Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ Հայաստանի մէջ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ առնչուած վերջին իրադարձութիւններուն վերաբերեալ, ներառեալ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ իրաւապահ մարմիններու գործողութիւնները եւ բարձրաստիճան հոգեւորականներու կալանաւորումը:

«Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի եւ ակնածանք կը վայելէ հայ ժողովուրդի հոգեւոր, մշակութային եւ պատմական կեանքին մէջ: Անիկա նաեւ համաշխարհային քրիստոնէական ընտանիքի էական ու անփոխարինելի անդամ է եւ մեծապէս կը նպաստէ միջեկեղեցական շարժումին ու եկեղեցւոյ համատեղ վկայութեան ամբողջ աշխարհի մէջ:

«Սուրբ վայրերու նկատմամբ ուժի կիրարկման եւ հոգեւորականներու կալանաւորման մասին հաղորդումները լուրջ մտահոգութիւններ կը յառաջացնեն կրօնական ազատութեան պաշտպանութեան, պաշտամունքի սրբութեան եւ կրօնական հաստատութիւններու ինքնավարութեան առնչութեամբ:

«Մենք նաեւ կը գիտակցինք այն ազդեցութեան, որ հանրային հռետորաբանութիւնը կրնայ ունենալ շրջանային լարուածութեան պահերուն: Խօսքը, որ կ՛ընկալէ իբրեւ թշնամական կամ նսեմացնող կրօնական համայնքներու նկատմամբ, կը վտանգէ խորացնել հասարակական պառակտումները այն ժամանակ, երբ առաւել քան երբեւէ անհրաժեշտ են միասնութիւնն ու փոխըմբռնումը:

«Այս ծիրին մէջ` Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը յարգանքով Հայաստանի կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ`

«Ապահովելու բոլոր կրօնական առաջնորդներու եւ հաստատութիւններու պաշտպանութիւնը, արժանապատուութիւնն ու օրինական իրաւունքները:

«Զերծ մնալու այնպիսի գործողութիւններէ կամ յայտարարութիւններէ, որոնք կրնան մեկնաբանուիլ իբրեւ կրօնական կառոյցներու դէմ ուղղուած թիրախաւորում կամ հանրային թշնամանքի հրահրում:

«Յարգելու կրօնական ազատութեան, օրինական ընթացակարգերու եւ հաւատքի խաղաղ արտայայտման սկզբունքները:

«Խրախուսելու պետական կառոյցներու եւ կրօնական համայնքներու միջեւ բաց եւ կառուցողական երկխօսութիւնը:

«Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը կը զօրակցի Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցիին, որուն պատմական վկայութիւնն ու մնայուն դերը երկար ժամանակ մեծապէս նպաստած են թէ՛ հայ ժողովուրդի, թէ՛ ալ համաշխարհային քրիստոնէական համայնքի հոգեւոր կեանքին եւ զօրացման: Մենք կը շարունակենք աղօթել Հայաստանի առաջնորդներու իմաստութեան եւ խորաթափանցութեան համար, հոգեւորականութեան եւ հաւատացեալ ժողովուրդի բարեկեցութեան, ինչպէս նաեւ գոյութիւն ունեցող խնդիրներու` արդարութեան, խաղաղութեան եւ բոլորին հանդէպ յարգանքի վրայ հիմնուած կարգաւորման համար:

«Այս կարեւոր պահուն մենք շահագրգիռ բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք գործելու պատասխանատուութեամբ, նրբանկատութեամբ եւ հաւատարմութեամբ այն արժէքներուն, որոնք կը նպաստեն արժանապատուութեան, երկխօսութեան եւ խաղաղ համակեցութեան»:

 

Նախորդը

Զուիցերիացի Երեսփոխաններ Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Մէջ Քննարկած Են Արցախէն Տեղահանուած Հայերու Իրաւունքները

Յաջորդը

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Զուիցերիացի Երեսփոխաններ Միացեալ Նահանգներու  Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Մէջ Քննարկած Են  Արցախէն Տեղահանուած Հայերու Իրաւունքները
Հայկական

Զուիցերիացի Երեսփոխաններ Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Մէջ Քննարկած Են Արցախէն Տեղահանուած Հայերու Իրաւունքները

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?