Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընդդիմախօսները Լռեցնելու Ակնյայտ Քայլով Մը` Ազգային Ժողովը Անձեռնմխելիութենէն Զրկեց Սէյրան Օհանեանը Եւ Արծուիկ Մինասեանը

July 8, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

59 կողմ ձայնով Ազգային ժողովը երէկ անձեռնմխելիութենէ զրկեց «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեանը եւ քարտուղար Արծուիկ Մինասեանը եւ կանաչ լոյս վառեց ընդհանուր դատախազին համար` քրէական հետապնդում սկսելու ընդդիմադիր պատգամաւորներուն նկատմամբ:

Աւելի կանուխ ժամերուն շարունակուած քննարկման ժամանակ ընդհանուր դատախազ Աննա Վարդապետեան շարունակած էր պնդել, թէ բաւարար ապացոյցներ ունի. «Պէտք է մեզի տալ կարելիութիւն քրէական հետապնդման ենթարկել անձին, որուն գործողութեամբ, ըստ էութեան, օրինականացուած է ապօրինի գոյք»:

Ընդհանուր դատախազը պնդած էր, որ Սէյրան Օհանեան պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնը վարելու տարիներուն բռնագրաւած է Գեղարքունիքի մարզի Դրախտիկ համայնքին մէջ` Սեւան ազգային զբօսայգիի տարածքին մէջ գտնուող պետական հողատարածքը եւ առանց կառուցապատման իրաւունքի անոր վրայ առանձնատուն կառուցած էր, ապա յայտարարագիրին մէջ թաքցուցած էր այդ սեփականութիւնը:

Երկրորդ միջնորդութեամբ դատախազութիւնը կը նշէ, որ Արծուիկ Մինասեան, ըլլալով բնապահպանութեան նախարար, չէ կատարած ծառայողական պարտականութիւնները, թաքցուցած է Սէյրան Օհանեանին վերագրուող ենթադրեալ ապօրինութիւնները` ատով պետութեան էական վնաս պատճառելով:

«Չէք կրնար նշել իրաւական որեւէ կանոն, որ իբրեւ նախարար ես գործած եմ ծառայողական շահերուն հակառակ: Իմ կառավարման շրջանիս չէ եղած ապօրինի շինարարութիւն», յայտարարեց Արծուիկ Մինասեան:

Հակադարձելով ընդհանուր դատախազին` ընդդիմադիր պատգամաւորը իր ծաւալուն ելոյթին մէջ պնդեց` սա ընդամէնը քաղաքական ընդդիմախօսները լռեցնելու փորձ է. «Վիրաւորականը գիտէ՞ք որն է, որ 30 տարիէ աւելի ըլլալով պետական ծառայութեան մէջ նման ցած կարգի իրաւական մտածողութեամբ մեղադրանքի ես չէի հանդիպած: Իմ միտքը մի՛ վիրաւորէք, դուք ինծի կ՛ըսէք. «Ձեր բոլոր գործողութիւններուն համար ձեզ կը մեղադրենք ձեր ցուցմունքով», յետոյ կ՛ըսէք. «Դուք յատուկ ըրած էք այդ գործողութիւնը, որպէսզի իրաւական թողարկման ենթարկէք ձեր յանցաւոր մտադրութիւնը», լաւ, անտրամաբանական այս եզրայանգումը ուրկէ՞ վերցուցած էք, ո՞վ ձեզի իրաւունք տուած է այս աստիճանի բռնաբարել իրաւունքը, չէք կրնար այս ոճով եւ այս որակի ներկայացուած մեղադրանքով իմ հեղինակութեանս վրայ ազդել»:

Մինասեան ըսաւ իր խօսքը եւ դուրս եկաւ նիստերու դահլիճէն: Ընդդիմադիր երկու ուժերն ալ պնդեցին, որ քաղաքական հաշուեյարդարի հետ գործ ունին:

Նախորդը

Էրտողան. «Հայաստան «Զանգեզուրի Միջանցք»-ի Հարցին Մէջ Աւելի Ճկուն Մօտեցում Կը Ցուցաբերէ»

Յաջորդը

Խմբագրական. Սահմանադրութեան Օրուան Հիմնական Խորհուրդն ու Ուղերձը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թրքական Եւ Ազրպէյճանական  Առաւելապաշտութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թրքական Եւ Ազրպէյճանական Առաւելապաշտութիւնը

November 11, 2026
Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա  Բանակցութիւնները
Գլխաւոր լուրեր

Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա Բանակցութիւնները

November 11, 2026
Ստեփանաւանի Համայնքապետի Թեկնածու  Արսէն Գէորգեան Մահացաւ Կալանավայրին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Ստեփանաւանի Համայնքապետի Թեկնածու Արսէն Գէորգեան Մահացաւ Կալանավայրին Մէջ

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.