Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչը Կ՛այցելէ Թրիփոլիի Միւֆթիին

April 28, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-23-15_hagop_Pakradouni_shaarՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրեակին այցելեց Թրիփոլիի եւ Լեռնալիբանանի միւֆթի Մալեք Շաարի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Թրիփոլի խաղաղութեան քաղաքն է, «այն քաղաքը, որ հայութեան եւ լիբանանեան շրջանակը կազմող այլ շերտերու քաղաքն է: Թրիփոլին 20-րդ դարու առաջին քաղաքներէն է, որ դիմաւորած է հայերը, իսկ հիւսիսային Լիբանանը այն շրջանն է, ուր հայերը ապրած են 15-րդ, 16-րդ եւ 17-րդ դարերուն», ըսաւ ան:

Երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ ինք Թրիփոլի այցելած է ոչ թէ այն պատճառով, որ տօնակատարութիւն մը չեղեալ նկատուած է կամ չէ նկատուած` աւելցնելով, որ այդ տօնակատարութիւնը իր կատարած այցելութեան հետ կապ չունի, եւ անոր կազմակերպող մարմինները Թրիփոլիի հեղինակութիւններն են, որոնք հայկական միութիւններէն խնդրած են մասնակցիլ իրենց ձեռնարկին: «Սակայն երբ մենք նկատեցինք, որ այդ տօնակատարութեան հայկական միութեան մասնակցութիւնը սխալ կերպով պիտի մեկնաբանուի, յստակ որոշումներ տուինք` այդ ձեռնարկին չմասնակցելու, որովհետեւ այդ տօնակատարութիւնը հայութեան եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին հետ ոչ մէկ կապ ունի», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի շեշտեց նաեւ, որ միւս կողմէ, ոմանք` անհատներ եւ խմբաւորումներ, ինչ-ինչ պատճառներով Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայ-թրքական հարցին կրօնական բնոյթ կու տան, ընդգծելով, որ ինք իբրեւ հայ-արաբ, լիբանանցի եւ քրիստոնեայ Տար Ֆաթուան իր բնակարանը կը համարէ եւ կ՛արժեւորէ միւֆթիին դերակատարութիւնը: «Պէտք է բոլորը լաւ իմանան, որ հայոց դէմ ցեղասպանութիւնը գործադրուեցաւ Թուրքիոյ կողմէ, Իթթիհատ վէ Թերաքքըյի պետութեան կողմէ. անիկա մարդկութեան դէմ գործուած ոճիր մըն է, որ կրօնքի հետ ոչ մէկ կապ ունի: Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրող քրիստոնեաները եւ իսլամները ենթարկուեցան ցեղասպանութեան, իսկ 6 մայիսին Լիբանանի մէջ կախաղան բարձրացող մտաւորականները թէ՛ քրիստոնեայ էին, եւ թէ իսլամ: Հետեւաբար, կրօնքը այս հարցին հետ ոչ մէկ առնչութիւն ունի», շեշտեց ան:

Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ Հայոց ցեղասպանութեան առիթով հայութիւնը միայն արդարութիւն կը պահանջէ` աւելցնելով, որ մարդկութիւնը օրական դրութեամբ ցեղասպանութիւններու կ՛ենթարկուի, «իսկ եթէ ցեղասպան թուրքը անպատիժ չմնար, աշխարհը կրնար Հիթլերի, Շարոնի, Նեթանիահուի գործադրած եւ այլ սպանդներ չվկայել», հաստատեց ան:

Յ. Բագրատունի շնորհակալութիւն յայտնեց միւֆթի Շաարի եւ ընդգծեց, որ հայութեան եւ Թրիփոլիի միջեւ, ինչպէս նաեւ հայութեան եւ իսլամականութեան միջեւ ոչ մէկ հարց կայ: Ան յայտնեց. «Կրնա՞յ գոյութիւն ունենալ Մեքքայի կառավարիչ Շերիֆ Հիւսէյնէն աւելի վեհ անձնաւորութիւն մը, որ Ա. Աշխարհամարտին ընթացքին հրապարակած է կրօնական հրամանագիր մը, որուն մէջ կարեւոր նկատած է հայերուն պաշտպանութիւնը` նշելով, որ հայերը սպանութեան ենթարկուած են եւ պէտք է զանոնք պաշտպանել այնպէս, ինչպէս կը պահպանուի ընտանիք մը»:

Իր կարգին, միւֆթի Շաար շեշտեց, որ ինք ուրախ է Յ. Բագրատունիի հետ հանդիպումով, որովհետեւ Յ. Բագրատունի ազգային հիմնական խորհրդանիշներէն մէկն է: «Թէեւ մենք օրական դրութեամբ չենք հանդիպիր, սակայն մեր միջեւ կապը ամուր է», ըսաւ ան` շեշտելով, որ Թրիփոլիի եւ հայոց միջեւ ոչ մէկ հարց գոյութիւն ունի:

Միւֆթի Շաար յայտնեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչին հետ քննարկած է մարդկութիւնը յուզող հարցեր:

«Հայութիւնը Լիբանանը եւ Թրիփոլին բաղկացնող գլխաւոր բաղադրիչ է, եւ ես մնայուն կապի մէջ եմ անոնց հետ` ըլլայ կրօնական, ազգային թէ այլ առիթներով: Համոզուած եմ, որ իմ հայ եղբայրներս իրաւունք ունին իրենց ազգային կարծիքը արտայայտելու, եւ մեր պարտականութիւնն է հասկնալ զիրենք: Հայութիւնը Լիբանանի մէկ շերտն է ու անոնց ներկայութիւնը ե՛ւ Լիբանանի, ե՛ւ Թրիփոլիի մէջ ողջունելի է», շեշտեց միւֆթի Շաար:

Ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, որ Լիբանան բոլորը կրնայ ընդգրկել, իսկ ազգային միասնականութիւնը քաղաքական բոլոր տարակարծութիւններէն վեր է:

Նախորդը

Լիբանանեան Մամուլի Անդրադարձը` Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին

Յաջորդը

Սերժ Սարգսեան Կը Տեսակցի Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Մասնակցած Պելճիքայի Արտաքին Գործոց Նախարարին Հետ

RelatedPosts

Խմբագրական.  Այնճարը` Սփիւռքի Փոփոխուող Քարտէսին Վրայ (Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Այնճարը` Սփիւռքի Փոփոխուող Քարտէսին Վրայ (Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակին Առիթով)

September 19, 2026
Քաց. «Լիբանանի Մէջ Իսրայէլի Գործողութիւնը Յաւելեալ Քանի Մը Շաբաթ Պիտի Տեւէ»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Եթէ Էրտողան Կ՛ուզէ Կազայի Մէջ Իր Գաղափարակիցներուն Օգնել, Թող Զանոնք Անթալիա Տեղափոխուելու Օգնէ»

September 19, 2026
Ռուսիոյ Մէջ Եռօրեայ Խորհրդարանական  Ընտրութիւնները Ընթացք Առին
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիոյ Մէջ Եռօրեայ Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Ընթացք Առին

September 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.