Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յուլիսի վերջին պիտի հանդիպին Տուպայի մէջ: Այս մասին հաղորդեց «Միտըլ Իսթ Այ» պարբերականը:
Կը սպասուի, որ Ալիեւն ու Փաշինեանը քննարկեն խաղաղութեան համաձայնագիրի նախագիծը:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հետ Ազրպէյճանի յարաբերութիւններուն ծանօթ աղբիւր մը «Միտըլ Իսթ Այ»-ին յայտնած է, թէ Ալիեւ սերտ յարաբերութիւն ունի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ղեկավար շէյխ Մոհամետ Պըն Զայետ Ալ Նահիանի հետ:
Աղբիւրը աւելցուցած է, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները կը փափաքին երկու կովկասեան երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու իրենց ջանքերուն ծիրին մէջ բանակցութիւնները հիւրընկալել:
Միւս կողմէ, «Թիւրքիէ Թուտէյ» օրաթերթը հաղորդեց, որ ընկերային ցանցերու վրայ շրջող չհաստատուած լուրերու համաձայն, Հայաստան, Թուրքիա եւ Ազրպէյճան «Զանգեզուրի միջանցք»-ին շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած են:
Օրաթերթը կը հաղորդէ, որ «ՔոքըսըսՈւարՌիփորթ»-ը «Էքս»-ի վրայ պնդած է. «Մինչեւ պաշտօնական մանրամասնութիւններու հրապարակուիլը երկար մեկնաբանութիւն պիտի չկատարենք, սակայն Հայաստանը, Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վերջերս Թուրքիա այցելութեան ընթացքին «Զանգեզուրի միջանցք»-ին շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած են: Այս համաձայնութեան հիմամբ, Ռուսիան միջանցքին վրայ զերօ վերահսկողութիւն պիտի ունենայ` գործնականին մէջ ամբողջութեամբ դուրս մնալով»:
«ԱզերիԹայմզ» իր կարգին «Էքս»-ի վրայ գրած է. «Գոյութիւն ունին շարք մը տեղեկութիւններ, թէ Թուրքիան, Ազրպէյճանն ու Հայաստանը «Զանգեզուրի միջանցք»-ին շուրջ համաձայնութեան կը մօտենան, կարողական կերպով լուսանցքայնացնելով Հարաւային Կովկասի մէջ Ռուսիոյ ազդեցութիւնը»:
Մինչ այդ, բանակցութիւններու ծանօթ դիւանագիտական աղբիւրներ «Քառնըկի Ընտաումընթ ֆոր Ինթըրնեշընըլ Փիս»-էն Օլեսիա Վարդանեանին յայտնած են, թէ Թրամփի վարչակազմը շրջանառութեան մէջ դրած է առաջարկ մը Հայաստանի հարաւային Սիւնիք մարզէն անցնող անցքի հարցը իր անել կացութենէն դուրս բերելու համար:
Ամերիկեան առաջարկին համաձայն, ամերիկեան գումակային ընկերութիւն մը պիտի ստանձնէ անցքին կառավարումն ու վերահսկողութիւնը, այդպիսով բաւարարելով Պաքուի երկարատեւ ապահովական երաշխիքներու պահանջը եւ պահպանելով միջանցքին վրայ Երեւանի գերիշխանութիւնը: