Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ Կը Բացառէ Իրանը Անգամ Մը Եւս Հարուածելը Եւ Անոր Հետ Ժողովը Մօտալուտ Կը Նկատէ

Յուլիս 9, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ բացառեց Իրանը անգամ մը եւս հարուածելը` նշելով, որ Թեհրանի հետ ժողովի գումարումը մօտալուտ է:

Թրամփ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի ի պատիւ ընթրիքի ընթացքին լրագրողներու հարցումին պատասխանելով յայտնեց, թէ կը յուսայ, որ Իրանի հետ պատերազմը աւարտած է:

Ան նշեց, թէ իրանեան ղեկավարութիւնը խաղաղութեան հաստատման համար կ՛ուզէ հանդիպում ունենալ:

Սպիտակ տան ղեկավարը աւելցուց, որ ինք չի կրնար երեւակայել, թէ կրնայ Իրանին անգամ մը եւս հարուածել փափաքիլ, որովհետեւ կ՛ուզէ լուծումի հասնիլ:

Թրամփ յոյս յայտնեց, որ յարմար ատենին Իրանի դէմ հաստատուած ամերիկեան «խիստ» պատժամիջոցները կը վերցուին:

Ան ըսաւ, որ Դամասկոսի դէմ հաստատուած պատժամիջոցներու ջնջումը պիտի օգնէ, որ Սուրիան յառաջ ընթանայ, եւ յոյս յայտնեց, որ Իրան նոյնպիսի քայլ մը առնէ: «Սուրիոյ նոր ղեկավարին հետ հանդիպում ունեցայ, զինք հաւնեցայ, վերցուցինք անոնց դէմ հաստատուած պատժամիջոցները եւ անոնց առիթ մը տուինք», նշեց ան:

Մինչ այդ, Միջին Արեւելքի հարցով Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ յայտարարեց. «Իրանցիներուն հետ ժողովը շատ շուտով տեղի պիտի ունենայ, թերեւս յառաջիկայ շաբաթ տեղի ունենայ»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի, սակայն, նշեց. «Մեր կողմէ ամերիկեան կողմին հետ հանդիպում ունենալու դիմում չենք ներկայացուցած»:

Նեթանիահու իր կարգին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի կարողութիւնները նպաստեցին «արմատախիլ ընելու Իսրայէլին սպառնացող երկու ուռեր` Իրանի հիւլէական եւ թեւաւոր զէնքերը»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը նաեւ յայտնեց. «Համաս կ՛ուզէ զինադադար հաստատելու համար բանակցիլ, եւ բանակցութիւններուն մէջ հարցերը լաւ ձեւով կ՛ընթանան»:

Իսրայէլի վարչապետը Սպիտակ տան մէջ Թրամփի հետ հանդիպումի ընթացքին նշեց. «Նախապէս Իրանը Սուրիան կը ղեկավարէր, իսկ այժմ այդտեղ կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման առիթ գոյութիւն ունի»:

«Իրանի դէմ մեր յաղթանակը պատմական էր եւ Միջին Արեւելքի դէմքը փոխեց, եւ այժմ Աբրահամեան համաձայնութիւնները ընդլայնելու պատմական առիթ գոյութիւն ունի», ըսաւ ան:

«Խաղաղութիւն կրնանք գոյացնել պաղեստինցիներուն հետ, որոնք չեն ուզեր մեզ ոչնչացնել, սակայն անվտանգութիւնը պիտի մնայ մեր ձեռքը», նշեց Նեթանիահու` աւելցնելով. «Ոմանք մեզմէ կը պահանջեն պաղեստինցիներուն պետութիւն տալ, սակայն ատիկա մեզ ոչնչացնելու հարթակ պիտի ըլլայ»:

«Պաղեստինցիները կրնան իրենք զիրենք կառավարել, սակայն ոչ մեզի սպառնալ», յայտնեց Իսրայէլի վարչապետը:

«Թրամփ ընտրութեան ազատութեան մասին խօսեցաւ. եւ եթէ Կազայի բնակիչները ուզեն հեռանալ, կրնան ատիկա ընել, իսկ ան որ կ՛ուզէ, կրնայ մնալ», նշեց ան:

«7 հոկտեմբերէն ետք Համաս Իսրայէլի մէջ պետութիւն մը ունէր, սակայն ես զայն քանդեցի», յայտարարեց Նեթանիահու:

«Միջին Արեւելքի մէջ կրնանք հաստատել աւելի լայն խաղաղութիւն մը, որ մեր բոլոր դրացիները կը ներառէ», նշեց Իսրայէլի վարչապետը:

Միւս կողմէ, իսրայէլացի պաշտօնատար մը երէկ յայտնեց. «Նեթանիահու Թրամփէն Իրանը անգամ մը եւս հարուածելու «կանաչ լոյս» չուզեց»:

 

 

Նախորդը

Մինչ Ռուսիան Երկու Մարզերու Մէջ Յառաջխաղացք Կ՛արձանագրէ. Թրամփ Կը Խոստանայ Ուքրանիոյ «Պաշտպանական» Զէնքեր Ուղարկել

Յաջորդը

Հաճիեւ. «Կ՛ակնկալենք, Որ Հայաստան Կը Փոխէ Իր Սահմանադրութեան Բնագիրը»

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?