Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայոց Ցեղասպանութիւնը Մարդկութեան Դէմ Ոճիր Է Եւ Գործադրուած Է Օսմանեան Թուրքիոյ Կողմէ` Փանթուրանական Նպատակներով» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

April 28, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

pakradouni_Al-MayadeenՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ երեկոյեան «Մայատին» կայանի հարցազրոյցի հիւրն էր` մասնակցութեամբ այլ հիւրերու:

Երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Թռչնոց Բոյն»-էն ուղղակի սփռուած յայտագիրին ընթացքին երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ Թուրքիա տակաւին կը մերժէ ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ ընդունիլ իր սխալը, որովհետեւ անիկա յանցաւոր է, մինչդեռ Գերմանիա, որ Թուրքիոյ մեղսակիցը կը նկատուի, ընդունած է իր պատասխանատուութիւնը…: Ան շեշտեց, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ գործուած ոճիր է եւ անիկա գործադրուած է Օսմանեան կայսրութեան կողմէ:

Յայտագիրին ընթացքին կապ հաստատուեցաւ նաեւ թուրք երեսփոխան Ռասուլ Թոսունի հետ. ան Պոլիսէն հաստատեց Թուրքիոյ պաշտպանած թեզը, որ յստակ կերպով կը ներկայացնէ Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ Թուրքիոյ որդեգրած ուրացումի եւ ժխտողական  քաղաքականութիւնը:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ հայութեան համար Թոսունի ներկայացուցած կեցուածքները նորութիւն չեն` աւելցնելով, որ թուրք պատասխանատուներ նոյնանման արտայայտութիւններով հանդէս կու գան: «Լիբանանի մէջ թուրք դեսպանը իր կարգին նման արտայայտութիւններ ունեցած է, եւ մեզի համար համոզիչ չեն այդ կեցուածքները», ըսաւ Յ. Բագրատունի` ընդգծելով, որ բռնագաղթը իր կարգին ցեղասպանութիւն է: Ան շեշտեց, որ հայութիւնը Թուրքիոյ ցաւակցութիւնները չ՛ընդունիր, որովհետեւ ցաւակցութիւնը միայն բարեկամներէ կարելի է ընդունիլ եւ ոչ թէ ցեղասպանէն:

«Համոզուած ենք, որ Թուրքիա օր մը անպայման պիտի ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, հետեւաբար լաւ կ՛ըլլայ, որ անիկա մօտիկ ապագային ճանչնայ զայն», ըսաւ Բագրատունի:

Անդրադառնալով Ռուսիոյ կողքին կռուելու եւ Օսմանեան կայսրութիւնը դաւաճանելու իմաստով հայոց վերագրուած թրքական անհիմն ամբաստանութեան` Յ. Բագրատունի հարց տուաւ զրուցակից թուրք հիւրին, որ արդեօք ան կը կարծէ՞ր, թէ հայութիւնը սպանդի եւ ցեղասպանութեան կ՛ենթարկուէր, եթէ իսկապէս 50 հազար հայ զինեալներ ըլլային:

Այս շրջագիծին մէջ երեսփոխան Բագրատունի անհրաժեշտ նկատեց նաեւ, որ Հայոց ցեղասպանութեան պարագային հարցը բնաւ կրօնական պէտք չէ նկատել:

«Հայ ժողովուրդը բնաջնջել փորձած վարչակարգը կարող է ամէն տեսակի փաստաթուղթեր հրկիզել: Գահիրէի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող փաստաթուղթերուն մեծ մասը հրկիզուեցաւ, Տէր Զօրի եկեղեցին, որ մեր սուրբ նահատակներուն աճիւնները կը պարունակէր պայթեցուցին, իսկ Ա. Աշխարհամարտէն առաջ Թուրքիոյ մէջ հայոց թիւը շուրջ երկուքուկէս միլիոն էր, իսկ հիմա անոնք 70 հազար են:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ Լիբանան միակ արաբական երկիրն է, որուն խորհրդարանը ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը` ընդգծելով, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ ոճիր է եւ գործադրուած է Թուրքիոյ կողմէ` Փանթուրանական նպատակներով:

Նշենք, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով լիբանանեան պատկերասփիւռի կայաններէն «էմ. Թի. Վի.»-ն, «Օ. Թի. Վի.»-ն, «Ժատիտ»-ը եւ «Էլ. Պի. Սի.»-ն իրենց կարգին անդրադարձան Հայոց ցեղասպանութեան թեմային:

Նախորդը

«Կը Մերժենք Հայոց Ցեղասպանութեան Պատասխանատուութիւնը Թուրքիոյ Վերագրել» Յայտնեց Ինան Էօզեըլտըզ

Յաջորդը

Միջազգային Լրատուամիջոցներ` Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.