Տակաւին պաշտօնական յայտարարութիւններ չկան, այդուհանդերձ չէ հերքուած նաեւ այս ամսուան ընթացքին Տուպայի մէջ կայանալիք Ալիեւ-Փաշինեան հանդիպումը:
Կ՛ենթադրուի, քաղաքական տրամաբանութեամբ, որ Պոլսոյ մէջ Էրտողանի հետ կայացած հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են այն հիմնական խնդիրները, որոնք կը շարունակեն հանգուցուած պահել Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւնները:
Մինչ այդ, Պաքուի առաջ քշած նախապայմանները`
1.- Փոխել Հայաստանի սահմանադրութիւնը,
2.- Դադրեցնել եւրոպացի դիտորդներուն գործունէութիւնը,
3.- Լուծարել ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակը,
4.- Ապահովել ազրպէյճանցիներու «վերադարձը» Հայաստան,
5.- Զսպել Հայ առաքելական եկեղեցին եւ Հայաստանի ազգային ուժերը` բացառելով վրէժխնդրութիւնը,
6.- Ընդմիշտ փակուած նկատել Արցախ վերադարձի հարցը,
7.- Չարծարծել Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցը.
8.- Փակել Մեծամօրի աթոմակայանը,
9.- Սիւնիքի մէջ տրամադրել Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ չվերահսկուող միջանցք-ճանապարհ,
10.- Դուրս բերել երրորդ երկիրներու ռազմական ներկայութիւնը,
11.- Դադրեցնել սպառազինումը:
Այս նախապայմանները կրնան համալրուիլ տակաւին: Անոնցմէ շատեր հեռու են անմիջապէս գործադրուելու կարելիութենէն: Այս բոլորին բուն հանգոյցը 9-րդ կէտն է: Կը կատարուի ձեւակերպումի փոփոխութիւն: «Զանգեզուրի միջանցք»-ը հաղորդուղիներու բացումով կամ «խաղաղութեան խաչմերուկ»-ով կը փոխարինուի:
Ամերիկեան նշանաւոր «Քառնըկի» կեդրոնի հրապարակումը, որ ամերիկեան պետութիւնը առաջարկած է այդ բացուող ճանապարհներուն անվտանգութեան վերահսկողութիւնը յանձնել ամերիկեան մասնաւոր ընկերութեան, առաջին անգամը չէ, որ կ՛արծարծուի: Այս կը նշանակէ նախ եւ առաջ բացառում ռուսական զօրքերու վերահսկողութեան, կամ չեղարկումի ամրագրում` նոյեմբերեան յայտարարութեան 9-րդ կէտին: Կը նշանակէ բնականաբար, որ թրքական կամ ազրպէյճանական զօրքեր պիտի չըլլան այնտեղ. փոխարէնը` ամերիկեան անվտանգային գործիքակազմ:
Այս ձեւաչափը աշխարհաքաղաքական նշանակութիւն կրնայ ունենալ եւ ուղղակի կապուիլ Միացեալ Նահանգներ-Իրան բանակցութիւններուն, որոնց 6-րդ փուլի ազդանշանը տրուեցաւ արդէն. 6-րդ փուլը պիտի կայանայ Օսլոյի մէջ:
Հիւլէական զէնքէ հրաժարումի համաձայնութեան դիմաց, Իրան պիտի ստանայ պատժամիջոցներու ամբողջական վերացում եւ տնտեսական ապաշրջափակում: Ապաշրջափակման ուղիի առաջին կարեւոր անցքը Սիւնիքն է, ուր պիտի տեղակայուի ամերիկեան մասնաւոր ընկերութիւնը, եթէ անշուշտ ընդունինք «Քառնըկի»-ի հրապարակած տեղեկութեան իրողականութիւնը:
Տուպայի հանդիպումը այս բոլորին մասին պիտի չհրապարակէ անշուշտ: Պարզապէս դիւանագիտական ուղին բաց պահած պիտի ըլլայ. որմէ ետք Պաքուն կը վերադառնայ իր նախապայմաններուն, մինչեւ որ այս աշխարհաքաղաքական հանգոյցին շուրջ կայանայ գլխաւոր խաղցողներուն միջեւ համաձայնութիւն:
«Ա.»


