Գլխաւոր լուրեր

«Պատմութեան Մէջ Արմատացած Քրիստոնեայ – Իսլամ Գործակցութեան Անհրաժեշտ Է  Նոր Արեւելում Եւ Ուժականութիւն Տալ»  Կ՛ըսէ Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Պատմութեան Մէջ Արմատացած Քրիստոնեայ – Իսլամ Գործակցութեան Անհրաժեշտ Է Նոր Արեւելում Եւ Ուժականութիւն Տալ» Կ՛ըսէ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Երեքշաբթի, 3 մարտ 2015-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս պաշտօնական բացումը կատարելով Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Իսլամական մշակոյթի եւ յարաբերութեանց բաժանմունքին միացեալ ծրագրումով տեղի ունեցող համագումարին, շեշտեց քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութիւնը ամրապնդելու եւ գործակցութեան նոր ուժականութիւն տալու հրամայականը: Յիշեալ համագումարին ընդհանուր բնաբանն է «Քրիստոնեայ-իսլամ գործակցութիւն` ի խնդիր Միջին Արեւելքին մէջ արդար խաղաղութեան հաստատման»: Վեհափառ...

Ակնարկ.  Համեմատութիւններ`  Մշակութային Ցեղասպանութիւններու

Ակնարկ. Համեմատութիւններ` Մշակութային Ցեղասպանութիւններու

Աշխարհը անզօր դիրքերէ դիտեց Մուսուլի մէջ միջագետքի հազարամեայ քաղաքակրթութեան հետքերը բնաջնջելու կրօնական ծայրայեղականութեան բարբարոսութիւնը: Բնականաբար, ինչպէս գազանային վայրագութիւններու ամէնէն վառ օրինակներու ցուցադրականութիւնը, այս բարբարոսութիւնը եւս պատահականօրէն չկատարուեցաւ տեսախցիկներու առջեւ: Նպատակը այդ բոլորին հրապարակայնացումն էր, օրը ցերեկով անարգել ոչնչացնել ու քանդելն էր ի ցոյց աշխարհին` թէ՛ համոզելու եւ թէ՛ տարհամոզելու բոլորը, որ կրօնական ծայրայեղականութեան զբաղեցուցած տարածքներէն պէտք է ջնջել կրօնի, մշակոյթի,...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն  Ընդունեց Հըզպալլայի  Մէկ Բարձրաստիճան Պատուիրակութիւնը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց Հըզպալլայի Մէկ Բարձրաստիճան Պատուիրակութիւնը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեան եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Յակոբ Հաւաթեան եւ Րաֆֆի Աշգարեան երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեցին Հըզպալլայի բարձրաստիճան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի նախագահ սէյիտ Իպրահիմ Ամին Սէյիտ, վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Մոհամետ Ֆնէյշ, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ, երեսփոխան Ալի Մըքտատ, նախկին երեսփոխան Ամին Շըրրի եւ...

«Մօտիկ Ապագային Նախագահական  Ընտրութիւնը Նախատեսուած Չէ»  Յայտնեց Յ. Բագրատունի

«Մօտիկ Ապագային Նախագահական Ընտրութիւնը Նախատեսուած Չէ» Յայտնեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Սաութ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը քաղաքական որոշումի եւ հովանաւորութեան կարիք չունի իր պարտականութիւնները կատարելու համար: Ան հաստատեց, որ լիբանանեան բանակի հրամանատարը իրաւունք ունի Լիբանանը, անոր սահմաններն ու ապահովական կայունութիւնը պահպանելու նպատակով յարմարագոյն որոշումները տալու: Պատասխանելով ՀՅԴ-ի եւ լիբանանեան քաղաքական տարբեր ուժերուն միջեւ յարաբերութիւններուն մասին...

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու  Եւ Քուէյթի Հայ Գործարարները Պիտի Մասնակցին  Արցախի Մէջ Ներդրումային Ծրագիրներուն

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Եւ Քուէյթի Հայ Գործարարները Պիտի Մասնակցին Արցախի Մէջ Ներդրումային Ծրագիրներուն

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քուէյթի հայազգի տասնեակ գործարարներու ներկայացուած են «Արցախ Ռուց Ինվեսթմընթ» (ԱՌԻ) ընկերութեան ծրագիրները, որոնք միտուած են Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Քաշաթաղի եւ Շահումեանի շրջաններուն մէջ  գիւղատնտեսութեան եւ բնակարանաշինութեան զարգացման: Գործարարները ծրագիրներուն ծանօթացած են Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեանի գլխաւորած պատուիրակութեան` 27 փետրուարէն 1 մարտին կատարած աշխատանքային այցելութեան ընթացքին: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կառավարութեան մամլոյ  ծառայութենէն կը հաղորդեն, որ...

Սումկայիթի Եղեռնագործութեան  27-Ամեակին Առիթով Յիշատակի Հաւաք

Սումկայիթի Եղեռնագործութեան 27-Ամեակին Առիթով Յիշատակի Հաւաք

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին նախաձեռնութեամբ, կիրակի, 1 մարտ 2015-ին, Լիբանանի բոլոր հայկական եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն ու արարողութիւն` Սումկայիթի եղեռնագործութեան զոհերու յիշատակին: Նոյն օրը Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի նախագահութեամբ Սումկայիթի անմեղ զոհերուն յիշատակին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագին: Յընթացս Ս. պատարագին սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ,...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Նեպիհ Պըրրիի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Նեպիհ Պըրրիի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ընկերակցութեամբ փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեանի եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Րաֆֆի Աշգարեանի, այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի: Այն Թինէի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած են լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերը, որոնց մասին բաժնած են գրեթէ նոյն կեցուածքները, ինչպէս նաեւ շեշտած են կառավարութեան աշխատանքները համախոհութեամբ վերսկսելու անհրաժեշտութիւնը, պայմանաւ որ...

Ստեփանակերտի Մէջ Յարգանքի Հաւաք` Սումկայիթեան Ջարդերու Զոհերուն Յիշատակին

Ստեփանակերտի Մէջ Յարգանքի Հաւաք` Սումկայիթեան Ջարդերու Զոհերուն Յիշատակին

Սումկայիթի ջարդերու 27-րդ տարելիցին առիթով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 28 փետրուարին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք.  Մարտիրոսեանի եւ հանրապետութեան բարձրաստիճան ղեկավարութեան ընկերակցութեամբ այցելած է  Ստեփանակերտի յուշահամալիր եւ ծաղիկներ զետեղած անմեղ զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին: Այս մասին կը տեղեկացնէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան  նախագահի մամլոյ գրասենեակը: Սումկայիթեան ջարդերու զոհերուն յիշատակը յարգած են նաեւ այս օրերուն Արցախ գտնուող...

Դաշնակցութեան Պատուիրակութեան  Հանդիպումը Նախագահ Բակօ Սահակեանի Հետ

Դաշնակցութեան Պատուիրակութեան Հանդիպումը Նախագահ Բակօ Սահակեանի Հետ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 28 փետրուարին ընդունած է Հայաստանէն Արցախ հասած խումբ մը արցախեան ազատամարտի վեթերաններ, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւորներ եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ներկայացուցիչներուն: Անմիջական եւ աշխատանքային մթնոլորտի մը մէջ քննարկուած են պետականաշինութեան, արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան վերաբերող հարցեր: Երկրին ղեկավարը կարեւոր նկատած է նման այցելութիւնները` ընդգծելով, որ անոնք` իբրեւ հայրենասիրութեան եւ համախմբուածութեան իւրատեսակ դրսեւորում, դրականօրէն կ՛ազդեն ...

Նախագահ Սահակեան Արցախի Ոստիկանապետին  Հետ Քննարկած Է Բերձորի Դէպքը

Նախագահ Սահակեան Արցախի Ոստիկանապետին Հետ Քննարկած Է Բերձորի Դէպքը

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան ուրբաթ օր տեսակցած է Արցախի ոստիկանութեան ղեկավար կազմին հետ` ոստիկանապետ Կամօ Աղաճանեանի գլխաւորութեամբ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած է 31 յունուարին Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղիի Քաշաթաղի շրջանի հատուածին մէջ տեղի ունեցած դէպքին վերաբերեալ ծառայողական հետաքննութեան ընթացքը: Ըստ նախագահ Բակօ Սահակեանի աշխատակազմի լրատու ծառայութեան, նախագահը ընդգծած է, որ անհրաժեշտ է կարելի եղածին չափ  շուտ` հոլովոյթը հասցնել իր աւարտին եւ...

Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան  Ներկայացուցիչները`  Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Ներկայացուցիչները` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Երեքշաբթի, 3 մարտ 2015-ի առաւօտուն, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ բացումը տեղի պիտի ունենայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մշակոյթի եւ կրօններու յարաբերութեան բաժանմունքին միջեւ երկխօսութեան 6-րդ նիստին: Շուրջ 15 տարիներ առաջ սկսած եւ երկու տարին անգամ մը գումարուող յիշեալ երկխօսութիւնը, յաջորդաբար տեղի կ’ունենայ Անթիլիասի եւ Թեհրանի մէջ: Ներկայ նիստին ընդհանուր խորագիրն է քրիստոնեայ-իսլամ գործակցութեան...

Ակնարկ.  «Ցեղասպանական» Հեքիաթներու  Հիւսուածք

Ակնարկ. «Ցեղասպանական» Հեքիաթներու Հիւսուածք

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշման դիմաց առնուող հակաքայլերը Կալիփոլիի 100-ամեակի կազմակերպումով չեն սահմանափակուիր: Անակնկալի առջեւ պէտք չէ գտնուինք, իբրեւ հայկական կողմ,  եթէ ոչ միայն Խոջալուն իբրեւ «ցեղասպանութիւն» միջազգայնացման փորձ կատարէ թուրքեւազրպէյճանական դիւանագիտական միացեալ համակարգը, այլ  նոյնիսկ Սումկայիթը ներկայացնէ, իբրեւ նոյնինքն հայերու կողմէ կազմակերպուած ջարդ: Այս երկրորդ տեսութիւնը հակազդեցութիւն է Խոջալուի դէպքերուն բնորոշումը, պատասխանատուութիւնը Պաքուի իշխանութիւններուն վերագրող նոյնինքն ազրպէյճանական ինքնախոստովանանքներու իրականութեան: Ազրպէյճանական...

Նախկին Նախագահ Սլէյման Այցելեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին

Նախկին Նախագահ Սլէյման Այցելեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին

Նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման այցելեց «Շաղզոյեան» կեդրոն եւ հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեանի եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Յակոբ Հաւաթեանի, Րաֆֆի Աշքարեանի եւ Մելիք Գարագաւորեանի հետ: Նախկին նախագահը իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց նոր Կեդրոնական կոմիտէին ընտրութեան առիթով` շեշտելով, որ թէ՛ հայ համայնքը եւ թէ՛ ՀՅ Դաշնակցութիւնը հիմնական դերակատարներ են երկրի քաղաքական, տնտեսական եւ...

Աւելի Քան 1000 Դաշնակցականներու Արցախ Այցելութիւնը Սկսաւ.  Մարգարեան. «Արցախը Մեր Գերխնդիրն Է»

Աւելի Քան 1000 Դաշնակցականներու Արցախ Այցելութիւնը Սկսաւ. Մարգարեան. «Արցախը Մեր Գերխնդիրն Է»

Դաշնակցութեան աւելի քան 1000 անդամ երէկ մեկնած են Արցախ: «Արցախը գերխնդիր» կարգախօսին ներքեւ այս այցելութեան առաջին կանգառը եղած է Քաշաթաղ շրջանային կեդրոն` Բերձորի մէջ: «Երկիր մետիա» պատկերասփիւռի կայանին փոխանցումով հիւրերուն դիմաւորած են Դաշնակցութեան Արցախի կառոյցի ներկայացուցիչները եւ տեղւոյ բնակիչները: Հայաստանի բոլոր մարզերէն հասած հարիւրաւոր կուսակցականներուն, երիտասարդական, ուսանողական միութիւններու եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի անդամներուն առջեւ հանդէս գալով` ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան մասնաւորապէս...

Նախագահ Բակօ Սահակեան  Հանդիպում Ունեցած Է  ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ  Հրանդ Մարգարեանին Հետ

Նախագահ Բակօ Սահակեան Հանդիպում Ունեցած Է ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանին Հետ

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 27 փետրուարին ընդունած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը: Հանդիպումին ընթացքին, որուն կը մասնակցէր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան, քննարկուած են ղարաբաղեան-ազրպէյճանական տագնապի լուծման եւ ներհայկական քաղաքական զարգացումներուն վերաբերող շարք մը հարցեր:

Լիբանանահայ Երեք Օրաթերթերը  100-րդ Ապրիլ 24-ին  Կը Հրատարակեն Միացեալ Թիւ

Լիբանանահայ Երեք Օրաթերթերը 100-րդ Ապրիլ 24-ին Կը Հրատարակեն Միացեալ Թիւ

Լիբանանի մէջ հրատարակուող հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու պաշտօնաթերթերու խմբագիրները, յետ խորհրդակցութեան, որոշած են Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով հրատարակել ԱԶԴԱԿ-ԱՐԱՐԱՏ-ԶԱՐԹՕՆՔ միացեալ թիւ` ապրիլ 24-ի օրը: Միացեալ թիւի բովանդակութեան եւ աշխատակցութիւններուն մասին ընթերցողները կը տեղեկանան հետագային:

Ակնարկ.  Լիազօրուած Եւ Ֆինանսաւորուած  Ցեղային Զտումներ

Ակնարկ. Լիազօրուած Եւ Ֆինանսաւորուած Ցեղային Զտումներ

Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ասորի համայնքին նկատմամբ իրականացուած առեւանգումի, բռնութեան եւ բռնագաղթի գործողութիւնները կը թարմացնեն հիւսիսային Իրաքի մէջ յատկապէս եզիտիներուն եւ ընդհանրապէս ասորի համայնքի տարբեր դաւանական խումբերուն դէմ գործադրուած պատկերներու յիշողութիւնը: Ցեղային զտումի ամէնէն բարացուցական ժամանակակից օրինակներն են այս բոլորը, որոնք տեղի կ՛ունենան ահաբեկչութեան դէմ իբրեւ թէ աննահանջ պատերազմ յայտարարած միջազգային ընտանիքին երեւութապէս եւ յայտարարողական մակարդակի վրայ դատապարտանքի, ըստ էութեան քաղաքական...

Այցելութիւն Վարչապետ Սալամի

Այցելութիւն Վարչապետ Սալամի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեան եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Րաֆֆի Աշքարեան, այցելեցին վարչապետ Թամամ Սալամին, որուն հետ 40 վայրկեան տեւողութեամբ խորհրդակցութիւններ ունեցան քաղաքական թատերաբեմին վրայ գոյութիւն ունեցող հարցերուն շուրջ: Անդրադարձ կատարուեցաւ յատկապէս կառավարութեան նիստերու վերսկսման անհրաժեշտութեան եւ այդ ուղղութեամբ կողմերու պատասխանատուութեան` միշտ մնալու համար համախոհութեան...

«Թուրքիա Եւ Իսրայէլ  Մէկ Մետալին Երկու Երեսներն Են»   Շեշտեց Յակոբ Բագրատունի

«Թուրքիա Եւ Իսրայէլ Մէկ Մետալին Երկու Երեսներն Են» Շեշտեց Յակոբ Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Պինա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին մէջ շեշտեց, որ առաջնահերթութիւնը պէտք է ընծայուի նախագահական ընտրութեան` աւելցնելով, որ հանրապետութեան նախագահը պէտք է ըլլայ զօրաւոր անձնաւորութիւն մը, որ կը ներկայացնէ երկրին քրիստոնեայ համայնքը, ինչպէս նաեւ իր դերակատարութեամբ Արեւելքի քրիստոնեաներուն ուժ կը ներշնչէ: Ան հաստատեց, որ Լիբանանի ազգային սկզբունքները քաղաքական հանդիպումներով եւ դիւանագիտական յանձնախումբերուն հետ հանդիպումներով...

ԱՖՀԻԼ-ի Պաշտօնաթերթ «Զգուշ»-ի Անդրանիկ  Թիւի Հրատարակութեան Ներկայացում  Եւ Հայաստանի Մէջ Աֆհիլ-Ի Գործունէութեան Սկիզբ

ԱՖՀԻԼ-ի Պաշտօնաթերթ «Զգուշ»-ի Անդրանիկ Թիւի Հրատարակութեան Ներկայացում Եւ Հայաստանի Մէջ Աֆհիլ-Ի Գործունէութեան Սկիզբ

Հինգշաբթի, 26 փետրուար 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ԱՖՀԻԼ-ի պաշտօնաթերթ «Զգուշ»-ի անդրանիկ թիւի հրատարակութեան եւ ԱՖՀԻԼ-ի Հայաստանի մէջ գործունէութեան սկզբնաւորութեան առիթներով ներկայացում-ընդունելութիւն: Րաֆֆի Տեմիրճեա Յակոբ Լատոյեան Խօսք առաւ «Զգուշ» պարբերաթերթի պատասխանատու խմբագիր Րաֆֆի Տեմիրճեան, որ յայտնեց, թէ գաղութի մէջ նախազգուշական -առողջապահական պարբերաթերթ մը ունենալու պահանջը, որ ակներեւ էր, արդէն իրականութիւն դարձած է: Ան ըսաւ,...

Page 784 of 795 1 … 783 784 785 … 795

Արխիւներ