Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բազմահազար Ցուցարարներ Աջակցութիւն Կը Յայտնեն. Սամուէլ Կարապետեան. «Նիկոլ Փաշինեանն Ու Իր Կառավարութիւնը Ընելիք Չունին Հայաստանի Մէջ»

July 5, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Երեւանի մէջ բազմահազար ցուցարարներ աջակցութիւն յայտնեցին ռուսահայ ձերբակալուած գործարար եւ բարերար Սամուէլ Կարապետեանին: Ցոյցի ընթացքին Կարապետեանի փաստաբաններէն Արամ Վարդեւանեան կարդաց Սամուէլ Կարապետեանի ուղերձը, որուն մէջ գործարարը մասնաւորապէս կը նշէ. «Նիկոլ Փաշինեանն ու իր կառավարութիւնը ընելիք չունին Հայաստանի մէջ եւ պէտք է կապ չունենան հայ ժողովուրդի ապագային հետ»:

«Կու գայ սկզբունքօրէն նոր ուժի շուրջ միաւորուելու, միասնական, մէկ բռունցք դառնալու ժամանակը», նշած է Կարապետեանը:

Մինչ այդ, Մաշտոցի պողոտայի Տիանա Աբգարի անուան այգիէն Կարապետեանի հազարաւոր աջակիցները սկսան երթ դէպի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան շէնք, ուր կը գտնուի «Երեւան-Կենտրոն» քրէակատարողական հիմնարկը:

Ելոյթներ ունեցան նաեւ հոգեւորականներ, անոնք պահանջեցին ազատ արձակել Սամուէլ Կարապետեանը, նաեւ անդրադարձան բարձրաստիճան հոգեւորականներուն դէմ իշխանութիւններու արդէն մէկ ամիս շարունակուող արշաւին` այս ամէնը որակելով հակասահմանադրական:

Սամուէլ Կարապետեանի եղբօրորդին` Նարեկ Կարապետեան միասնութեան կոչ ուղղեց:

Վերաքննիչ դատարանի դատաւոր Արմէն Դանիէլեան երէկ ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանի դատարանի` 18 յունիսին տուած որոշումը ձգեց անփոփոխ. «Տաշիր» ընկերութիւններու սեփականատէր Սամուէլ Կարապետեան պիտի մնայ կալանքի տակ:

Կարապետեան իրաւապահներու ուշադրութեան թիրախին մէջ յայտնուեցաւ, երբ քննադատեց վարչապետ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ դէմ սկսած արշաւը: Գործարարի յայտարարութենէն ժամեր անց զայն մեղադրեցին իշխանութիւնը բռնագրաւելու հրապարակային կոչերու համար:

Նախորդը

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Ռուսիոյ Դեսպանին Բողոքագիր Յանձնած Է Հայաստանի Ներքին Գործերուն Միջամտութեան Վերաբերեալ

Յաջորդը

Յայտարարութիւն

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.