Աշխատանքային այցելութեամբ Պրիւքսելի մէջ գտնուող` ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան 1-2 յուլիս հանդիպումներ ունեցած է Եւրոպական խորհրդարանի ընկերվար-ժողովրդավարական քաղաքական խումբի փոխնախագահ Եանիս Մանիաթիսի, նոյն քաղաքական խումբի անդամներ եւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ ուղղակիօրէն ներգրաւուած պատգամաւորներ Վիթենիս Անտրիուքայիթիսի եւ Նաչօ Սանչես Ամորի հետ:
Քննարկուած են շրջանային խնդիրներ, հայաստանեան ներքաղաքական վերջին զարգացումները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի համար անվտանգային նշանակութեան այնպիսի հարցեր, որոնք կը վերաբերին ազրպէյճանական յարձակողապաշտութեան, հայ ռազմագերիներու ապօրինի պատանդառութեան, արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքի իրականացման եւ այլն:
Նախանշուած են ՀՅ Դաշնակցութեան եւ Եւրոպական խորհրդարանի ընկերվար-ժողովրդավարական քաղաքական խումբին միջեւ տեւական համագործակցութեան նոր թափ հաղորդելուն միտուած նախաձեռնութիւններ: