Խմբագրական. Մեր Յուշարարութիւնը Եւ Հաւաքական Յիշողութեան Վերականգնումը
6 մայիս 2015-ը տարբեր հնչեղութիւն ունի: Այս սիւնակներէն հերթական անգամ ընդգծուած էր անհրաժեշտութիւնը Մայիս 6-ի խորհուրդը վերականգնելու, պատմական իրադարձութիւնները իրենց էութեան մէջ յիշելու եւ այդ առիթով յարգելու օսմանեան ջարդարար քաղաքականութեան զոհ գացած լիբանանցի նահատակներուն յիշատակը: Կը թուի, որ այս տարուան Մայիս 6-ը հիմնական քայլ կ՛առնէ այդ ուղղութեամբ, յատկապէս լիբանանեան մակարդակի վրայ հաւաքական յիշողութեան կարեւոր վերադարձ կատարելու: Այդ յուշարարութեան պաշտօնը մինչ...



















