Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Սահմանադրութեան Օրուան Հիմնական Խորհուրդն ու Ուղերձը

July 8, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սահմանադրութեան օրուան նշումին առիթով լոյսին պէտք է գային շատ մը հիմնական խնդիրներ, որոնցմէ կախեալ է նաեւ մեր երկրին հետ կապուած հետագայ իրադարձութիւններու ընթացքը: Հիմնական միտքը, որ արծարծուեցաւ, այն է, որ պէտք է փոխուի գործող Սահմանադրութիւնը: Բովանդակային քննարկում չկար, թէ ի՞նչ են այն բաժինները, որոնք պէտք է բարեփոխուին, ընդհանրապէս դուրս գան կամ այլ յօդուածներու պարագային վերամշակուին կամ նոյնիսկ ամբողջովին նոր մշակուին:

Շատ պարզեցուած ձեւով հիմնական առարկութիւնը այն է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան փոխուած բոլոր Սահմանադրութիւնները, մինչեւ գործողը, չեն ստացած ժողովուրդի քուէն: Պէտք է ունենալ այնպիսի Սահմանադրութիւն, որ կը վայելէ ժողովուրդի քուէն: Այս նոյն դասական յանկերգն է բոլոր նախորդ ընտրութիւնները կեղծուած նկատելու եւ Հայաստանի ընտրական համակարգը իբրեւ թէ կեղծիքազրկելու:

Ասիկա շղարշն է: Ըստ էութեան, Անկախութեան հռչակագիրի   իրաւազրկումին կը վերաբերի բուն խնդիրը:

Յօդուած 203. Սահմանադրութեան անփոփոխելի յօդուածները

Սահմանադրութեան 1-ին, 2-րդ, 3-րդ եւ 203-րդ յօդուածները փոփոխման ենթակայ չեն:

Իսկ Սահմանադրութեան 1 յօդուածին մէջ յղում կը կատարուի Անկախութեան հռչակագիրին: Հետեւաբար խօսքը բարեփոխումի մասին չէ, այլ ամբողջական փոփոխութեան:

Այս հաստատելով սակայն միաժամանակ երկիրը ընտրովի ձեւով կը կառավարուի ներկայ սահմանադրութեամբ: Վարչապետական լիազօրութիւնները կը գերակատարուին, յաճախ իրար կը խառնուին արդարադատութիւնն ու քաղաքականութիւնը, պետութիւնը կոպիտ ձեւով միջամուխ կ՛ըլլայ եկեղեցւոյ գործերուն, հանրապետութեան տարածքային թուանշանները փոփոխութիւններու կ՛ենթարկուին: Նման սահմանադրազանցումներու շարքը կարելի է երկարել:

Հիմա գանք քաղաքական բուն խնդիրին: Սահմանադրութեան օրուան նշումներուն բարձրագոյն մակարդակներէ ակնարկ չեղաւ Անկախութեան հռչակագիր-Սահմանադրութիւն իրաւական կապի չեղարկումին: Բնականաբար այս մէկը կարեւորագոյն հանգոյց է: Ինչ որ կը պահանջեն միաժամանակ թէ՛ Թուրքիան եւ թէ՛ Ազրպէյճանը: Կէտերը կը վերաբերին Արցախի վերամիաւորումին, համայն հայութեան իղձերու կենսագործման, պատմական իրաւունքներու վերականգնման եւ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման սատար կանգնելուն:

Վարչապետը իր յայտարարութիւններով եւ առած քայլերով բազմաթիւ անգամներ խախտած է Սահմանադրութիւնը այս առումներով եւս: Խնդիրը այն է, որ քաղաքականացուած Սահմանադրական դատարանը չ՛ուզեր նկատել հակասահմանադրականութիւնը այս բոլորին:

Երթանք աւելի հեռու: Խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութեան ընդառաջ, Պաքուն նախապայմանի տեսքով կ՛արծարծէ Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը: Նոր Սահմանադրութիւնը կ՛ենթադրէ հանրաքուէ: Ենթադրենք, որ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութենէն առաջ իշխանութիւնները պիտի ձեռնարկեն հանրաքուէի կազմակերպումին: Միաժամանակ հանրաքուէի արդիւնքներու ընդունման մասին Սահմանադրութիւնը կը հաստատէ.

Յօդուած 207. Հանրաքուէի դրուած աքթի  ընդունումը

Հանրաքուէի դրուած աքթը կ՛ընդունուի, եթէ անոր կողմ քուէարկեն հանրաքուէի մասնակիցներու կէսէն աւելին, բայց ոչ պակաս, քան հանրաքուէներուն մասնակցելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիներուն մէկ քառորդը:

Այս կը նշանակէ, որ բաւական տարբեր թիւեր են, պարզ համապետական, այս պարագային խորհրդարանական եւ Սահմանադրութեան փոփոխութեան համար հանրաքուէին մասնակցողներուն թիւերը:

Թէ՛ Երեւանի եւ թէ՛ Գիւմրիի քաղաքապետական ընտրութիւնները համոզեցին, որ իշխող մեծամասնութիւնը յառաջատար ըլլալով հանդերձ չէր կրցած ապահովել պարզ մեծամասնութիւնը: Այս պայմաններուն մէջ կրնայ ենթադրուիլ, որ առաւել եւս դժուարութիւն կ՛ունենայ պահանջուած սահմանադրական թիւերը ապահովելու:

Իսկ իշխանութիւններու նախաձեռնութեան տապալումը վստահութեան քուէի համազօր աքթ է: Աւելի մասնակի` «Իրական Հայաստան»-ի գաղափարախօսութեան մերժումը եւ Անկախութեան հռչակագիրի հիմնադրոյթներով ազգի ամբողջականութեան սկզբունքին կառչած մնալը:

Ամէնէն շատ այս խորհուրդը եւ պետութեան վերակերտումի կարելիութիւն ցոյց տուող ուղին է, որ կ՛ընդգծուի Սահմանադրութեան օրուան առիթով:

 

Նախորդը

Ընդդիմախօսները Լռեցնելու Ակնյայտ Քայլով Մը` Ազգային Ժողովը Անձեռնմխելիութենէն Զրկեց Սէյրան Օհանեանը Եւ Արծուիկ Մինասեանը

Յաջորդը

Ֆայեզ Էլ Ղուսէյն. Հայասպանութեան Փաստագրող Ֆայեզ Էլ Ղուսէյնը Յայտնաբերող Երուանդ Տ. Գարաճեան

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.