապետական ընտրութիւններ: Այնճարի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ ընտրուած են. Սեդրակ Հաւաթեան Շահան Փանոսեան Նաթալի Տէր Ստեփանեան-Քէնտիրճեան Ալին Քէնտիրճեան Հեղնար Բէնէնեան Թամար Գէօհիւլեան Լուսի Շերպեթճեան-Անտոնեան Շողեր Թիւմպէրեան-Տէքէրմէնճեան Գալէ Տէր Գալուստեան Վարանդ Քէօշէեան...

Թրամփ. «Պատրաստ Ենք Լիբանանին Օգնելու  Տնտեսական Բարգաւաճման Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ապագայ Կառուցելու Համար»

Թրամփ Եւ Սալման Երկու Երկիրներուն Միջեւ Ռազմավարական Տնտեսական Գործընկերութեան Փաստաթուղթ Ստորագրեցին

Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ Պըն Սալման իշխանը Ռիատի Եամամա պալատին մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ պաշտօնական բանակցութիւններ ունեցաւ երկու երկիրներուն միջեւ Ռազմավարական տնտեսական գործընկերութեան  փաստաթուղթին շուրջ: Բանակցութիւններու աւարտին անոնք ստորագրեցին նշեալ փաստաթուղթը: Երկու կողմերը նաեւ ստորագրեցին շարք մը երկկողմանի համաձայնութիւններ եւ շարք մը ոլորտներու, ներառեալ ուժանիւթի եւ պաշտպանութեան ոլորտներուն մէջ երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան փոխադարձ հասկացողութեան արձանագրութիւններ: Հանդիպումին...

Ուիթքոֆ Եւ Քելլոկ Պոլիս Պիտի Մեկնին,  Սակայն Պիտի Ըլլան Դիտորդի Դերի Մէջ

Ուիթքոֆ Եւ Քելլոկ Պոլիս Պիտի Մեկնին, Սակայն Պիտի Ըլլան Դիտորդի Դերի Մէջ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի յատուկ բանագնաց Սթիվըն Ուիթքոֆ եւ Ուքրանիոյ հարցով յատուկ բանագնաց Քիթ Քելլոկ պիտի մեկնին Պոլիս, ուր 15 մայիսին Ուքրանիոյ հարցով ռուս-ուքրանական բանակցութիւններ տեղի պիտի ունենան: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով աղբիւրներ: «Սի.Էն.Էն.»-ի համաձայն, Թրամփի ներկայացուցիչները պիտի սահմանափակուին Մոսկուայի եւ Քիեւի միջեւ երկխօսութեան ծիրին մէջ միայն դիտորդի դերով: Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 11 մայիսի...

Փեսքով. «Ռուսիան Կը Շարունակէ  Պոլսոյ Մէջ Ուքրանիոյ Հետ  Բանակցութիւններուն Պատրաստուիլ»

Փեսքով. «Ռուսիան Կը Շարունակէ Պոլսոյ Մէջ Ուքրանիոյ Հետ Բանակցութիւններուն Պատրաստուիլ»

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց. «Ռուսիան կը շարունակէ պատրաստուիլ Ուքրանիոյ հետ բանակցութիւններուն, որոնք նախատեսուած են 15 մայիսին թրքական Պոլիս քաղաքին մէջ»: «Ռուսական կողմը կը շարունակէ պատրաստուիլ յառաջիկայ հինգշաբթի օր Պոլսոյ մէջ նախատեսուած բանակցութիւններուն», ըսաւ ան: «Եւրոպան Ուքրանիոյ կողքին կը կանգնի եւ չի կրնար պնդել, որ բանակցութիւններուն մէջ հաւասարակշիռ գործելաոճ կը կիրարկէ», նշեց Փեսքով: Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Պէյրութի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան կիրակի, 18 մայիս 2025-ին: Այս ընտրութիւններուն ՀՅ Դաշնակցութեան առաջադրած եւ զօրակցած թեկնածուներն են. Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդ. 1.-Վահրամ Պարսումեան 2.-Մեթր Սերժ Մելքոնեան 3.-Յովհաննէս Պչաքճեան Էշրեֆիէի թաղապետ. 1.-Րաֆֆի Մարգարեան 2.-Հայկ Տէրտէրեան Ռըմէյլի թաղապետ. 1.-Պետրոս Գուլաճեան 2.-Սարգիս Գրաճեան Մըտաուարի թաղապետ. 1.-Յակոբ Քէշիշեան 2.-Րաֆֆի Խրիմեան 3.-Յակոբ Ազնաւորեան 4.-Ռոպեր Քայսերլեան 5.-Րաֆֆի Էլպեքեան 6.-Պետրոս Թոփճեան 7.-Արմէն Սեֆերեան 8.-Հրաչ...

Լիբանանցիներուն Քուէյթ Մուտքը, Իսկ  Քուէյթցիներուն Լիբանան Վերադարձը Դիւրացնելու  Եւ Տարբեր Ոլորտներու Մէջ Համագործակցութիւնը  Ամրապնդելու Համաձայնութիւն

Լիբանանցիներուն Քուէյթ Մուտքը, Իսկ Քուէյթցիներուն Լիբանան Վերադարձը Դիւրացնելու Եւ Տարբեր Ոլորտներու Մէջ Համագործակցութիւնը Ամրապնդելու Համաձայնութիւն

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ կէսօրէ առաջ իր կեցութեան վայրին` Պայան պալատին մէջ ընդունեց Քուէյթի վարչապետի տեղակալ, արտաքին գործոց նախարար շէյխ Ֆահտ Եուսեֆ Սէուտ Սուպահը` ներկայութեամբ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժիի, Քուէյթի մէջ Լիբանանի դեսպանատան գործավար Ահմետ Արֆայի եւ ընկերակցող պատուիրակութեան: Շէյխ Սուպահ յայտնեց. «Լիբանանը իւրաքանչիւր քուէյթցիի սրտին մէջ է, եւ քուէյթցի ժողովուրդը կը զօրակցի լիբանանցի ժողովուրդին եւ բոլոր...

Քոռնելիուս. «Եւրոպական Միութիւնը Պիտի Սկսի  Ռուսիոյ Դէմ Նոր Պատժամիջոցներ Պատրաստել,  Եթէ Մոսկուան Մինչեւ Օրուան Վերջը  Զինադադարի Չհամաձայնի»

Քոռնելիուս. «Եւրոպական Միութիւնը Պիտի Սկսի Ռուսիոյ Դէմ Նոր Պատժամիջոցներ Պատրաստել, Եթէ Մոսկուան Մինչեւ Օրուան Վերջը Զինադադարի Չհամաձայնի»

Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրները Ռուսիոյ դէմ նոր պատժամիջոցներ պիտի սկսին նախապատրաստել, եթէ Մոսկուան մինչեւ օրուան վերջը զինադադարի չհամաձայնի: Երէկ այս մասին յայտարարեց Գերմանիոյ կառավարութեան բանբեր Սթեֆան Քոռնելիուս: Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի մէկ օր առաջ յայտարարած էր, որ պատրաստ է 15 մայիսին անձամբ հանդիպիլ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ, սակայն Մոսկուան մինչ այդ պէտք է երկարաժամկէտ զինադադարին համաձայնի: «Վաղուընէ պիտի սպասենք...

Page 98 of 795 1 … 97 98 99 … 795

Արխիւներ