Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ. «Մենք Կազայի Շուրջ Համասի Հետ Գործարքի Մը Շատ Մօտ Ենք»

July 8, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ շատ լաւ առիթ գոյութիւն ունի այս շաբաթ պաղեստինեան Համաս շարժումին հետ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման եւ գերիներու ազատ արձակման շուրջ համաձայնութիւն մը կնքելու:

Թրամփ լրագրողներուն նաեւ յայտնեց, որ այդպիսի համաձայնութիւնը կը նշանակէ, թէ կարելի է «պատանդներու նկատառելի թիւի մը» ազատ արձակումը ապահովել:

«Իսրայէլի հետ կ՛աշխատինք շարք մը խնդիրներու վրայ, որոնցմէ է թերեւս Իրանի հետ տեւական համաձայնութիւնը», աւելցուց ան:

Մինչ այդ, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ հասաւ Ուաշինկթըն, ուր հանդիպում պիտի ունենայ Սպիտակ տան ղեկավարին հետ:

Նեթանիահու օդանաւ բարձրանալէ առաջ լրագրողներուն ըսած էր, թէ Թրամփի հետ հանդիպումը կրնայ համաձայնութեան գոյացման նպաստել:

«Կ՛ուզենք գործարք կնքել ըստ այն պայմաններուն, որոնց շուրջ համաձայնած էինք, եւ (Համասի հետ բանակցութիւններու համար Տոհա գտնուող) իսրայէլեան պատուիրակութիւնը այդ ուղղութեամբ յստակ ցուցմունքներ ունի», աւելցուցած էր ան:

«Ռոյթըզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Համասի եւ Իսրայէլի միջեւ Կազայի մէջ 60-օրեայ զինադադարի ամերիկեան առաջարկին շուրջ Տոհայի մէջ բանակցութիւններու առաջին օրը աւարտած է առանց յստակ արդիւնքի: Նեթանիահուի գրասենեակը, սակայն, նշեց. «Համասի պատասխանը յուսացուածէն նուազ էր, սակայն բանակցութիւնները կը շարունակուին»:

Ամերիկացի պաշտօնատարներ իսրայէլեան «Ուալլա» կայքին յայտնած են, թէ Թրամփ կ՛ուզէ Նեթանիահուի հետ համաձայնիլ Կազայի պատերազմին վերջ տալու պայմաններուն շուրջ, եւ պատերազմի «յաջորդ օրուան» հարցը անոնց հանդիպումի ընթացքին քննարկման գլխաւոր նիւթերէն մէկը պիտի ըլլայ:

Պաշտօնատարները աւելցուցին, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը կ՛ուզէ լսել Իսրայէլի վարչապետի այս հարցին շուրջ դիրքորոշումը եւ փոխադարձ հասկացողութիւններ գոյացնել:

 

Նախորդը

Էրտողան Ռուսիոյ Եւ Ազրպէյճանի Զսպուածութեան Կոչ Կ՛ուղղէ

Յաջորդը

Զաթուլին. «Ղարաբաղը Իբրեւ Աղիւս Հանեցին Անդրկովկասի Շէնքէն, Եւ Ամէն Ինչ Փուլ Եկաւ»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թրքական Եւ Ազրպէյճանական  Առաւելապաշտութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թրքական Եւ Ազրպէյճանական Առաւելապաշտութիւնը

November 11, 2026
Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա  Բանակցութիւնները
Գլխաւոր լուրեր

Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա Բանակցութիւնները

November 11, 2026
Ռեզայի. «Ժամանակն Է, Որ Միացեալ Նահանգները  Դադրեցնեն Իրանի Հետ Կեղծ Բանակցութիւններու  Մասին Կեղծ Նորութիւններ Տարածելը»
Միջազգային

Ռեզայի. «Ժամանակն Է, Որ Միացեալ Նահանգները Դադրեցնեն Իրանի Հետ Կեղծ Բանակցութիւններու Մասին Կեղծ Նորութիւններ Տարածելը»

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.