Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սերժ Սարգսեան. «Թուրքիայէն Կը Պահանջենք Ճանաչում»

Ապրիլ 29, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-28-15_Pr-Sargsian-f«Թուրքիայէն կը պահանջենք [Հայոց ցեղասպանութեան] ճանաչում: Իսկ թէ յետոյ ինչ կը հետեւի, այդ բոլորը բանակցութիւններու առարկայ է»,  ռուս լրագրող Վլատիմիր Պոզներին տուած հարցազրոյցին մէջ ըսած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Պոզների դիտարկման, թէ արդեօք Անգարա կը հրաժարի ճանչնալ Ցեղասպանութեան փաստը, որովհետեւ  մտավախութիւն ունի, որ ատկէ ետք Հայաստան կրնայ նիւթական փոխհատուցման, հողերու վերադարձի պահանջ ներկայացնել, Սերժ Սարգսեան արձագանգած է ըսելով. «Կը կարծեմ պահանջներու մասին աւելի շատ կը խօսին թրքական հասարակութեան մէջ, քան հայաստանեան: Թերեւս Թուրքիոյ իշխանութիւնները նման մտավախութիւն ունին, բայց ես կը կարծեմ, որ ատիկա հարցին երկրորդ կողմն է: Առաջին կողմը ճանաչումն է: Դուք խօսեցաք Գերմանիոյ նախագահի յայտարարութեան մասին` այն ժամանակուան Գերմանիոյ մեղսակցութեան վերաբերեալ: Իմ կարծիքովս` ատիկա համոզուած, ուժեղ մարդու ելոյթ էր: Ատիկա ելոյթն էր այնպիսի մարդու մը, որ մտահոգ է ժողովուրդներու միջեւ հետագայ յարաբերութիւններով: Ճանաչումները տարբեր կ՛ըլլան: Մենք կարիք ունինք այդպիսի ճանաչման: Իսկ հատուցումներու, այլ պահանջներու մասին… Մենք կը հանդիսանանք միջազգային հանրութեան մէկ մասը եւ մենք տարբեր կազմակերպութիւններու պատասխանատու մասնակից ենք` ՄԱԿ-էն մինչեւ Եւրոպայի խորհուրդ, ԱՊՀ, եւ պատահական չէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ոչ մէկ պաշտօնատար անձ այս 20-25 տարիներու ընթացքին ոչ մէկ անգամ խօսած է որեւէ պահանջի մասին: Ասիկա կը խօսի բանի մը մասին»:

Իսկ պատասխանելով այն հարցումին, թէ` «Հարիւրամեակի կարգախօսն է` «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ»: Ի՞նչ կը պահանջէք», Սերժ Սարգսեան պատասխանած է. «Կը պահանջենք ճանաչում: Իսկ թէ յետոյ  ինչ կը պատահի, այդ բոլորը բանակցութիւններու առարկայ է»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը ցարդ  չեն ճանչցած Հայոց ցեղասպանութեան փաստը, Հայաստանի նախագահը արձագանգած է, թէ պատճառը այն է, որ  Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի համար շահերը աւելի կարեւոր են, քան համամարդկային արժէքները: Տուեալ պարագային անոնք կ՛ըսեն, որ կը մեկնին իրենց ազգային շահերէն:

«Օսմանեան կայսրութեան պաշտօնատարներուն  կողմէ ցեղասպանութեան իրականացման համար մենք մեղաւոր չենք նկատեր Թուրքիոյ ներկայիս իշխանութիւնները, բայց երբ անոնք կը ժխտեն [Հայոց ցեղասպանութեան փաստը], անոնք արդէն կը դառնան մեղսակիցներ»,  ըսած է Հայաստանի նախագահը:

Անդրադառնալով Հայաստան – Թուրքիա արձանագրութիւններուն` նախագահ Սարգսեան նշած է, որ փաստաթուղթերը ետ կանչած է խորհրդարանէն, որպէսզի անգամ մը եւս նախազգուշացնէ Թուրքիոյ իշխանութիւնները, որ  Հայաստան մտադիր չէ յաւերժ սպասելու  թրքական խորհրդարանի կողմէ  արձանագրութիւններու վաւերացման. «Ատիկա իրաւական քայլ չէր, այլ քաղաքական, որովհետեւ, ըստ մեր օրէնսդրութեան, իրաւական քայլ կ՛ըլլար ստորագրութիւնները ետ կանչելը: Այդ պարագային  կը նշանակէր, որ այդ փաստաթուղթերը այլեւս գոյութիւն չունին: Սակայն այդ փաստաթուղթերը այսօր գոյութիւն ունին, եւ եթէ թրքական խորհրդարանը վաւերացնէ զանոնք, կը կարծեմ, մեր խորհրդարանը նոյնպէս կրնայ ատիկա ընել: Հակառակ անոր որ  յոյս չունիմ, որ թուրքերը յառաջիկային ատիկա կ՛ընեն»:

 

 

 

Նախորդը

Կիրօ Մանոյեան. «Եթէ Գերմանացիները Զղջացած Ըլլային, Հոլովոյթը Պարզապէս Կը Կասեցնէին»

Յաջորդը

Խմբագրական. Պերլինէն Հասած Հարուածը

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը
Հայկական

Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»
Հայկական

Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?