Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիրօ Մանոյեան. «Գերմանացիները Թեր Են Ճշմարտութիւնը Ի Յայտ Գալուն»

April 30, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-29-15_kiro-manoyanԳերմանիա այն պետութիւնը չէ, որ այսքան ուղի անցնելէ ետք ենթարկուի թրքական ճնշումներուն եւ սպառնալիքներուն:

Երէկ լրագրողներու հետ կայացած հանդիպումի մը ընթացքին այս յայտարարութիւնը կատարեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան` անդրադառնալով Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի քուէարկութեան:

«Գերմանիոյ նախագահը արդէն բաւական բան ըսաւ: Իր յայտարարութեան մէջ ան գործածեց «ցեղասպանութիւն» բառը: Կարծեմ, Գերմանիա կը փորձէ այնպէս ընել, որ հոլովոյթը անվիճելի ըլլայ: Յայտնի չէ, եթէ յանձնախումբի մը, թէ բոլոր յանձնախումբերուն եզրակացութիւնը կ՛ըլլայ, սակայն հոլովոյթը կը շարունակուի», ըսաւ ան:

Կիրօ Մանոյեան աւելցուց, որ ներկայիս Գերմանիոյ մէջ այնպիսի մթնոլորտ ստեղծուած է, որ բանաձեւին թեր քուէարկելու կարելիութիւններ կան: «Այնպէս չէ, որ ասիկա հայու եւ թուրքի վէճի խնդիր է, ասիկա ճշմարտութեան եւ խեղաթիւրման խնդիր է, եւ  գերմանացիները թեր են ճշմարտութեան ի յայտ գալուն»:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան մտավախութիւն ունի, որ Թուրքիա ստեղծուած իրավիճակին մէջ փորձ կատարէ վաւերացնելու հայ-թրքական արձանագրութիւններէն մէկը, որոնց մէջ ոչ մէկ  ժամկէտ նշուած է: «Եթէ նման քայլ կատարէ, ծանր կացութեան մէջ պիտի յայտնուինք», ըսած է ան եւ աւելցուցած, որ` հաշուի առնելով Թուրքիոյ եւ  Ազրպէյճանի յարաբերութիւնները, Թուրքիա երկու արձանագրութիւնները չի վաւերացներ:

Մանոյեան յիշեցուց, որ թէեւ Հայաստան խորհրդարանէն յետս կոչուած է արձանագրութիւնները, սակայն անոնք տակաւին իրենց իրաւական ուժը չեն կորսնցուցած:

Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներու ծիրին մէջ Պիելոռուսիոյ  կեցուածքին, ան յայտնեց. «Պիելոռուսիա այն երկիրը չէ, որուն կեցուածքը այս խնդիրներուն համար էական է: Ես կը կարծեմ, թէ Պիելոռուսիոյ նախագահին կեցուածքը չի համապատասխաներ այդ երկրի ժողովուրդին կարծիքին»:

 

 

Նախորդը

Արծուիկ Մինասեան. «Անհրաժեշտ Է Ներդրումային Միջավայրի Փոփոխութիւն»

Յաջորդը

«Նիւ Եորք Թայմզ» Կ՛անդրադառնայ Կաթողիկոսարանի Յարուցած Դատին . Ուաշինկթընի Մէջ Կատարուած Մամլոյ Ասուլիսի Ճամբով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Վերաշեշտէ Սիս Կաթողիկոսարանի Վերադարձի Պահանջքը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.