Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ, Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Թամըս Պարրաք երէկ այցելեց Պէյրութ եւ անմիջապէս ուղղուեցաւ Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ:
Հանդիպումէն ետք Պարրաք շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանեան պատասխանին համար եւ զայն նկատեց «գաղափարներով հարուստ»:
Ան հաստատեց, որ ստացած է պատասխանը` աւելցնելով, որ կարգաւորման հասնելու նպատակով անոր մանրամասնութիւնները պիտի սերտուին:
Ամերիկացի պատուիրակը նշեց, որ Լիբանանն ու շրջանը նուրբ ժամանակէ կ՛անցնին` շեշտելով, որ Միացեալ Նահանգներ աշխատանք կը տանին բանաձեւելու Լիբանանի մէջ ապագայի համար ծրագիր մը, որ շարունակուող երկխօսութիւն կը պահանջէ:
Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յանձնառու է Լիբանանի մէջ խաղաղութեան ու բարգաւաճման հաստատման` յայտնելով, որ գոհ է լիբանանեան պատասխանէն եւ պատրաստ է միասնաբար աշխատելու կայունութեան իրագործման համար ապագայ ծրագիրի մը բանաձեւման վրայ:
«Լիբանանին Հըզպալլայի վերաբերեալ ինչ ընելիքը չենք թելադրեր, եւ Լիբանան պէտք է կուսակցութեան հետ աշխատի եւ ոչ թէ Միացեալ Նահանգներուն», աւելցուց Պարրաք:
Ամերիկացի պատուիրակը ըսաւ. «Իսրայէլ Լիբանանի հետ խաղաղութիւն կ՛ուզէ, եւ մարտահրաւէրը այդ մէկը ինչպէս իրագործելն է»:
«Լիբանան ստիպուած չէ որեւէ ժամանակացոյց յարգելու, մանաւանդ որ իր իրագործել ուզածին շուրջ տարազ մը կ՛ուզէ, եւ մենք հոս ենք օգնելու համար: Լիբանանի մէջ խնդիրը Իրանը չէ, այլ լիբանանցիներուն իրարու հետ համաձայնելու անկարողութիւնը», շեշտեց դեսպանը:
«Իսրայէլի, Հըզպալլայի եւ լիբանանեան բանակին միջեւ որդեգրուած մեքանիզմը չյաջողեցաւ, եւ ամերիկեան փաստաթուղթին լիբանանեան պատասխանը շատ պատասխանատու էր», շեշտեց Պարրաք:
Նախագահական պալատը յայտարարեց, թէ նախագահ Ժոզեֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ ժողովի ընթացքին Սուրիոյ հարցով ամերիկացի յատուկ պատուիրակ Թամըս Պարրաքին ամբողջական լուծումի մը շուրջ լիբանանեան գաղափարներ յանձնած է:
Պարրաք ապա այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:
Աւելի քան մէկ ժամ տեւած հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ շրջանին մէջ կացութեան զարգացումները, ինչպէս նաեւ քաղաքական ու ապահովական զարգացումները:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ հանդիպումը լաւ եւ շինիչ էր, եւ անոր ընթացքին մեծ նախանձախնդրութեամբ նկատի առնուեցան Լիբանանի եւ անոր գերիշխանութեան շահերը, բոլոր լիբանանցիներուն մտահոգութիւնները, ինչպէս նաեւ Հըզպալլայի պահանջները:
Ամերիկացի պատուիրակը նաեւ այցելեց վարչապետարան, ուր հանդիպում ունեցաւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ, որ հանդիպումի աւարտին յայտնեց. «Քննարկում կատարեցինք հիմնուելով այն սկզբունքներուն վրայ, որոնք հաստատեցինք կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ, եւ անոնք են լիբանանեան հողերէն իսրայէլեան ամբողջական հեռացման, յարձակումներու դադրեցման, վերաշինութեան հոլովոյթին սկսելու եւ գերիները ազատ արձակելու անհրաժեշտութիւնը»:
«Պետութիւնը միակն է, որ պատերազմի եւ խաղաղութեան որոշումը ունի, եւ ատիկա քննարկեցինք Պարրաքի հետ», նշեց Սալամ:
«Հըզպալլան մաս կը կազմէ լիբանանեան պետութեան, եւ կուսակցութեան բոլոր երեսփոխանները կառավարութեան աշխատանքի ծրագիրին թեր քուէարկեցին, իսկ շէյխ Նայիմ Քասեմ յանձնառու է Թաէֆի համաձայնութեան եւ զինադադարի համաձայնութեան պայմաններուն, եւ չեմ կարծեր, որ որոշած է այդ սկզբունքներէն դուրս գալ», ընդգծեց վարչապետը:
«Մենք իսրայէլեան հեռացումի եւ զինադադարի համաձայնութեան վերադառնալու շարք մը գաղափարներ բերինք, իսկ հանրապետութեան նախագահը անոր յանձնեց նկատողութիւններու ցանկ մը», աւելցուց Սալամ` նշելով. «Մենք Թաէֆի համաձայնութենէն ետք շատ ուշացած ենք այսպէս կոչուած պետութեան իշխանութեան իր սեփական ուժերով իր բոլոր հողերուն վրայ տարածելուն մէջ»:
Անդրադառնալով Պարրաքի առաջարկին լիբանանեան պետութեան տուած պատասխանին Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի քննադատութեան` վարչապետը յայտարարեց. «Ինչ կը վերաբերի ամերիկացի բանագնացին հետ բանակցութեան մեքանիզմին եռեակ կամ այլ բան չկայ, եւ թող ոչ ոք այս առումով մեզի հետ վիճի, եւ մենք ամբողջովին կը գիտակցինք, թէ որոշումը նախարարաց խորհուրդին մէջ կ՛որդեգրուի»:
Ամերիկացի պատուիրակը նաեւ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցով նախարար Եուսեֆ Ռաժժիի հետ: