Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումէն Ետք. «Կ՛ուզենք Լիբանանի Վերականգնման Աշխատանքին Նպաստող Առաջին Արաբական Հաստատութիւնը Ըլլալ» Կ՛ըսէ Արաբական Բարգաւաճման Ֆոնտի Նախագահը
Արաբական բարգաւաճման ֆոնտի նախագահ Պատր Մոհամետ Սաատ երէկ այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտարարեց. «Կ՛ուզենք արաբական առաջին հաստատութիւնը ըլլալ, որ Լիբանանին օժանդակութիւններ ու մօտալուտ վարկեր կը տրամադրէ` նպաստելու համար Լիբանանի մէջ վերականգնման աշխատանքին»: «Լիբանանի մէջ թեքնիք եւ ուսումնասիրական յանձնախումբ մը ունինք` յօգուտ Լիբանանի ծրագիրներու համար, եւ իբրեւ ֆոնտ ուսումնասիրութեան եւ ծրագիրներու գործադրութեան մակարդակի վրայ...




















