Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիեւ. «Ազրպէյճան Բարձր Կը Գնահատէ Իսլամական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան Պոլսոյ Բանաձեւը»

July 5, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանը բարձր կը գնահատէ անցեալ ամիս Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան նախարարներու խորհուրդին մէջ «բոլոր 57 անդամ պետութիւններու կողմէ» ընդունումը բանաձեւի մը, որով «աջակցութիւն կը յայտնուի Հայաստանէն բռնի կերպով արտաքսուած ազրպէյճանցիներու վերադարձի իրաւունքին»:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ բռնագրաւեալ Ստեփանակերտի մէջ կազմակերպուած Տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան վեհաժողովի ընթացքին իր խօսքին մէջ յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:

Ալիեւ նաեւ պնդած է. «Հայաստանէն արտաքսուած արեւմտեան ազրպէյճանցիներու իրաւունքներու ապահովումը մեծ նշանակութիւն ունի»:

Յիշեցնենք, որ 21-22 յունիսին Պոլսոյ մէջ գումարուած նիստին մասնակից Լիբանանի պատուիրակութիւնը վերապահութիւն յայտնեց «Հայաստանի Հանրապետութեան` Ազրպէյճանի Հանրապետութեան վրայ յարձակումի հետեւանքներու վերացում» նախագիծին, ինչպէս նաեւ «1992-ի Խոջալուի ջարդի զոհերուն զօրակցութիւն» եւ «Հայաստանի ներկայ տարածքէն բռնի եւ կանոնաւոր կերպով տեղահանուած ազրպէյճանցիներու տունդարձի իրաւունք» նախագիծերուն նկատմամբ:

Երեւան խեղաթիւրուած եւ ծայրայեղ միակողմանի որակած է Պոլսոյ մէջ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան նախարարներու խորհուրդին որդեգրած հռչակագիրն ու այլ փաստաթուղթերը` իր հիասթափութիւնը արտայայտելով անոնց նկատմամբ:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երկու շաբաթ առաջ ընդգծած էր, որ Թեհրան Պոլսոյ հաւաքին ժամանակ որդեգրուած յայտարարութեան մէջ տեղ գտած որոշ ձեւակերպումներ, բառեր եւ բառակապակցութիւններ չի պաշտպաներ:

«Մեր կարծիքով` նման ձեւակերպումներու եւ արտայայտութիւններու կիրարկումը կրնայ աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններու ցանկութիւն յառաջացնել», յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին Յղեց Շնորհաւորական Նամակ Մը

Յաջորդը

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Ռուսիոյ Դեսպանին Բողոքագիր Յանձնած Է Հայաստանի Ներքին Գործերուն Միջամտութեան Վերաբերեալ

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.